«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 10.
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին (Եաննի Ապել) հետ, որուն ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանին միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծիբանաստեղծին ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններլոյսգրութիւններ լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուրհանդակ», [[Ազդակ (օրաթերթ)|«Ազդակ»]], «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Ազատամարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազմավէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
Կրած է Ռուբէն Սեւակ գրական ծածկանունը։
Տող 24.
 
== Ռուբէն Սեւակ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ==
Ռուբէն Սեւակ իր ժամանակակիցներէն շատ աւելի շուտ կը կանխազգայ արեւմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Ան ինքզինք կը դրսեւորէ որպէսիբրեւ հասուն ազգային ու քաղաքական գործիչ եւ իր ստեղծագործութիւններով զգօնութեան կոչ կ'ընէ, ընդգծելով համազգային միասնութեան կարեւորութիւնը։
 
1909-ի գարնան, երբ [[Ատանա]] քաղաքին մէջ երիտթրքական իշխանութիւններու կազմակերպած արիւնահեղութեան զոհ կը դառնայ երեսուն հազար հայ, Ռուբէն Սեւակ կը դառնայ ազգային գործիչներէն մէկը, որ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան]] Յեղափոխութենէն «գինովցածները» կը զգուշացնէր՝ [[Արշակ Չօպանեան]]ի, [[Անդրանիկ Օզանեան]]ի, [[Փարամազ|Փարամազի]]ի եւ միւսներումիւսներուն նման, կահագնացողահազանգող վտանգին մասին։ Այդ զգուշացումը ո՛չ միայն կ'արտայայտէր իր բանաստեղծութիւններուն, ինչպէս օրինակ «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Գիւղական գերեզմանին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը», «Վերջին օրօր», «Վերջին հայերը», այլեւ նամակներուն ու հրապարակագրական ելոյթներուն մէջ։
 
Օրինակ՝ 8 Օգոստոս, 8, 1908-իին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, ՌուբԷն ՍեւակիՍեւակ յայտնած է. «Ամբողջ [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] մէջ, աշխարհի ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռտկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ ինչպէ՞ս կ'ուզէք որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամէնէն անկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ՛ըլլարչ'ըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։
 
Այնուհետեւ Ռուբէն Սեւակ կը զգուշացնէր՝ «Ներսի գաւառներու մէջ կոտորածի վախ կայ, կը լսէ՞ք ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՎԱԽԸ», ու կը պահանջէր «մարդկօրէն կատղիլ», այսինքնայսինքն՝ զինուած ազատագրական պայքար մղել։
 
== Մահը ==
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Ռուբէն Սեւակ զօրակոչուածկը էզօրակոչուի օսմանեան բանակ եւ որպէսիբրեւ զինուորական բժիշկ, ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։ 24 Ապրիլ, 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը, ուր տեղւոյն բանտին մէջ գրուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ անունը արձանագրուած է։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ, նոյնիսկ իրենց բախտակիցներուբախտակիցներուն յորդորներէն ետք։ Չանղըրըի չէրքէզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է. «Ես չեմ կրնար Պոլիսէն եկած հրաման մը չգործադրել»։ Սեւակը ազատելու համար, [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, ԼօզանիԼոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր աները՝սաները՝ գերմանական բանակիբանակին պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը, բոլորն ալ՝ ապարդիւն։ 25 Օգոստոս, 1915-ին, Ռ. Սեւակ հեռագրած է կնոջ, թէ [[Դանիէլ Վարուժան|Դանիէլ Վարուժանին]]ի հետ կը գտնուի Չանղըրըի մէջ եւ թէ շուտով Այաշ պիտի ղրկուի։ 26 Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Գալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թիւնէ (Թիւնայ, Թիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չէթէներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
 
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Սիլիվրի Պոլսոյ մերձակայ, ծովափնեայ գիւղ մը եղած է մինչեւ 1915: 160 տան մէջ բնակող 1000 հայ կըբնակիչ հաշուէր իր բնակիչներու շարքին։ունէր։ Ասքանազեան վարժարանի կողքին, կար նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ Չիլինկիրեանները գիւղաքաղաքիգիւղաքաղաքին հարուստ ընտանիքներէն էին։ Իրենց ունեցած աւելի քան տասը կալուածաթուղթերը տակաւին կարելի է տեսնել Յովհաննէս-Իրմա Չիլինկիրեանի յիշատակի տան մէջ, [[Նիս]]։ Ռուբէն Սեւակ նամակի մը մէջ կը խոստովանէր, թէ եթէ բժիշկ չըլլար, ապա պիտի ուզէր զբաղիլ հողագործութեամբ։ Եւ իր երազն էր օր մը վերադառնալ Սիլիվրի ու զբաղիլ հողագործութեամբ։ «Ամենավերջին փափաքս է օր մը կարենալ գիւղ քաշուիլ ու կեանքիս վերջին տարիները դաշտերուս ու հողերուս վրայ անցընել լռութեան ու բնութեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նամակի մը մէջ։
 
Սեւակի նահատակութենէն ետք, տունը կանգուն կը մնայ։ Հայրն ու մայրը այնտեղհոն կը գտնուէին։ Հայրը կը մահանայ 1920-ականներուն, Սիլիվրիի մէջ, երբ գիւղաքաղաքը կը գտնուէր յունական բանակի գրաւման տակ։ Յոյները Սեւակենց տան վերնայարկը վերածած էին բանակային կեդրոնատեղիի։ ՍեւակիՍեւակին հօր՝ ՅովհաննէսիՅովհաննէսին յուղարկաւորութիւնը կատարուած է զինուորական պատիւներով, քանի որ ան հայրն էր օսմանեան բանակի հարիւրապետ Ռուբէն Սեւակի։Սեւակին։ Բանաստեղծին մայրը՝ Արմաւենի Չիլինկիրեան, յունական բանակին հետ լքած է հայրենի գիւղաքաղաքը։ Մահացած է 1934-ին, Սելանիկի մէջ, ու թաղուած՝ տեղւոյն հայկական գերեզմանատան մէջ<ref>[https://narekian.wordpress.com/ Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով:]</ref>։
 
== Երկեր ==