«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 4.
[[Պատկեր:Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան).jpg|մինի|աջից]]
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]], [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մօտ։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ [[Պարտիզակ|Պարտիզակի]] Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է [[Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը]]։ 1905-ին մեկնած է [[Զուիցերիա]], ուր համալսարանական ուսումը ստացած է [[Լոզան|Լոզանի]] համալսարանին մէջ, վկայուելով իբրեւ բժիշկ։
 
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին (Եաննի Ապել) հետ, որուն ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանին միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծին ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններ լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուրհանդակ», [[Ազդակ (օրաթերթ)|«Ազդակ»]], «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Ազատամարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազմավէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծին ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններ լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուրհանդակ», [[Ազդակ (օրաթերթ)|«Ազդակ»]], «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Ազատամարտ», [[Մխիթարեան Միաբանութիւն|Վենետիկի Մխիթարեաններու]] «Գեղունի», «Բազմավէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
Կրած է Ռուբէն Սեւակ գրական ծածկանունը։
Տող 26 ⟶ 28՝
1909-ի գարնան, երբ [[Ատանա]] քաղաքին մէջ երիտթրքական իշխանութիւններու կազմակերպած արիւնահեղութեան զոհ կը դառնայ երեսուն հազար հայ, Ռուբէն Սեւակ կը դառնայ ազգային գործիչներէն մէկը, որ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան]] Յեղափոխութենէն «գինովցածները» կը զգուշացնէր՝ [[Արշակ Չօպանեան]]ի, [[Անդրանիկ Օզանեան]]ի, [[Փարամազ|Փարամազի]] եւ միւսներուն նման, ահազանգող վտանգին մասին։ Այդ զգուշացումը ո՛չ միայն կ'արտայայտէր իր բանաստեղծութիւններուն, ինչպէս օրինակ «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Գիւղական գերեզմանին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը», «Վերջին օրօր», «Վերջին հայերը», այլեւ նամակներուն ու հրապարակագրական ելոյթներուն մէջ։
 
Օրինակ՝ 8 Օգոստոս 1908-ին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, ՌուբԷն Սեւակ յայտնած է. «<blockquote>Ամբողջ [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] մէջ, աշխարհի ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռտկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ ինչպէ՞ս կ'ուզէք որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամէնէն անկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ'ըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնըդերասանութիւնը։</blockquote>Այնուհետեւ Ռուբէն Սեւակ կը զգուշացնէր՝ «Ներսի գաւառներու մէջ կոտորածի վախ կայ, կը լսէ՞ք ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՎԱԽԸ»։, ու կը պահանջէր «մարդկօրէն կատղիլ», այսինքն՝ զինուած ազատագրական պայքար մղել։
 
Այնուհետեւ Ռուբէն Սեւակ կը զգուշացնէր՝ «Ներսի գաւառներու մէջ կոտորածի վախ կայ, կը լսէ՞ք ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՎԱԽԸ», ու կը պահանջէր «մարդկօրէն կատղիլ», այսինքն՝ զինուած ազատագրական պայքար մղել։
 
== Մահը ==
[[Պատկեր:ArmenianStamps-513.jpg|ձախից|մինի]]
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Ա. համաշխարհային պատերազմը]], Ռուբէն Սեւակ կը զօրակոչուի [[Օսմանեան Կայսրութիւն|օսմանեան]] բանակ եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ, ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։ 24 Ապրիլ 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը, ուր տեղւոյն բանտին մէջ գրուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ անունը արձանագրուած է։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ, նոյնիսկ իրենցիր բախտակիցներուն յորդորներէն ետք։ Չանղըրըի չէրքէզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է. «Ես չեմ կրնար Պոլիսէն եկած հրաման մը չգործադրել»։ Սեւակը ազատելու համար, [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր սաները՝ գերմանական բանակին պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը, բոլորն ալ՝ ապարդիւն։ 25 Օգոստոս 1915-ին, Ռ. Սեւակ հեռագրած է կնոջ, թէ [[Դանիէլ Վարուժան|Դանիէլ Վարուժանին]] հետ կը գտնուի Չանղըրըի մէջ եւ թէ շուտով [[Այաշ]] պիտի ղրկուի։ 26 Օգոստոս 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Գալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թիւնէ (Թիւնայ, Թիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չէթէներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով։ Ըստ [[Գոնիա|Գոնիայի]] պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
 
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Տող 55.
* Հատընտիր, Երեւան, 2006:
* Ստեղծագործութիւնների ժողովածու, Երեւան, 2012, 124 էջ:
 
== Տե՛ս նաեւ ==
* [[Ռուբէն Սեւակ թանգարան|Ռուբէն Սեւակի թանգարան]]
 
== Ծանօթագրութիւններ ==