«Տիրան Աճէմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Տիրան Աճէմեան''' ({{ԱԾ}}), դերասան, ծաղրանկարիչերգիծանկարիչ:
 
Առաջին օրերէն իսկ իր ուշագրաւ գծագրութիւնները քաջալերուած են իր գերմանացի ուսուցիչէն, այնպէս որ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] հետեւանքով Հալէպ հասած երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, բանաստեղծ [[Գէորգ Կառվարենց]] եւ բեմադրիչ [[Աշոտ Մատաթեան]] կը դառնան պատանիին երգիծանկարներուն անուանի դէմքերը։ [[Գերմանիա]] իր ուսումը շարունակելու ծրագիրը կը խանգարուի երբ [[Պոլիս]] կը հասնի, իր հօրը յանկարծակի մահուամբ։ [[Հալէպ]] վերադառնալէ առաջ արդէն պատանի գծագրիչին տաղանդը կը նուիրագործուի երբ Երուանդ Թոլոյեան իր համբաւաւոր «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ մնայուն տեղ կու տայ անոր գործերուն։ Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը։
Ուսումը կը ստանայ Հալէպի գերմանական վարժարանը, կանուխէն ի յայտ կու գան իր արուեստագէտի խառնուածքը եւ հակումը դէպի գծագրութիւն, ինչ որ հետզհետէ կը փոխուի [[ծաղրանկարչութիւն|ծաղրանկարչութեան]]: Այս մէկը պատճառ կը հանդիսանայ մօտենալու բեմին, որուն սրտեռանդ կը նուիրուի :
 
Պոլսոյ մէջ շուտով երեւան կու գայ Տիրանին ուրիշ մէկ շնորհքը – թատերական արուեստը։ Այս առումով ան կը դրսեւորուի իբրեւ ամբողջական արուեստագէտ, որուն ներսիդին գծագրութեան հանդէպ ջերմ սիրոյն համազօր է փարումը թատրոնին։ Պոլսոյ մէջ Մատաթեան զինք 16 տարեկանին բեմ կը հանէ։ Հալէպի մէջ իր թատերական կեանքին մաս կը կազմէ [[Լեւոն Շանթ|Լեւոն Շանթի]] [[Հին Աստուածներ|«Հին Աստուածներ»]]-ուն բեմադրութիւնը։ Վերջին անգամ [[Պէյրութ|Պէյրութի]] մէջ, արդէն 55 տարեկան, կը բեմադրէ [[Ալեքսանտր Տիւմա (հայր)|Ալեքսանտր Տիւմայի]] (Հայր) «Քին» գործը։ Իր մէկ ինքնաերգիծանկարը զինք կը պատկերէ փութկոտ՝ իր աշխատանքի ճամբուն վրայ, բայց նաեւ կլանուած՝ Եակոյի դերը սորվելով։ Խորքի պատին՝ Օթէլլոյի ներկայացման որմազդը։ Իր թատերական կեանքին մէկ բնական դրսեւորումն է իր «Քաջ Նազար»ի հրատարակութեան առթիւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, իբրեւ շնորհակալական խօսք Թումանեանի «Անոյշ»էն հատուածի մը արտասանութիւնը։
1919-ին կ'անցնի [[Պոլիս]] ու ծաղրանկարներ կը հրատարակէ «Կավռոշ»ի մէջ։ Պոլսոյ Հայ Տրամադիկը, նաեւ Կովկասէն եկած դերասան Օվի Սեւումեան խորապէս կը տպաւորեն զինք բեմին կապուելու համար: Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը։
 
1921-էն սկսեալ կըԿը բեմադրէ զանազան թատերախաղեր, որոնցմէ՝«Կործանուածը», «Աւերակներու վրայ», «Պատուի համար», «Արցունքի հովիտը», «Հին աստուածներ», եւ այլն:
 
Աճէմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն. 1922-ին՝ Շահան Սարեանին եւ Օննիկ Վոլգէրի, 1924-ին՝ «Եգիպտահայ Գոմէտիի խումբ»ին: 1923-ին կը կազմէ «Հալէպի Ամադէօրներու Տրամադիկ թատերախումբ»ը եւ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բարսեղ Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին նուիրուիլ ծաղրանկարչութեան<ref>Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյց, 1928, էջ 589</ref><ref>Սուր․ Տար․, 1925, էջ 181</ref>:
Տող 13.
 
«Հայ Գիր» մանկապատանեկան հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է [[Յովհաննէս Թումանեան]]ի «Քաջ Նազար»ը՝ Տիրան Աճէմեանի երգիծանկարներով<ref>{{Cite web|url=http://asbarez.com/arm/209340/%25D5%25B0%25D5%25A1%25D5%25B5-%25D5%25A3%25D5%25AB%25D6%2580-%25D5%25B4%25D5%25A1%25D5%25BF%25D5%25A5%25D5%25B6%25D5%25A1%25D5%25B7%25D5%25A1%25D6%2580%25D5%25A8-%25D5%25AC%25D5%25B8%25D5%25B5%25D5%25BD-%25D5%25A8%25D5%25B6%25D5%25AE%25D5%25A1%25D5%25B5%25D5%25A5%25D6%2581-%25D5%25B5-%25D5%25A9%25D5%25B8/|title=«Հայ Գիր» Մատենաշարը Լոյս Ընծայեց Յ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը՝ Տիրան Աճէմեանի Երգիծանկարներով|date=2014-12-03|language=en-US|accessdate=2016-07-21}}</ref>:
 
Իր գծագրութիւնները ներկայ են տեղական երգիծաթերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Ատ-Տապպուր», «Աս-Սայատ», կամ ֆրանսատառ օրաթերթերու մէջ, ի միջի այլոց՝ «Լ՛Օրիան», «Լը Սուար»։ Լիբանանի անկախութենէն ասդին (1943), իր երգիծանկարները պատմութիւնն են այդ երկրին եւ քաղաքական ղեկավարներու բարքերուն եւ դէմքերուն։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==