«Աւագ Շաբաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
'''Աւագ Շաբաթ''' ({{lang-el|Μεγάλη Εβδομάδα}} — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող [[Մեծ Պահք]]ի վերջին շաբաթը<ref>{{Cite news|url=http://www.aztagdaily.com/archives/226794|title=Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք|last=|first=|date=2015-02-14|work=|newspaper=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|via=}}</ref>, որ կ'աւարտի[[ Ս. Յարութեան տօն]]ով (Ս. Զատիկ), որու ընթացքին կը յիշուի [[Վերջին ընթրիք]]ը, [[Յիսուս Քրիստոս]]ի դատավարութիւնը, տանջանքները, խաչելութիւնը եւ թաղումը։ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն անուան կը նախորդէ «Աւագ» բառը (Աւագ Երկուշաբթի, [[Աւագ Երեքշաբթի]], եւ այլն)։
 
Արեւմտեան քրիստոնեաները զայն կը կոչեն «Սուրբ Շաբաթ», իսկ Արեւելեան եկեղեցիները «Աւագ Շաբաթ»<ref>{{Cite web|url=http://www.emahay.com/am/index.php/useful-info/religious-info/liturgies/88-2012-03-08-12-13-53|title=Աւագ Շաբաթ|last=Administrator|first=|date=|website=www.emahay.com|publisher=|language=en-gb}}</ref>։
[[Պատկեր:Աւագ շաբաթ.jpg|300px|աջից]]
== Աւագ շաբթուան օրերուն խորհուրդները ==
Տող 7 ⟶ 9՝
 
[[Պատկեր:27 Mark’s Gospel H. parables of the kingdom image 1 of 1. the barren fig tree. French School.png|մինի|ձախից|Յիսուս կ'անիծէ չորցած թզենին]]
Աւագ շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին<ref name=":0">{{Cite news|url=http://hayernaysor.am/cl/archives/4053|title=ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ|last=|first=|date=2012-04-05|work=|newspaper=Hayern Aysor|via=}}</ref>, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։
Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ՝
{{Քաղվածք|Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ե՛լ եւ ծովը ինկի՛ր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։}}
Տող 37 ⟶ 39՝
Աւագ Շաբթուան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ Հինգշաբթի օրը, որ լեցուն է Տնօրինական խորհուրդներով՝ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատում, Ոտնլուայ, Խաւարում՝ Մատնութիւն եւ Ձերբակալութիւն։
 
Ա) Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ։ Պատարագը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի կատարած Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդին։խորհուրդին<ref name=":0" />։
 
{{Քաղվածք|Վերջին Ընթրիքի ժամանակ, Վերնատան մէջ, Յիսուս հացը առաւ, գոհացաւ, օրհնեց եւ իր աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա իմ մարմինս է . . .»։ Ապա գինիի բաժակը առնելով, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ . ասիկա իմ արիւնս է . . .»։}}
Տող 83 ⟶ 85՝
Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը։ Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը, ի նշան Յիսուսի թաղման։ Ծնկաչոք եւ արտասուալից կ'երգուի «Սուրբ Աստուած. . . որ թաղեցար վասն մեր» եւ նաեւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները։
 
==== Ժողովրդական բարեպաշտութիւն է, երբ հաւատացեալներ երեք անգամ ծունկերու վրայ կ'անցնին Քրիստոսի գերեզմանին տակէն, ի նշան վերջին յարգանքի, ինչպէս նաեւ Յիսուսի դագաղին առջեւ խոնարհելու եւ հպատակութիւնը Քրիստոսի յայտնելու։յայտնելու։ուկ ====
 
=== Աւագ Շաբաթ ===
[[Պատկեր:Noel-coypel-the-resurrection-of-christ-1700.jpg|մինի|ձախից|Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը]]
Աւագ Շաբթուան վերջին օրն է Աւագ Շաբաթը, որ ծանօթ է նաեւ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ կամ ԽԹՈՒՄ անուններով։անուններով<ref name=":1">{{Cite news|url=http://www.aztagdaily.com/archives/8419|title=ՏՕՆԵՐ, ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ- Ս. ԶԱՏԻԿ|last=|first=|date=2011-04-21|work=|newspaper=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|via=}}</ref>։
 
Օրը լեցուն է լաւատեսութեամբ եւ յարութեան յոյսով, անոր համար՝ եկեղեցիներու բոլոր ճրագները, մոմերը վառած են, ճրագալոյց է, մեծ աւետիս է, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս խորտակած է դժոխքի դռները, Իր մահով մահուան վրայ յաղթանակ տարած է, եւ Իր յարութեամբ՝ մեզի կեանք պարգեւած։
 
Քրիստոսի խաչելութենէն ու թաղումէն ետք ասիկա առաջին պատարագն է, յոյսի ու յարութեան պատարագը, անոր համար բացառիկ հանդիսաւորութեամբ կը մատուցուի։ Եօթը շաբաթներու երկա՜ր պահեցողութիւնը ա՛լ իր աւարտին կը հասնի, եկեղեցիներու սեւ թանձր վարագոյրը կը վերցուի եւ հոգեւոր ցնծութիւնը կը պատէ բոլորին հոգիները։ Հնաւանդ սովորութեան համաձայն պահքը կը լուծէին ձուկով, հաւկիթով եւ իւղով։իւղով<ref name=":1" />։
[[Պատկեր:Rembrandt - The Risen Christ Appearing to Mary Magdalen - WGA19094.jpg|մինի|աջից|Յարուցեալ Քրիստոս կը յայտնուի Մարիամ Մագթաղենացիի]]
Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ կամ դպրոցական աշակերտներ ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել եւ ամբողջ մարդկութիւնը ազատագրել «եգիպտոսի», այսինքն՝ մեղքի գերութենէն, եւ մարդիկը վերադարձնել ու վերահաստատել Աստուածային իրենց նկարագրին եւ որդեգրութեան մէջ։ Ս. Գրոց ընթերցանութեանց կը հետեւի Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը հաղորդուին Քրիստոսի յարուցեալ, կենդանարար ու կենսատու մարմինով եւ արիւնով։