«Բիւթանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Բիւթանիա''', Փոքր Ասիոյ հիւսիսային-արեւմտեան մասը, սկսած Սկիւտարէն մինչեւ Էսկիշէ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

15:32, 14 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Բիւթանիա, Փոքր Ասիոյ հիւսիսային-արեւմտեան մասը, սկսած Սկիւտարէն մինչեւ Էսկիշէհիր, բովանդակելով իր մէջ Նիկոմիզիոյ գաւառը: Պրուսայի նահանգը եւ Գասթէմունիի նահանգին արեւմտեան մեծագոյն մասը:

Հայերը Բիւթանիոյ մէջ գաղութներ հաստատած են սանաւանդ այս հողամասը թուրք իշխանութեան տակ իյնալէ յետոյ, սկսած 16րդ դարու վերջերէն:

Բիւթանիոյ ամէնէն շատ հայաբնակ մասը կը կազմէ Նիկոսիդիոյ թեմը, բաղկացած Նիկոմիդիոյ գաւառէն եւ Պրուսայի նահանգի Եալովայի շրջանէն: Նիկոմիդիոյ թեմին մէջ էր Արմաշու դպրեվանքը, որուն փոխ-վանահայրը նաեւ առաջնորդն էր Արմաշ եւ Խասկալ գիւղերուն: Պրուսայի նահանգին մէջ կային Պրուսայի եւ Պիլէճիկի առաջնորդութիւնները, իսկ Գասթեմունին, երբեմն մաբ կազմած Նիկոմիդիոյ թեմին, վերջերը ունէր իր ուրոյն առաջնորդը: Պոլսոյ շրջանի վայրերը, մինչեւ Գարթալ, ենթարկուած էին Պատրիարքարանի ուղղակի ղեկավարութեան:

Բիւթանիա ունէր բազմաթիւ զուտ հայաբնակ գիւղեր, իսկ մեծ քաղաքներու մէջ Հայերը ունէրին առանփին թաղերը: Բացի Պոլսոյ շրջանէն՝ Բիւթանիոյ մէջ հայաշատ քաղաքներ էին Ատապայար, Նիկոսիզիա, Պրուսա, Պիլէճիկ, Էսկիշէհիր: Զուտ հայաբնակ գիւղեր էին Պարտիզակ, Օվաճըգ, Արսլանպէկ, Մանիշակ, Տէօնկէլ, Մեծ Նոր-գիւղ, Սէօհէօզ, Զէնկիլէր, Քարցի, Շաքշաք, Եալաք Տէրէ, Գուրտպէլէն, Գնճըլար, Էջմէ, Արմաշ, Խասկալ, Խաչ գիւղ, Ֆէրիզլի, Թամլըգ, Էլմալը, Սէթ գիւղ, Արամ գիւղ, Գեղամ գիւղ, Հովիւ գիւղ, Մէրտէկէօզ: Կէյվէի Միջնագիւղը խառն էր հայ-Հռոմով: Մուրատչայ, Սապանճա, Ագհիսար, Գասթէմունի, Տիւզճէ կային հայ գաղութներ, որոնք ունէին իրենց եկեղեցիները:

Բիւթանիոյ Հայերու մասին ուսումնասիրութիւն մը ունի Մինաս Գամապեան:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 402: