«Բմբրնիքել» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Բմբրնիքէլը''' հացի տեսակ մըն է որ ծագած է Գերմանիոյ մէջ: Ան պատրաստուած է հաճարի ալիւրով կամ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

10:26, 23 Օգոստոս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Բմբրնիքէլը հացի տեսակ մըն է որ ծագած է Գերմանիոյ մէջ: Ան պատրաստուած է հաճարի ալիւրով կամ հատիկով բայց նաեւ կարելի է գտնել շինուած երկուքին խարնուրդով: Շատ խիտ հաց մըն է որուն գոյնը թուխ է: Բմբրնիքէլին մասին լսուած է առաջին անքամ 1450-ին՝ այդ թուականներուն, սով մը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Օսնաբրյուկ քաղաքին մէջ եւ այս հացը ծարայեց պայքարելու սովին դէմ: Նախ օգտագործուած անրաժեշդութեան տակ եւ ստիպորութեամբ վերապրելու համար, ան քիչ քիչ դարձաւ հաճոյք մը քաղաքացիներուն համար: Ֆրանսական ժողովրդական ստուցաբանութիւն մը կը գերմանացնէ այս բառը հետեւեալ ձեւով՝ « bon pour Nickel» (լաւ Նիքելին համար) Նապոլեոն առաջինի ձիերուն անունով, սակայն այս մտածումը միայն առասպել մըն է քանի Դենի Դիդրո-ին համայգիտարանին մէջ կը գտնուի բմբրնիքելին մասին:

Գերմանական բաղադրութիւն Սկզբնական բաղադրութեան բաղկացած է միայն ջուրէ եւ հաճարէ, ըլլայ ալիւրով կամ հատիկով: Այս հացին գոյնը որ կ՛ըլլայ սեւ կամ գոց սրճագոյն կը ստացուի Մայար հակազդեցութան տակ 16-էն 24 ժամ եփելէ ետք 120 °C աստիճանով: Այս քիմիագիտական հակազդեցութիւնը նաեւ կու տայ այս հացիմ սեւ տուրմի եւ սուրճի հոտ մը, որ դարձած է յատկանիշ մը բմբրնիքել գնողներուն համար:

Ամերիկեան բաղադրութիւն Գոյութիւն ունի նաեւ ամերիկեան ձեւի պատրաստուած բմբրնիքելը որ, տարբեր բաղադրութեամբ կը փորձէ նմանիլ բուն հացին, գոյնով, համով եւ հոտով: Նպատակն է կարենալ նոյն հացը ունենալ աւելի արաք ձեւով, աւելցնելով նաեւ բուն բաղադրութեան վրայ ջուր եւ ալիւր: Նոյն հոտը եւ գոյնը ունենալու համար կը գործածուին տարբեր տեսակի նիւթեր ինչպէս սուրճը բայց նաեւ քաքաօ-ի փոշին եւ շաքարէ շինուած հիւթ մը: Նոյնպէս, քարամելը եւ չամանը կը գործածուին համի մօտեցման համար: Պատահական է որ այս ամերիկեան բմբրնիքելին անունը ստիպուած փոխուի բուն գերմանական հացին հետ մեծ տարբերութեան պաճարով եւ կը կոչուի « սեւ հաց»:

Սննդարար նիւթեր Տարբեր ուսումնասիրութիւններ հացերուն մասին կատարուծ են որոնց արդիւնքները ցոյց տուած են թէ այն հացերը որ ցորենի հատիկով եւ կեղեւով աղած ալիւրէ պատրաստուած են աւելի սննդարար են: Այն հացերը որ բաղկացած են հաճարի ալիւրով ինչպէս բնմբրնիքելը շատ օգտակար են սրտաշրջանառային արկածներուն դէմ: Հաճարի հացը ունի նաեւ մարսողական առաւելութիւններ շնորհիւ նեարդներուն որ կը գտնուին անոր մէջ: Բմբրնիքելը ունի բաւական լաւ կէտեր եւ իր կազմութիւնը ունի շատ մը առաւելութիւններ: