«Հայկ Գասպարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Հայկ Գասպարեան''' ծնած է Սուտան, 1912 թուականին։ Ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Գահիրէի...»:
 
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
'''Հայկ Գասպարեան''' ծնած է Սուտան, 1912 թուականին։ Ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ [[Գահիրէի Պէրմէրեան]] Վարժարանին մէջ։ 1944-1948 թուականներուն, որպէս ազատ ունկնդիր կը հետեւի [[Լոնտոն|Լոնտոնի]] Համալսարանի գրականութեան դասընթացքներուն։ 1948 թուականին կը տեղափոխուի Երեւան, ուր կը սկսի տեղոյն Օտար Լէզուներու Ինստուտիտի դասընթացքներուն, զոր կ՚աւարտէ 1952 թուականին։ 1953-1955 թուականին, որպէս անքլերէն լեզուի դասախօս ան կը պաշտօնավարէ Երեւանի Փոլիտեխնիկական Ինստիտուտի մէջ։ 1956 թուականին կ՚անցնի Գիտութիւններու Ակադեմիա, ուր, նախ կ՚աշխատի Գրական Թանգարանին եւ ապա՝ Գրականութեան եւ Արուեստի ինտուտիտներուն մէջ։ Ակադեմայի մէջ Հ. Գասպարեան կը նուիրուի հայ-ֆրանսական գրական եւ մշակուկութային կապերու ուսումնասիրութեան։ [[Վիքթոր Հիւկօ|Վիկտոր Հիւկոն]] Հայ Գրականութեան մէջ ուսումնասիրութեան համար կ՚արժանանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին։ Վերոհիշեալ իր մենագրութիւնը կը հրատարակուի 1963 թուականին։ Սովետահայ գրական եւ գիտական մամուլին մէջ Հայկ Գասպարեան բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է, նուիրած՝ հայ-ֆրանսական մշակութային եւ գրական կապերու։ Կը մեռնի 1972 թուականին, Երեւան։[[Երեւան]]։
 
== Աղբիւրներ ==