«Միսաք Գօչունեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 10.
Քասիմ [[1896]]ին կարգուած է ոսկերիչ Կարապետ Քիւրքճեանի աղջկան՝ Օր. Արտէմի հետ եւ կնքած երջանիկ ամուսնութիւն մը զոր ցարդ կ՚երգէ՝ ի դէպս պարագայի՝ իր խմբագրականներուն մէջ:
 
Ջարդի տարին, ինչպէս շատ մը Հայեր՝ ինք եւս մատնուեցաւ նիւթական ձախողանքի: Այդ թուականին է որ դիմած է [[Թիֆլիս|Թիֆլիսի]] Հրատարակչականին, Կեանքի տեսարաններ խորագիրով նոր ձեռագիրներ յղելով եւ պրակ գլուխ 3 ոսկի ստանալով: «Մանզումէ» երբ վերջնապէս անցաւ Յովհ. Գայսէրեանի, թերթին խմբագրութիւնը յանձնուեցաւ Քասիմի որ նոր ուժեր իր շուրջը խմբած՝ տտրուէ տարի աննախընթաց կերպով ժողովրդական դարձուց զայն, թէեւ թերթը քանիցս դադրեցուեցաւ գրաքննութենէն, եւ արտօնատէր ու խմբագրապետ բանտուեցաւ ստոր զրպարտութեանց հետեւանօք որ ընթացիկ նորոյթ էին Հին Ռէժիմին: Այդ ժողովրդականութեան նպաստեցին իր թերթօվէպերը: Նարեկի թարգմանութիւնը, Ե. Տէր Անդրէասեանի, Ժ. Շիրակացիի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի եւ այլոց մշտատեւ աշխատակցութիւնը, մանաւանդ այն ոգին որ օրուան զանազան հարցերու շուրջ քողարկեալ քննադատութեանց շրջանը տեւած է մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակում, որմէ յետոյ [[15 Հոկտեմբեր]] [[1908]]ին, հիմնեց իր առաւօտեան թերթը «Ժամանակ» զոր ցարդ կը շարունակուի:

== Երկերը 1.==
# «Կեանքի տեսարաններ» (տպ. Թիֆլիս [[1897]]),
# 2. «Խորհրդաւոր Աղջիկը»,
# 3. «Տունէն ներս», 4. «Կարապետ» (վրէժխընդիրը), 5.
# «Ժողովուրդին դիրքը», 6.
# «Աշխարհաբար Նապեկ», նաեւ

Նաեւ «Բիւզանդիոն»ի, «Մանզումէ»ի ու «Ժամանակ»ի մէջ թերթօնուած ենդհ. Եւեւ ազգ. այլ վէպեր՝ «Բախտախնդիրը», «Ժառանգորդը», «Կնճռոտ հանգոյց մը», «Ոսկիներու ճամբուն վրայ», «Կրակին մէջէն» եւայլն:
 
== Աղբիւրներ ==