«Երուսաղէմ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
մանր-մունր, փոխարինվեց: → (2) oգտվելով ԱՎԲ
Չ փոխարինվեց: 7]]թ → 7]] թ (6) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 10.
Ե՛ւ [[Իսրայէլ]]ը ե՛ւ [[Պաղեստին]]ը Երուսաղէմը պաշտօնապէս կը նկատեն իրենց մայրաքաղաքը, չընդունելով մէկը միւսի այդպիսի իրաւունքը։ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը քաղաքի արեւելեան մասի վրայ չէ ճանչցած [[ՄԱԿ]]-ը եւ միջազգային հանրութեան զգալի մէկ մասը։ Պաղեստինի վարչակազմի կառոյցներն ընդհանրապէս չեն եղած Երուսաղէմի մէջ։
 
Երուսաղէմի կարգավիճակը թէժ քննարկումներու նիւթ է։ ՄԱԿ ԳԱ-ի [[1947]] թ. [[Նոյեմբեր 29]]-ի համար 181 որոշումը, որ յայտնի է որպէս "Պաղեստինի բաժանման բանաձեւ", կ՛ենթադրէր, որ միջազգային հանրութիւնը՝ բրիտանական յանձնարարագիրէն (1948 մայիսի 15) ետք, իր ղեկավարութեան տակ կը վերցնէ Երուսաղէմի ապագան։
 
[[1950]] թ. Իսրայէլը Երուսաղէմը մայրաքաղաք կը յայտարարէ։ Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի Քնեսեթը (հրէական խորհրդարան) եւ բոլոր կառավարական եւ պետական կառոյցները։ [[1950]]-[[1967]] թթ., երբ արեւելեան մասը Յորդանանը կը գրաւէ, այդպիսի կարգավիճակ ունէր միայն քաղաքի արեւմտեան մասը։
 
[[1967]] թ. եօթնօրեայ պատերազմի յաղթանակի որպէս արդիւնք Իսրայէլը կը վերահսկէ քաղաքի ամբողջ տարածքը, կը բաժանէ [[արեւելեան Երուսաղէմ]]ը [[Յորդանան գետ]]ի արեւմտեան ափէն եւ կը յայտնէ միաւորուած Երուսաղէմ իր գերիշխանութեան մասին։
 
Երուսաղէմի մասին օրէնքով ([[1980]] թ., [[Յուլիս 30]]), Իսրայէլը Երուսաղէմը կը յայտարարէ, որպէս՝ իր միակ եւ անբաժանելի մայրաքաղաք։
 
[[ՄԱԿ]]-ը արեւելեան Երուսաղէմի միակողմանի միաւորումը չի ճանչնար։ Գրեթէ բոլոր պետութիւնները իրենց դեսպանատները տեղակայած են Մեծ Թել Աւիւի շրջանին մէջ, բացառութեամբ [[Պոլիվիա]]յի եւ [[Փարակուա]]յի, որոնց դեսպանատները տեղակայուած են Երուսաղէմի արւարձանին մէջ՝ Մեւասերեթ-Զիոն։
 
Դեռեւս [[2000]] թ. ԱՄՆ ծերակոյտը կ՛որոշէ ընդունիլ իր դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին, սակայն ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը միշտ յետաձգած է այն։ Ներկային ԱՄՆ-ի դեսպանատունը կը գտնուի Թել Աւիւի մէջ, իսկ Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի ԱՄՆ-ի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը։
 
[[2006]] թ. [[Օգոստոս 15]]-ին [[Քոսթա Ռիքա]]յի կառավարութիւնը կը յայտարարէ իր դեսպանատունը Երուսաղէմէն Թել Աւիւ տեղափոխելու մասին, իսկ նոյն թուականի [[Օգոստոս 25]]-ին անոր օրինակին կը հետեւի նաեւ [[Սալվատոր]]ը։ Այս ձեւով ոչ մէկ պետութեան դեսպանատուն մնացած է Երուսաղէմիմէջ։
 
Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ տեղակայուած են ԱՄՆ-ի եւ քանի մը այլ երկրներու հիւպատոսութիւններ, որոնք կապեր ունին նաեւ Պաղեստինի վարչակազմի հետ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Երուսաղէմ» էջէն