«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ կետադրական, ձևաչափ
Տող 7.
Ծնած է [[Պոլիս]]։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է [[1913]]-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։
 
[[1913]]–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուչական պաշտօնով կը մեկնի [[Ատանա]], որպէ՝ս [[Անգլերէն|անգլերէն]]ի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները [[թոքախտ]]ին։ Կ'ընդհատէ ուսուչական գործը։ Պահ մը կը մնայ [[Լիբանան]]` փորձելու համար [[Լեռ|լեռ]]նային օդի շնորհիւ վերագտնել [[Առողջութիւն|առողջութիւն]]ը:
 
[[Պատերազմ]]ի յայտարարութեան` կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր [[Բանաստեղծութիւն|բանաստեղծ]]` պատերազմէն ետք, սկսած «[[Ճակատամարտ]]» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է [[1918]]-ի զինադադարէն ետք: Իսկ առաջին գիրքը [[1921]]-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը: Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է [[Սէր|սէր]]ը, տրտմութիւնն ու [[Մահ|մահ]]ը։
 
[[Պետրոս Դուրեան|Դուրեան]]ի, [[Միսաք Մեծարենց (արեւմտահայերէն)|Մեծարենց]]ի եւ [[Վահան Տէրեան|Տէրեան]]ի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։