«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 38.
== Կենսագրութիւն ==
=== Ծագում ===
Ինչպէս կը նշեն յայտնի աղբիւրներ 1351 թուականէն՝ ան ծագում ունէր ազնուական ընտանիքէն։ Հօր կողմէն անոր նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէի Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որուն համար ալ ան նշանակուեցաւ «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավարը<ref>[http://www.hrono.ru/biograf/bio_t/tolstoi-pa.php Անատոլի Շիկման «Պատմական գործիչներ․ Կենսագրական տեղեկատու», Մոսկվա, 1997, էջ 896]</ref>։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովին։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լեւ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյին հայրն էր։ Լեւ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովին «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ փոքր մաս մըն ալ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլ եւ համոզմունքներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան մասնակցած է [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|Ռուսաստան]]ի կողմէն [[ Նափոլէոն Պոնափարթ|Նափոլէոն]]ի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միեւնոյն ժամանակ մասնակցեր է նաեւ [[Լէյփզիկ]]ի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներուն կողմէն, սակայն կրցած է փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք պաշտօնաթող եղած է Փաւլոկրատեան գուսարական գունդին գնդապետի աստիճանով։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք ստիպուած եղաւ անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ ԿազանիՔազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը օգնեց, որ Նիքոլայ Իլյիչին ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ<ref name="Никитина">[http://www.booksss.ru/n/book/192196-278006.html#.UV_ZtZZP-3U Նինա Նիկիտինա «Լև Տոլստոյի առօրյան Յասնայա Պոլյանայում», Մոսկվա, 2007, էջ 113]</ref>։ Որպէսզի կարգի բերէ իր գործերը Նիքոլայ Իլյիչը (ինչպես Նիքոլայ Ռոստովը) ամուսնացաւ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822 թուականին, եւ ան Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր․ ամուսնութիւնը յաջողեցաւ։ Անոնք ունեցան հինգ երեխայ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լեւ եւ Մարիա (1830-1912)։
 
Լեւ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եկատերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքին, քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Պոլքոնսքի իշխանին հետ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ<ref>[http://slovari.yandex.ru/~книги/Военная%20энциклопедия/Волконские,%20князья/ Վոլկոնսկիներ «Ռազմական հանրագիտարան», 1912թ, հատոր 7, էջ 329]</ref>։ Լեւ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներուն նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։
Տող 51.
Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը իր վրայ վերցուց հեռաւոր բարեկամուհին՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837 թուականին ընտանիքը տեղափոխոււեցաւ [[Մոսկուա]]՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ աւագ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուիլ։ Շուտով յանկարծամահ եղաւ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը՝ անկատար թողնելով գործերը (նեռարեալ ՝ ընտանեկան ունեցուածքի հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ), եւ երեք կրտսեր երեխաները կրկին հաստատուեցան Եասնաիա Փոլիանա՝ Երկոլսքաիայի եւ հօրաքրոջ՝ երեխաներու խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընի հսկողութեամբ։ Այստեղ Լեւ Նիքոլայեւիչը մնաց մինչեւ 1840 թուական, երբ մահացաւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընը, եւ երեխաները տեղափոխուեցան Քազան՝ իրենց նոր խնամակալի՝ հօր զարմուհիի՝ Պ. Ի. Եուշքովայի մօտ։
 
ԿազանիՔազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամենաուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին փայլը։ «Իմ բարի հօրաքոյրը,- կը պատմէր Թոլսթոյ,- պայծառ եւ պարկեշտ էակ, միշտ կ՝ըսէր, որ ոչ մէկ բան չի փափաքիր ինծի համար առաւելապէս, որքան այնքան, որ ես ամուսնանամ կնոջ մը հետ»<ref name="ЭСБЕ" />։
 
Լեւ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքն կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»<ref name="ЭСБЕ" />։