«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ չտողադարձվող բացատը (։Դ Non-breaking space) փոխարինում եմ սովորականով։ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 86.
[[1851]] թուականի աշնան, [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, [[Թերեք (գետ, արեւմտահայերէն)|Թերեք]]ի ափին, Կիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոկլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին սկսաւ գրել եւ [[1852]] թուականի Յուլիսին այն ժամանակ առաւել յայտնի դարձած «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրութիւն ուղարկեց ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով<ref name="ЭСБЕ" />։ Ձեռագիրին հետ ան խմբագրութիւն ուղարկեց նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղմունքս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել ամբողջ սկսուածը»<ref name="КЛС">{{cite web |url=http://www.bibliotekar.ru/pisateli/59.htm |title=Лев Николаевич Толстой (1828—1910)|author=Калюжная Л. С. |authorlink= |coauthors= |quote= |date= |format= |work= Великие писатели|publisher= |accessdate=2013 թ․ մայիսի 3 |lang= |description= |deadlink= |archiveurl=http://www.peeep.us/9079be43 |archivedate=2013-05-03 }}</ref>։
 
Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասովը իսկոյն նկատեց անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը գրեց հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասովը նշած է. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»<ref>''Некрасов Н. А.'' Полн. собр. соч. и писем, т. 10.  — М., «Правда», 1952, с. 179</ref>։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը հրատարակուեցաւ արդէն Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ եղաւ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որուն վերջին՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ մնաց անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ 1852 թուականի [[18 Սեպտեմբեր|Սեպտեմբեր 18]]-ին «Սովրեմեննիքում» տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ. հրապարակումէն ետք հեղինակին անմիջապէս սկսան դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին գնահատեցին հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակի մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը<ref name="ЭСБЕ" />։
 
Համեմատաբար աւելի ուշ շրջանի գործունէութիւնը բնորոշ է Թոլսթոյի համար. ան երբեւիցէ իրեն չէ համարած արհեստավարժ գրական գործիչ՝ ընկալելով մտարուեստականութիւն ոչ թէ ապրելու պայմաններ ապահովող մասնագիտութեան իմաստով, այլ՝ գրական հետաքրքրութիւններու գերիշխանութեան։ Ան [[Սիրտ (արեւմտահայերէն)|սրտ]]ին մօտ չէր ընդուներ գրական կուսակցութիւններու հետաքրքրութիւնները, տհաճութեամբ կը զրուցէր գրականութեան մասին՝ գերադասելով հաւատի, բարոյականութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններու մասին զրոյցները<ref name="ЭСБЕ" />։