«Իւան Թուրկենեւ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6.
 
Իւան Թուրգենեւի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը պարտադիր մաս կը կազմէ [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|Ռուսաստան]]ի հանրակրթական դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:
 
 
 
=== Ծագում եւ Կեանքի Վաղ Տարիներ ===
[[Պատկեր:Turgenev SN.JPG|մինի|180px|աջից|Սերկէյ Նիքոլաեւիչ Թուրգենեւի ՝ գրողին հայրը]]
 
Իւան Թուրգենեւ արմատներով Թուլայի Թուրգենեւներու հին ազնուական տոհմէն էր։ Իր յուշագիրքին մէջ ապագայ գրողին մայրը արձանագրած է.
 
«1818 թուականի [[28 Հոկտեմբեր|Հոկտեմբեր 28]]-ին՝ երկուշաբթի՝ առաւօտեան ժամը 12-ին, [[Օրիոլ]]ի (Oryol) տան մէջ, ծնաւ որդիս՝ Իւանը, հասակը՝ 12 վերշոկ այսինքն 52,80 սանթիմեթր,(մէկ վերշոկը = 4,4 cm չափ)։ Կնքեցին [[4 Նոյեմբեր|Նոյեմբեր 4]]-ին՝ Ֆեոտոր Սեմէոնովիչ Ուվարովը քրոջ՝ Ֆետոսիա Նիքոլաեւնա Թեբլովայի հետ։»
 
Իւանի հայրը՝ Սերկէյ Նիքոլայի Թուրգենեւը ([[1793]] - [[1834]]), այն ժամանակ կը ծառայէր որպէս պահակ զինուոր հեծելազօրային գունդին մէջ։ Գեղեցկադէմ՝ [[Այրուձի (արեւմտահայերէն)|այրուձի]]ի պահակ, զինուորին վարած անհոգ կեանքը քայքայեց իր նիւթական վիճակը, եւ զայն կարգաւորելուն համար [[1816]] թուականին շահադիտական նպատակներով ամուսնացաւ ո՛չ երիտասարդ եւ անհրապոյր, սակայն բաւականաչափ հարուստ Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովայի ([[1787]]-[[1850]]) հետ։ [[1821]] թուականին, Քիրասիրեան գունդի գնդապետի կոչումով, հայրն անցաւ թոշակի։ Իւանը ընտանիքի երկրորդ զաւակն էր։
 
Ապագայ գրողի մայրը՝ Վառվառա Փեթրովնայի արմատները եղած են հարուստ ազնուական ընտանիքէն։ Անոր ամուսնութիւնը Սերկէյի հետ անյաջող էր։ Վերջինս 1834 թուականին մահացաւ՝ իր ետին ձգելով երեք որդիներ՝ Նիքոլան, Իւանը եւ Սերկէյը։ Սերկէյ վաղաժամ մեռաւ [[Լուսնոտութիւն|լուսնոտութենէ]] (epilepsy)։ Մայրը էութեամբ իշխող եւ բռնակալ կին մըն էր։ Ան նոյնպէս վաղաժամ զրկուած էր իր հօրմէն, տառապած էր իր մօր (որ յետագային թոռը պատկերացուց իր «Մահը» ակնարկով՝ պառաւի կերպարի մէջ) դաժան վերաբերմունէն եւ վայրագ, հարբեցող հօրմէն, որ յաճախակի կը ծեծէր զինք։ Մշտական ծեծի ու նուաստացումներու պատճառով ան յետագային փախած էր իր հօրեղբօր մօտ, որուն մահէն ետք դարձած էր հոյակապ կալուածի եւ 500 ճորտերու տիրուհի։
 
[[Պատկեր:Varvara Petrovna Turgeneva.jpg|մինի|180px|ձախից|Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովան՝ գրողի մայրը]]
 
Վառվառա Փեթրովնան յատուկ խառնուածքի տէր կին մըն էր։ Ան օժտուած էր ճորտատիրական հակումներով, սակայն միաժամանակ բաւականին կիրթ եւ կարդացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան իր երեխաներուն դաստիարակութիւնը կը զուգորդէր ընտանեկան [[Բռնութիւն|բռնութեան]] հետ։ Մայրական ծեծի կ՝ենթարկուէր նաեւ Իւանը, հակառակ անոր, որ՝ ան կը համարուէր մօր ամենասիրելի որդին։ Տղուն գրագիտութեամբ զբաղած են, յաճախակիօրէն, փոփոխուող [[Ֆրանսա|ֆրանսա]]ցի եւ [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանա]]ցի տնային դաստիարակները։ Վառվառա Փեթրովնայի ընտանիքին մէջ խօսակցութիւնը, նոյնիսկ աղօթքները կ՝արտասանուէր [[Ֆրանսերէն|ֆրանսերէն]]։ Վառվառան շատ կը ճամբորդէր եւ ան պայծառ եւ կրթեալ կին էր, կը կարդար շատ, դարձեալ՝ առաւելապէս ֆրանսերէն։ Սակայն հարազատ լեզուն ու [[Գրականութիւն|գրականութիւն]]ը նոյնպէս խորթ չէին իրեն համար։ Ան հրաշալի կը տիրապետէր պատկերաւոր ռուսերէն խօսքին, իսկ Սերկէյ Նիքոլաեւիչը կը պահանջէր երեխաներէն, որ անոնք իր բացակայութեան ժամանակ, ռուսերէն նամակներ գրեն իրեն։ Թուրգենեւներու ընտանիքը կապ կը պահէր Վ. Ժուկովսկիի եւ Մ. Զագոնսկիի հետ։ Վառվառա Փեթրովնան կը հետեւէր գրականութեան նորոյթներուն, լաւ տեղեկացուած էր Ն. Քարամզինի, Վ. Ժուկովսկիի, Ա. Պուշկինի, Մ. Լերմոնտովի եւ Ն. Կոկոլի ստեղծագործութիւններէն, որոնցմէ հաճոյքով մէջբերումներ կը բերէր որդւոյն գրած նամակներուն մէջ։
 
Ռուսական գրականութեան հանդէպ սէրը պատանի Թուրգենեւի մեջ սերմանած է նաեւ ճորտ սպասաւորներէն մէկը, որ յետագային դարձաւ Փունինի նախատիպը «Փունինը եւ Պապուրինը» պատմուածքին մէջ։ Մինչեւ 9 տարեկան Թուրգենեւը ապրած է մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Սպասքոյէ-Լութովինովօ՝ Օրիոլի նահանգ՝ Մցենսքէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ 1827 թուականին Թուրգենեւները երեխաներուն կրթութեան տալու նպատակով հաստատուեցան Մոսկուայի՝ Սամոթեօք թաղամասը։ Ապագայ գրողը սկիզբը սորված է Վէյտենհամըրի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ապա ան եղած է Լազարեան ճեմարանի տնօրէն՝ Ի. Քրաուզէին սանը։
 
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==