«Իրապաշտ Ուղղութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: → (2)
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Իրապաշտ ուղղութիւն''', Գրական սեռի ուղղութիւն։ Իրապաշտութիւնը գրականութեան մէջ իբր դպրոց կը ներկայանայ մօտաւորապէս [[19]]–րդ դարու կիսուն , վիպապաշտական պայթումէն ետք։ Իսկ իբր գրական հոսանք կամ ձգտում, անոր ներկայութիւնը նկատելի է շատ աւելի
կանուխէն, պարբերական երեւումներով [[16]]–րդ դարէն, «վերածնունդի եւ դասականութեան» շրջաններուն զուգահեռ։ [[Սերվանդէս|Սերվանտէս]] եւ [[Շէյքսփիր]] կը
ներկայանան՝ իբր իրապաշտութեան այս մնայուն հոսանքի գլխաւոր դէմքերը։ Այլ անուններ [[Տիտըրօ]], [[Վոլթէռ]] ([[Ֆրանսա]]), [[Կէօթէ]] ([[Գերմանիա]])։
Գրականութիւներու պատմագիրներ երբեմն կ՝երթան աւելի հեռու. ոմանք իբր «իրապաշտ» կը բնորոշեն աւելի հին ժամանակաշրջաններու որոշ գործեր, հասնելով մինչեւ հնադար յունա-հռոմէական գրականութիւններ։ Բայց, ինչպէս վիպականութեան ընդհանրական զգայնութիւնը վիպապաշտութիւն չէ, այնպէս ալ իրականի այս մնայուն զգայնութիւնն ու ճաշակը, ոմանց մօտ աւելի շեշտուած, չի նոյնանար իրապաշտութեան հետ։ [[Սոփոկլէս]] կամ [[Ֆրիկ]] իրենց ժամանակներու իրականութեան շատ մօտ եղած են, արտայայտած են զայն հարազատօրէն, բայց «իրապաշտ» գրագէտներ չեն։
 
Իրապաշտութիւնը, մարդկային զգայնութեան եւ մտածողութեան այս հիմնական ձգտումը, իբր «դպրոց» իր ձեւաւորումէն ու անցումէն ետք շարունակուած է. դեռ այսօր շատ գործեր կը բնորոշուին իբր իրապաշտ։