«Լեղուց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 5.
Լեարդը կ'արտադրէ օրական 500-600 մլ. մաղձ: Անիկա կանաչ-դեղին հեղուկ մըն է, որ կը պարունակէ ջուր, մաղձային աղեր (bile salts), մաղձային ներկեր (bile pigments) քոլեսթերոլ, bilirubin եւ բնասպիտներ (proteins):
 
Լեղուցը կ'ամբարէ եւ կը խտացնէ լեարդէն եկած մաղձը: Կերակուր ուտելէ ետք եւ կերակրագնդակի (bolus) ստամոքս հասնելէ ետք լեղուցը կը կծկուի եւ կը մղէ իր մէջ կուտակուած մաղձը դէպի լեղուցածորան: Մաղձը կը շարունակէ իր ճամբան եւ խարնուելով շարոյրէն եկած հիւթին հետ, կը հոսի տասներկումատնեայ աղիքին մէջ: Լեղուցէն մաղձի արտահոսքը կը զօրանայ երբ [[Ստամոքս (արեւմտահայերէն)|ստամոքս]] հասած սննդանիւթերը հարուստ են ճարպերով: Կերակուր չուտելու պարագային, այսինքն՝ ծոմապահութեան ընթացքին, մաղձը կը կուտակուի լեղուցին մէջ:
 
== Մաղձը ==
 
Մաղձային աղերը[[Աղ (արեւմտահայերէն)|աղ]]երը տասներկումատնեայ աղիքին[[Աղիքներ (արեւմտահայերէն)|աղիք]]ին մէջ կը գործեն հոն գտնուած ճարպերու վրայ եւ տեղի կ'ունենայ անոնց տարրալուծումը եւ ներծծումը: Մաղձային ներկերը կը մնան աղիքներու մէջ: Անոնք չեն ներծծուիր, եւ կարտահանուին կղկղանքին (feces) հետ տալով անոր կանաչ-դեղին գունաւորում մը:
 
Մաղձը ունի նաեւ երկրորդական պարտականութիւն մը: Անիկա լեարդին մէջ կը նպաստէ թոյներու, ցպիկներու (bacteria) եւ ժահրերու (virus) մաքրագործումին:
 
Մաղձին մեծ մասը՝ մօտաւորապէս 90 տոկոսը, կը ներծծուի բարակ աղիքին մէջ եւ կը վերադառնայ [[Լեարդ|լեարդ]]: Այս շրջանը կը պատահի օրական 10-12 անգամ:
 
== Հիւանդութիւններ ==
Մաղձի անբաւարարութեամբ տեղի կ'ունենայ ճարպերու[[Ճարպ (արեւմտահայերէն)|ճարպ]]երու անմարսողութիւն եւ հետեւաբար՝ կրթալ, փքուածութիւն եւ A, D, E, K կենսանիւթերու անբաւարարութիւն:
 
Լեղուցը կը յայտնուի երկու հիմնական հիւանդութիւններով՝ լեղուցի քարեր եւ լեղուցի բորբոքում-լեղատապ (cholecystitis):
 
Տող 21 ⟶ 23՝
Լեղուցի քարերուն 85 տոկոսը կազմուած են քոլեսթերոլէ: Կիներ, գէր անձեր, տարեցներ եւ շաքարախտաւորներ առաւել հակամէտ են ունենալու լեղուցի քարեր: Լեղուցի քարերը ունին երկու գունաւորում՝ սեւ եւ սրճագոյն: Սեւ քարերը կազմուած են կիրէ, bilirubinate-է, calcium bilirubinate-է եւ կիրաղերէ (calcium salts), որոնք կ'ըլլան պզտիկ եւ կարծր: Անոնք կը պատահին առաւելաբար ալքոլ գործածողներու, երկարատեւ արիւնալուծումի (hemolysis) հարցեր ունեցողներու եւ տարեցներու մօտ: Սրճագոյն քարերը կ'ըլլան կակուղ-սահուն եւ կազմուած bilirubinate-է եւ ճարպային թթուներէ (fatty acids):
 
Լեղուցի քարերը կը մեծնան տարեկան մօտաւորապէս 1-2 մմ.: Քարի մը ծաւալումը եւ ախտանշաններու սկսիլը կը տեւէ 5-20 տարի: Քարերուն մեծամասնութիւնը կը կազմուկազմուի լեղուցին մէջ, սակայն յաճախ սրճագոյն քարերը կը կազմուին լեղուցածորանին մէջ:
 
լեղուցի քարերը կազմուած կ՛ըլլան նաեւ մարմնին մէջ կուտակուած հանքային նիւթերու եւ լեղուցին արտադրած [[Մաղձ |մաղձ]]ին խառնուրդով: Զանոնք կարելի է լեղուցէն դուրս հանել վիրահատութեամբ կամ չէզոքացնել` [[լէյզըր]]ով<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/165006 Գիտութիւն Եւ Մարդ. Բջիջի Մը Կեդրոնէն Մինչեւ Համաստեղութիւն]</ref>:
 
=== Լեղուցի բորբոքում ===
Տող 34 ⟶ 38՝
 
=== Ախտաճանաչում ===
Լեղուցի քարերու եւ բորբոքումի ախտաճանաչումը կը կատարուի լեղուցի գունաւոր նկարահանումով, (cholecystography ), անդրձայնային (ultrasound), [[Համակարգիչ (արեւմտահայերէն)|համակարգչային]] (CT Scan) եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանումներով (MRI):
 
Լեղուցի քարերու դարմանումը կը պահանջէ վիրաբուժական միջոցառում, այսինքն՝ լեղուցի վիրահատում, ուր լեղուցին հետ կ'արտահանուին նաեւ լեղուցի քարերը:
 
Լեղուցի բորբոքումը կրնայ անցողակի ըլլալ եւ անիկա կը դարմանուի դեղերով: Սակայն բորբոքումի կրկնութիւններու պարագային լեղուցի վիրահատումը պարտաւորիչ կը դառնայ:
 
Տող 56 ⟶ 61՝
*«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, [[28 Մարտ]] [[2014]]:
 
[[Կատեգորիա:ԲժշկութիւնԳիտութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լեղուց» էջէն