«Մահաթմա Կանտի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: ն , → ն, (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 31.
'''Մոհանդաս Կարամչանդ Կանտի''', (મોહનદાસ કરમચંદ ગાંધી) (22 Հոկտեմբեր, 1869էն – 30 Յունուար, 1948) [[Հնդկաստան]]ի քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդ եւ Հնդկական անկախութեան շարժման ղեկավար։ 1888 թուականին՝ 20 տարեկանը չբոլորած, Մահաթմա Կանտին կը մեկնի Լոնտոն, ու 3 տարի կ՛ուսանի ու կ՛աւարտէ իրաւաբանութեան համալսարանը։ 1893 թուականին ան կ՛աշխատի [[Հարաւային Ափրիկէ]]ի մէջ։ Հոն կը սկսի իր տեղացիներու պաշտպանութեան գործընթացը։ Ան կը մշակէր արդարութեան ու ոչ բռնութեան վրայ հիմնուած սկզբունքներ։
 
Կանտի նախաձեռնած է բռնակալութեան դէմ դիմադրութեան , խստորեն առանց բռնութեան (ահիմսա), որով Հնդկաստանը շահել է իր անկախութիւնը եւ մեծապէս ազդած է ամբողջ աշխարհի մէջ նմանատիպ շարժումներու տարածման վրայ՝ քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեան համար։ Ան աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրեւ Մահաթմա Կանտի ([սանսկրիտ]՝ महात्मा կամ "Մեծն Հոգի") եւ Հնդկաստանի մէջ՝ իբրեւ Բապու(գուջարատի՝ બાપુ կամ "Հայր")։ Ան ճանչցուած եւ յարգուած է Հնդկաստանի մէջ, իբրեւ Հնդկաստանի հայրը։ Կանտին հայրենիք կը վերադառնայ առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1915 թուականին, եւ կը դառնայ ազգայնական շարժումի առաջնորդը։ Օգտագործելով «Սատյարգրահայի» սկզբունքները՝ Կանտին կը գլխաւորէ Հնդկաստանի անկախութեան պայքարը Բրիտանիոի դէմ։ Բրիտանացիները յաճախ ձերբակալած են Կանտին՝ Հարաւային Ափրիկէի եւ Հնդկաստանի մէջ ցուցաբերած իր գործունէութեան համար. Ան 7 տարի անցուցած է բանտի մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն երկու տարի անց՝ 1948 թուականի 13 Յունուարին, Հնդկաստանի մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան, եւ Կանտին հացադուլ կը յայտարարէ։ Ան այդ ժամանակ 78 տարեկան ծերունի էր։ Հինգ օր անց ընդիմադիրները կը խոստանան են դադրեցնել պայքարը եւ Կանտին կ՛ընդհատէ հացադուլը։ Հացադուլէն 12 օր անց մոլեռանդ-հինտու Նաթհուրամ Գոդզէն՝ Կանտիի հակառակորդը, 3 անգամ կը կրակէ Մահաթմայի փորին եւ կրծքավանդակին վրայ։ Կանտի, մահամերձ վիճակին մէջ, շարժումներով ցոյց կու տայ, որ ներած է մարդասպանին։ 1948 թուականի Յունուար 30–ին ան կը մահանայ։
 
Մահաթմա Կանտին ապրած է չափազանց համեստ կեանք մը։ Ան գերազանցապէս բուսակեր էր , եւ յաճախ ալ ինքնամաքրման եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ բողոքի համար ծոմ կը պահէր։ Անոր տարեդարձը՝ 2 հոկտեմբերը Հնդկաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Կանտիի ազգային տօն, իսկ աշխարհի մէջ՝ [[Ոչ-Բռնութեան Միջազգային Օր]]։
 
== Աղբյուրներ ==