«Հայկ Բժշկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5.
Սակայն կը պարզուի որ Հայկ Բժշկեան-Գայի մասին ամէն բան ըսուած չէ: Նոյնիսկ կան կարեւոր բաներ, որոնց վրայ այս առիթով հարկաւոր է նոր լոյս սփռել:
Հ. Բժշկեան ծնած է [[Թաւրիզ]], [[1887]]-ին:
Կը յաճախէ [[Արամեան]] դպրոցը: Հայրը՝ [[Դիմիդրի]]ն, կ’ըլլայ շրջանի առաջին [[Հնչակեան Կուսակցութեան]] անդամակցողներէն:
 
[[1901]]-ին Բժշկեաններու ընտանիքը կը հաստատուի [[Թիֆլիս]]: Հ. Բժշկեան կը յաճախէ [[Ներսէսեան]] վարժարանը: 1903-ին, տակաւին 16 տարեկան պատանի, Հայկ կ’անդամակցի [[Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան]] եւ միեւնոյն տարին մաս կը կազմէ [[Կովկաս]]ի փոխարքայ իշխան [[Գոլիցին]]ի ահաբեկչութիւնը ստանձնած խումբին:
Հ. Բժշկեան կը տեղափոխուի [[Պաքու]] ու կ’աշխատի ՙՆոպէլ՚ գործարանին մէջ: Կուսակցական քարոզիչի պաշտօնով կը շրջի Պալախանի, Սապունճի եւ Պիպի-Հէյպաթ բանուորական թաղամասերը եւ կը կազմակերպէ բանուորական հաւաքներ: [[Պալախանի]]ի մէջ կը մասնակցի նաւթարդիւնաբերող բանուորներու արհեստակցական միութեան ստեղծման:
 
[[1906]] թուականէն Հնչակեան մամուլին մէջ կը սկսին լոյս տեսնել Հայկ Բժշկեան, Հ.Դ.Բժ., Հայկ, Բանուոր Հայկ, H.G. ստորագրութիւնները կրող անոր յօդուածները՝ ընդհանրապէս նուիրուած Պաքուի բանուորական կեանքին եւ ազգային հրատապ հարցերուն: [[1909]]-ին, [[Ս.Դ.Հ.Կ]] Պալախանիի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ուղղուած շրջաբերականի 5-րդ կէտին մէջ կ’ըսուի.- ՙՈր նշանակւում է մեր կողմէ Բանուոր Հայկին որպէս պաշտօնական շրջիկ-գործակալ եւ արտաքին յարաբերութեան ներկայացուցիչ, որի միջոցով եւ պիտի դիմել մեզ կարքին եղած ժամանակ՚ Հ. Բժշկեան իր այս պաշտօնով քարոզչական-կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանի յատկապէս բանուորական խումբերուն մէջ՝ որոնք կը կազմէին կուսակցութեան կազմակերպչական կառոյցին կմախքը: Կարճ ժամանակ մը անց, ան այս մասին ութը էջնոց մանրամասն տեղեկագիր մը կը յղէ վարչութեան: Տեղեկագրին առաջին մասը ցուցակ մըն է որ կը ներկայացնէ խումբերուն իրական վիճակը՝ ֆիրմայի (գործարանին) անունը, խումբին անունը, ե՞րբ կազմուած է, քանի՞ ամիս առաջ գումարուած է վերջին ժողովը, փրոփականտիստը ո՞վ էր վերջին անգամ, ներկայիս խումբը գոյութիւն ունի՞, քանի՞ անդամ մնացած է, ի՞նչ պատճառներով քայքայուած է, որո՞ւն ցուցմունքներով պատրաստուած է խումբին տեղեկագիրը: Իր տեղեկագրին վերջին երեք էջերով, Հ. Բժշկեան կու տայ իր եզրակացութիւնը խումբերու իրավիճակին մասին՝ գրուած իրապաշտ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումով: Այս գործունէութեան ընթացքին Հ. Բժշկեան անհասկացողութիւն կ’ունենայ Պալախանիի հնչակեան ՙզինուորական մարմնին՚ հետ: Վերջիններս կը ձերբակալեն զինք: Հարցին կը մջամտէ կուսակցութեան [[Պաքու]]ի շրջանի զինուորական ընդհանուր պատասխանատու [[Արծուիկ]] ([[Տիգրան Յարութիւնեան]]), որ իր խօսքին մէջ կ’ըսէ.- ՙոր այդ բոլորը ասեկոսեներ ու բամբասանքներ են, որ Բանուոր Հայկին ինքը շատ լաւ է ճանաչում, որ անցեալում, նախքան իր [[Զանգեզուր]] գնալը սերտ գործունէութիւն ենք ունեցել եւայլն, եւայլն: Իսկ ինչ վերաբերում է նրա արդի գործունէութեան, այդ կատարում է որոշ մարմնի ցուցմունքներով եւ եթէ ՙզինուորական մարմինը՚ ցանկանում է, կարող է նամակով հրաւիրել ընկ. Ս.-ին եւ բացատրութիւններ պահանջել իր գործունէութեան համար: Իսկ այժմ եւ գիտում եմ նրան ձերբակալելը ձեր կողմից անիրաւացի եւ խնդրում եմ թղթերը յանձնելով իրան թոյլ տաք գնայ՚ ՙԸնկերական՚ ձերբակալութենէն 17 ժամ ետք ազատ արձակուելէն կարճ ժամանակ անց, Հ. Բժշկեան բանուորական ժողովի մը ընթացքին կը ձերբակալուի ցարական իշխանութեան կողմէ եւ վեց ամիս կը բանտարկուի [[Պայիրովեան]] բանտին մէջ:
 
Ազատ արձակուելէն ետք կը տեղափոխուի [[Թիֆլիս]] ուր կը հետեւի հաշուապահական դասընթացքներու: Կ’աշխատի երկաթավաճառի խանութի մը մէջ: Հոս եւս կը մասնակցի բանւորական շարժումներուն: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի ՙառեւտրա-արդիւնաբերական ծառայողներու Թիֆլիսի միութիւնը՚: 1911 Նոյեմբեր դարձեալ կը ձերբակալուի եւ 3 ամիս Մետիխի բանտին մէջ բանտարկուելէ ետք կ’աքսորուի [[Աստրախան]], ուր կը հաստատուի նաեւ իր ընտանիքը: Որպէս հաշուապահ կ’աշխատի հայ առեւտրականի մը մօտ:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, Աստրախանի հայութիւնը եւս խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ դէպի կամաւորագրութիւնը: Այդ շարժումը կը գլխաւորէ [[Ս.Դ.Հ.Կ.]] Աստրախանի ՙԷդիլ՚ մասնաճիւղը: Կը կամաւորագրուին 35 երիտասարդներ, որոնք մարզանքներէ եւ բժշկական քննութիւններ անցնելէ ետք, կը պարզուի որ անոնցմէ 11 հոգին միայն ատակ է զինուորական կեանքի: Այս խումբին խմբապետ կը նշանակուի Հ. Բժշկեան: Խումբին ճակատ մեկնելու առիթով տեղի կ’ունենայ եկեղեցական արարողութիւն, որուն կը հետեւի ողջերթի ժողովրդային հաւաք: Տեղի կ’ունենան ոգեւորիչ եթոյթներ: Յատկանշական կ’ըլլայ Հ. Բժշկեանի հօր՝ Տիմիդրիի ելոյթը, որ ՙլի զգացմունքով խօսեց եւ արտայայտեց իր անկեղծութիւնը դէպի իր որդին, որդու սուրը եւ ասելով, այսօր քո հարսանեաց հանդէսն է, ահա քո պսակի կանաչ-կարմիրը որը իմ ձեռքովս կապեցի իմ սիրելի կտրիճ Հայկս՚ :
 
Խումբը կը տեղափոխուի Թիֆլիս եւ կը միանայ կամաւորական Զ. գունդին, որ Ազգ. Պիւռոյի կազմած կամաւորական գունդերէն անկախ, ստեղծուած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ՝ ռուսական բանակի հրամանատարութեան հաւանութեամբ: Զ. գունդը, կը տեղափոխուի Կարս, զինավարժութիւններ եւ համալրում կատարելու համար:

Պահպանուած է Հ. Բժշկեան Կարսէն գրած մէկ նամակը [[Ընկ. Մելքոն]]ին ([[Մելքոն Ասիլբէկեան-Մոգպետ, Մոգ.]]), ուր կան փաստական հարուստ տուեալներ թէ՛ նամակագիրին եւ թէ՛ գունդի իրավիճակին մասին: (Սսորեւ տարուած նամակը կը հրատարակուի առաջին անգամ): ՙԱմենասիրելի ընկեր Մելքոն: Երախտագիտական սրբազան պարտքս եմ համրում խորին շնորհակալութիւն յայտնելու Ձեզ եւ յարգոյ տիկնոջը ուղարկածդ նուէրների համար: Խորին շնորհակալական զգացումներով. (անընթեռնելի բառեր) բառ չեմ գտնում յայտնելու շնորհակալութիւնս: Եթէ կենդանի մնամ չեմ մոռանայ երբեք ձեզ, քանի որ այս ծանր օրերին չխնայեցիք: Վերջապէս կրկին ու կրկին ընդունեցէք իմ խորին ու անկեղծ շնորհակալութիւններս:
 
Մի մեղադրեք ինձ սիրելի ընկ. Մելքոն: Ձեր արեւով երդւում եմ րոպէ անգամ ժամանակ չեմ ունենում ազատ շունչ քաշելու, երեւակայացէք իմ դրութիւնը թէ շտապի կառավարիչ թէ ադիւտանդ հրամանատարին թէ քարտուղար, թէ բանակի գործերուն հսկող, ահա թէ ինչն է պատճառը որ չեմ կարողանում Ձեզ հետ նամակակցել: Մեր բանակի գործերը այժմ շատ լաւ է. ունենք 5 հարիւրակ՝ որոնց հրամանատարներն են.- Ա. հարիւրակ՝ [[Նշան Երեցեան]], Դ. հարիւրակ՝ [[Արամ Գրիգորեան]], Ե. հարիւրակ՝ Հայկ Բժշկեան: Մեր շտապը կազմուած է այսպէս.- [[Աղունիկ Ջանփոլատեան]]՝ հրամանատար, [[Միքայէլ Սէֆէրեան]] (Պանդուխտ)՝ օգնական, Հայկ Բժշկեան՝ շտապի կառավարիչ եւ հարկապահ, [[Արամ Մելիքեան]] (Հաճի)՝ ծախսարար, [[Ռուբէն Գրիգորեան]]՝ հանդերձապահ, 3 գրագիրներ եւ մի շարք մանր ծառայողներ: Հաւանական է որ ամսոյն վերջին գնանք ռազմաբեմ անդառնալիօրէն: Ամէն օր հրացանաձգութեան ենք գնում եւ Կարսի մթնոլորտը դղրդեցնում հնչակեան ռազմի երգերով: Շատ ուրախալի լաւ մարզուած անցնում եմ քաղաքի փողոցներով ՙՀեռաւոր Երկիր՚ը ընթերցնելով. տեսնել է պէտք: Այժմ մեզ մօտ են ընկ. Արծուիկը, Լազօն, ընկ. Ալեքսանը: Եթէ կարելի էր դուք էլ գայիք շատ լաւ կը լիներ. մի քանի օրով միայն: Ինչպէս միշտ, նոյնպէս եւ այժմ, մեր տղերքից մի քանիսի մէջ թեթեւ տարաձայնութիւններ են լինում երբեմն, միշտ հաշտեցնում ենք եւ հարցը փակւում է: [[Ազգային Պիւրօ]]ն մեզ չի օգներ դարձեալ, բայց մենք երջանիկ ենք եւ չափից դուրս գոհ, որ առանց ծանրանալու ազգի վրայ, առանց նրա անունով ծածկուելու, պարզ ճակատով, հնչակեան դրօշը պարզած կատարում ենք մեր պարտքը եւ զարմացնում մարդկանց թէ ինչպէս մենք քաղցած, տկլոր եւ անփող, բանակ կառուցել ենք ահռելի ու չափազանց օրինակելի: Մոռացայ ասելու պետական, դումայի անդամ Պ. Պապաջանովն էր եկել այստեղ մեզ տեսնելու, զարմացաւ մարդը երբ պարադ-զօրահանդէս սարքեցինք, զինուորական պատիւներ տուեցինք, խօստացաւ ամէն կերպ օգնել. նուիրեց 150 րուպլի: Ուրիշ նորութիւններ չկան. ձրի թերթեր ստանում ենք: Եղբայրս մօտս է: Ուղարկում եմ պատկերս:...անձամբ էր գրուած: Խոնարհ ողջոյններս տիկնոջդ եւ ջերմ համբոյրներ Ձեզ ու զաւակներիդ: [[Սերգեյ]]ը այստեղ էր. գնաց Թիֆլիս: Քո Հայկ՚:

Կամաւորական Զ. գունդը կը կռուի Էրզրումի դժուարին ճակատին վրայ ու շարք մը յաղթական ճակատամարտերէ ետք, ռուսական բանակին կողքին կը մասնակցի Էրզրումի գրաւման մարտերուն: Հ. Բժշկեան, [[ՙԷրզրումի]] Ճակատէն՚ եւ ՙԴէպի Էրզրում՚ ընդհանուր խորագիրներուն տակ, ռազմաճակատային թարմ լուրերով կ’աշխատակցի Թիֆլիս կուսակցական օրկան ՙԳաղափար՚ին:
Հ. Բժշկեան իր գրած յօդուածներուն մէջ կու տայ ռազմաճակատին մասին պատմական վաւերական տուեալներ, հանդէս կը բերէ գրական ճաշակ, հայրենասիրական եւ մարդասիրական խորը համոզումներ, հայոց պատմութեան մասին գիտելիքներ եւ հաւատք հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն հանդէպ: Պատմելով Էրզրումի ճակատին վրայ խումբ մը ռուս սպաներու հետ իր ունեցած ընկերական հանդիպումին մասին, Հ. Բժշկեան կը գրէ.- ՙՍկսեցի պատմել տեսածս գերեզմանների մասին, համառօտակի պատմելով նմանապէս հայ ազգի սպասելիքները այս պատերազմից, նրա ջանքերը, զոհողութիւնները եւ տուած նիւթական, ֆիզիքական զոհերը: Բանից երեւաց, որ երիտասարդ սպաները հայ կեանքի վերաբերմամբ եւ մանաւանդ վերջին երկու տարուայ շարժման (կամաւորական.- Ե.Ճ.) մասին շատ թիւր հասկացողութիւն են ունեցել, որի պատճառով մեծ հետաքրքրութեամբ լսում էին ինձ երբ սկսեցի պատմել հայերի տառապանքը Տաճկահայաստանում, նրա ապստամբական շարժումները եւ հայկական դատի յառաջացման պատճառներն ու հետեւանքները՚:
 
[[22 Յունիս]] [[1915]]-ին, [[Շարեան]] գետակի մօտ մղուած ծանր ճակատամարտին, Զ. գունդի հրամանատար [[Գրիգոր Աւշարեան]] կը նահատակուի: Նոյն ճակատամարտին, Հ. Բժշկեան կը վիրաւորուի: Բուժուելէն ետք կը հետեւի հայ կամաւորական գունդերու սպաներուն եւ հրահանգիչներուն յատուկ զինուորական միամսեայ դասընթացքներուն եւ կը նշանակուի 6-րդ գունդի հրամանատար եւ կը շարունակէ իր մարտական երթը: Ցուցաբերած քաջութեան համար կամաւորական [[Գունդերու Գործադիր Կոմիտէ]]ն զինք կը պարգեւատրէ ոսկեայ թուրով: Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը եւ Հ. Բժշկեանը կը պարգեւատրէ Գէորգեան երկու Խաչերով եւ Ս. Աննայի չորրորդ աստիճանի շքանշանով:
 
Երբ երրորդ անգամ վիրաւորուելով բուժման համար կը գտնուէր [[Մոսկուա]], կը պայթի [[Ռուսական Յեղափոխութիւնը]]: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն էտք Հ. հրամանատարութեան առընթեր ՙռազմապարեկային՚ խումբին պետը կը մեկնի Սամարղանտ, ուր տեղափոխուած էր իր ընտանիքը:

[[1918]]-ի սկիզբը, նորահաստատ խորհրդային իշխանութիւնները, շարք մը հրամանագրերով իրաւունք կու տան Միջին Ասիա բնակող հայութեան կամաւորական ջոկատներ կազմել եւ մեկնիլ Հայաստան թրքական բանակներուն դէմ պայքարելու համար: Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին [[Աշխապատ]]ի, [[Սամրղանտ]]ի եւ [[Դաշկենտ]]ի մէջ: Սամրղանտի ջոկատը որ վերջնականապէս կը ձեւաւորուի [[1918 Փետրուար]]ին, կը դրուի Հայկ Բժշկեանի հրամանատարութեան տակ: Ջոկատի նպատակն էր հասնիլ Պաքու [[Ստեփան Շահումեան]]ի օգնութեան: Սակայն, կռիւներու ընդլայնման պատճառով դէպի Պաքու տանող ճամբաները կը փակուինեւ Հ. Բժշկեանի ջոկատը կը մեկնի [[Օրենպուրկ]] ուր կը միանայ կանոնաւոր Կարմիր Բանակին: Հ. Բժշկեան իր յետագայ ճակատագիրը կը կապէ Կարմիր Բանակին իսկ Հայաստանի փրկութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան զօրացման հետ:
 
Փակագիծ մը անձնական յուշերէս: Պատանի էի. ՙՀայկ Բժշկեան՚ պատանեկան միութեան անդամ: Միութենական աշխատանքի խանդավառ մէկ պահուն, տարեց ընկեր մը մօտեցաւ եւ գորովալից ձայնով մը ըսաւ, -տղաս, գիտե՞ս որ ես Հայկ Բժշկեանը անձնապէս կը ճանչնամ. երբ մենք Պոլսոյ մէջ նշեցինք 20-ներուն տարեդարձը, հոն ներկայ եղաւ ան ու ելոյթ ունեցաւ: Պատանեկան միտքս չըմբռնեց ըսուածին տարողութիւնը: Ապագային ալ, երբ կը մտաբերէի տարեց ընկերոջ ըսածը, այդ կը վերագրէի երեւակայութեան կամ սխալ յիշողութեան: Բայց ամէն բան շրջուեցաւ երբ կարդացի [[Աշոտ Պատմագրեան]]ի յուշերը. Ա. Պատմագրեան կ’ըսէ թէ 1921-ին երբ Պաթում կ’երթայ, այդ տեղէն նաւով Կ. Պոլիս երթալու համար, Պաթումի մէջ կը հանդիպի երեք հայերու՝ թաւրիզեցի [[Արմենակ Ահարոնեան]], Հայկ Բժշկեան եւ [[Միսաք Վարդարանեան]]: Ապա նոյն հայերուն կը հանդիպի նաւուն վրայ: Ան կը գրէ.- ՙՄենք շատ զարմացանք տեսնելով որ առաջին երկուսը դրել էին պարսկական մեծ գլխարկներ եւ մանաւանդ Արմենակը կատարեալ Թաւրիզեցի Թուրքի էր նմանւում: Մեզ բացատրեցին որ Տաճկաստանում հայերի հանդէպ վատ տրամադրութիւն է տիրում եւ իրենք, առ ի զգուշութիւն, իրենց պարսիկ էին ուզում ներկայացնել՚: Ուրեմն... բացառուած չէ որ Հ. Բժշկեան Կ. Պոլիս գտնուած ըլլայ: Իսկ արդեօ՞ք ան մասնակցած է 20-ներու ոգեկոչումին: Այդ կարելի էր ստուգել միայն ժամանակաշրջանի հայկական մամուլի՝ յատկապէս հնչակեան օրկան ՙԵրկիր՚ի էջէրէն: Դժբախտաբար, նոյնիսկ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի ՙԵրկիր՚ի հաւաքածոն ամբողջական չէր եւ մեզի հետաքրքրող ամիսներու թիւերը կը պակսէին: Բայց չսպասուած տեղէ մը օգնութեան կը հասնի Պուլկարիոյ շրջանի հնչակեան օրկան [[ՙՊալքանեան Մամուլը]]՚, որ իր 1919 Յունիս 16-ի թիւով, [[Քսան Կախաղաններ]]ու Տարեդարձը Կ. Պոլսոյ Հայութեան Յարգանքը Ս.Դ.Հնչակեան նահատակներուն՚ յօդուածով (հաւանաբար արտատպուած ՙԵրկիր՚էն) կու տայ հանդիսութեան նկարագրութիւնը: Կը պարզուի որ այդ եղած է համազգային բնոյթի եւ Ս.Դ.Հնչակեան բանախօսին կողքին ելոյթ ունեցած են [[Հ.Ս.Ռամկավար]], [[Հ.Յ.Դաշնակցական]] եւ Վերակազմ Հնչ. Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Ապա, [[ՙԶօր. Անդրանիկ]] օգնականներէն մէկը՝ հրամանատար Հայկ, փափաք յայտնած ըլլալով արտայայտուելու, խօսեցաւ երբ կռիւի դաշտէն լսեցինք թէ յանուն սուրբ գաղափարին Սթանպուլի մէջ կառափնատ էին բարձրացրել 20 հնչակեաններ, մեր թեւերը չկախուեցան այլեւս վար, եւ զէնքը ձիգ ուղղուած մնաց թշնամիին կուրծքին: Անոնց կախաղանները մեզ խրախուսող ոգիներ եղան մինչեւ վերջը. հրաւիրեց ժողովուրդը ըլլալ միշտ խրոխտ, միշտ մարտական՚: Իսկ ո՞վ էր ՙԱնդրանիկի հրամանատարներէն Հայկը՚, արդեօ՞ք ան նոյն Հայկ Բժշկեանն է որ ինչպէս Թաւիրզէն- Կ. Պոլիս ճամբուն վրայ կիսածպտուած էր՝ կը շարունակէր մնալ կիսածպտուած: Բայց Ա. Պատմագրեան Հ. Բժշկեանի այցը Կ. Պոլիս կը նշէ 1921 թուին, մինչդեռ ծերութեան մէջ գրած իր յուշերուն մէջ Ա. Պատմագրեան սխալած ըլլայ. բացառուած թէ նաեւ որ Հ. Բժշկեան քանի մը անգամ Կ. Պոլիս այցելած ըլլայ: Յամենայն դէպ մեզի ծանօթ տարեց ընկերոջ ըսածին, Ա. Պատմագրեանի յուշերուն եւ ՙՊալքանեան մամուլի՚ հաղորդումին մէջ ընդհանուր իրականութիւն մը կայ՛. ա՛նպայման կայ:

Կարմիր Բանակին միանալէն ետք, Հ. Բժշկեան կը նշանակուի Ստավրոպոլեան ռազմաճակատի հրամանատարի տեղակալ, ապա Սիմպիրիսկի հաւաքական զօրաբանակի (հռչակաւոր 24-րդ ՙԵրկաթիա Սիւիզիա՚ն) հրամանատար ապա Ա. յեղափոխական հրամանատար: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի Ա. կարմիր կովկասեան հեծելազօրային վայրի տիւիզիան: Իր զօրքերով հակախորհրդային ուժերուն դէմ կը կռուի [[Ուքրանիոյ]], [[Լեհաստան]]ի, [[Չեխոսլաւաքիոյ]] եւ [[Գերմանիոյ]] մէջ: [[1920]]-[[1922]] կը հետեւի ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն: 1922-ին կը նշանակուի Խորհ. Հայաստանի զինուորական ժողովրդական Կոմիտաս (իմա՝ պաշտպանութեան նախարար), միաժամանակ կը նշանակուի սովետական բանակի յատուկ նշանակութեան զօրամասերու հրամանատար: Հ. Բժշկեանի ջանքերով [[Հայաստան]]ի մէջ կը բացուի հրամանատարական դպրոց, ուսման եռամեայ ծրագիրով: ([[1923]]-ին յիշեալ նախարարութիւնը կը վերանայ): [[1925]]-[[1929]] կը հետեւի ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն, կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը, կը ստանայ փրոֆեսորի կոչում եւ կը նշանակուի նոյն ակադեմիայի ռազմական արուեստի պատմութեան դասախօս (ապա ամպիոնի վարիչ): Հ. Բժշկեան գրչին կը պատկանի ռազմական բնոյթ բազմաթիւ գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:
 
[[1937]]-ին որպէս հայրենիքի թշնամի կը գնդակահարուի ստալինեան բռնակալութեան կողմէ:
[[1923]]-ին, մինչ Հ. Բժշկեան կը վարէր պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը գտնըւէր գաղափարական բնոյթի ներքին դժուարութիւններու մէջ: Իրողութիւնը այն էր, որ [[1922]]-ի վերջաւորութեան [[Ս.Դ.Հ.Կ Թիֆլիսի Կեդրոնական Վարչութիւնը]] դիմում կը կատարէ Կոմինդերնը սա կը նկատէ առիթ մը, Խորհրդային Միութեան տարածքին եւ անորմէ դուրս Հնչակեան Կուսակցութիւնը լուծելու համայնավար կուսակցութիւններուն մէջ: Խորհրդային Միութեան մէջ ասորմէ փախուստ չկար: Արտասահմանի մէջ սակայն այդ շատ դժուարին փորձ մըն էր: [[ԱՄՆ]]-ի մէջ այդ փորձին ջատագովները կը պնդէին թէ [[Հայաստանի Խորհ. Հանրապետութեան]] ծնունդը պէտք է նկատել Հնչակեան Կուսակցութեան նպատակներուն իրագործումը, ուստի կուսակցութեան գոյութիւնը այլեւս կը դառնայ ինքնանպատակ: Ներքին վէճերու այս մթնոլորտին մէջ, Ս.Դ.Հ.Կ. ԱՄՆ-ի Վարիչ Մարմինը (Նիւ Եորք), կ’որոշէ այս հարցին մասին իմանալ Հ. Բժշկեանի կարծիքը: Այս յանձնարարութիւնը կը տրուի Վ. Մարմնի քարտուղար Սեդրակ [[Շահէն]]ին, որ այս մասին նամակ մը կը յղէ անոր: Պատասխան նամակին մէջ Հ. Բժշկեան լակոնական ոճով կը գրէ.- ՙՍ. Շահէն: Ստացայ Ձեր նամակը: Յայտնում եմ Ձեզի, ուր որ էք հոն մնացէք եւ շարունակեցէք: Հայկ Բժշկեան: 5-14, 1923, [[Երեւան]]՚ :
Այդ շրջանին, Հայկ Բժշկեան աւելին չէր կրնար ըսել:
 
== Աղբիւրներ ==