«Հռոմէական Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: կ՝ը → կ՝ ը (3) oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 18.
անթիհիւպատոսական իրաւունքները (imperium proconsulare) (որոնք նման էին հանրապետական շրջանի ռազմական գործիչներու իրաւունքներուն) իրեն կու տային բանակը կառավարելու հնարաւորութիւն։ Ան ունէր նաեւ պատերազմ յայտարարելու կամ ալ պայմանագիր կնքելու իրաւունքref name="Աբբոտ, 345">Աբբոտ, 345</ref>։
 
Կայսրը իրաւունք ունէր նաեւ կառավարելու ծերակուտական (Senate) կազմը, կրօնական հաստատութիւնները եւ, որպէս կայսր, ան միշտ կը համարուէր «Փոնթիֆէքս Մաքսիմուս» (ծայրագոյն Քահանայապետ) եւ չորս գլխաւոր քահանայապետներէն մէկը<ref name="Աբբոտ, 345" /><ref name="Աբբոտ, 354">Աբբոտ, 354</ref>։ Ի հարկէ, իրաւունքներու նման տարբերակը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր նշանակութիւնը եւ կայսրին [[Իշխանութիւն|իշխանութիւն]]ը դարձաւ նուազ սահմանադրական եւ առաւել [[Միապետութիւն|միապետական]]<ref name="Աբբոտ, 341">Աբբոտ, 341</ref>։
 
[[Կայսր (արեւմտահայերէն)|Կայսր]]ի իշխանութեան յենարանը բանակն էր։ Զինուորները կը վճարուէին կայսերական գանձարանէն եւ ամէն տարի հաւատարմութեան երդում կու տային կայսրին, որ կը կոչուէր ուխտ «սաքրամենթում sacramentum» (Sacrament)<ref>{{cite book|title=The Complete Roman Army|first=Adrian |last=Գոլդսվորտի|chapter =The Life of a Roman Soldier|page=80|isbn=0-500-05124-0|year=2003|publisher=Thames & Hudson|location=London}}</ref>:
Տող 27.
Ընդհանրապէս, կայսրն ու (սենաթը) ծերակոյտը կառավարութեան հաւասարազօր իշխանութեան մարմիններ էին, սակայն իրական իշխանութիւնը կայսեր ձեռքն էր։ Եւ հակառակ իր սենաթոր (ծերակուտական) հանգամանքին ան կը համարուէր պատուաւոր եւ փառահեղ կոչում, սակայն ծերակուտականը ընդամէնը գործիք էր կայսեր ձեռքին մէջ եւ կ՝ օգտագործուէր վերջինիս կառավարութիւնը օրինականացնելու համար<ref name="Աբբոտ, 385">Աբբոտ, 385</ref>։
 
Որոշ կայսրեր ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ժամանակ կայսրը կը նստէր երկու [[Հիւպատոս |հիւպատոս]]ներու միջեւ<ref name="Աբբոտ, 383">Աբբոտ, 383</ref>: Աւելի ցածր կոչում ունեցող ծերակուտականեր կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր<ref name="Աբբոտ, 383" />։ 3-րդ դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
 
=== Սենաթորներն ու Հեծեալներ ===
Ոչ մէկ կայսր չէր կրնար կառավարել առանց սենաթորներու եւ հեծեալներու կարգին։ Ամենապատշաճ պաշտօնները կը տրուէին այդ երկու ազնուական դասերուն։ Այդ պաշտօններն էին՝ նահանգի կառավարիչ, լէգէոնի հրամանատար եւ նմանատիպ բարձր պաշտօններ։ Հեծեալներու եւ սենաթորներու ծերակուտականներու դասը կը փոխանցուէր ժառանգաբար եւ մեծ մասամբ փակ էր օտարներուն համար։ Հեծեալ կամ սենաթոր կրնար դառնալ մեծ յարգանք վայելող եւ փառաւոր անձնաւորութիւնը, սակայն նման դէպքեր հազուադէպ էին։ Երիտասարդ ազնուականին ապագան կախուած էր իր ընտանիքի կապերէն։
 
Այնքան որքան ունակութիւնները, գիտելիքը, տաղանդը անհրաժեշտ էին բարձր պաշտօնի համար, նոյնքան ալ անհրաժեշտ էր կայսեր հայեցողութիւնը։
 
 
==== Ծերակուտական Դաս ====