'''Ձմեռ''', տարուան չորս [[եղանակ]]ներէն մին։ Կը հանդիսանայ [[ԱշնանԱշուն|աշնան]]՝ յաջորդող, իսկ [[ԳարնանԳարուն|գարնան]]՝ նախորդող եղանակը։ Տարուան ամենացուրտ եղանակը։ Ձմեռային արեւադարձի ժամանակ օրերը ամենակարճն են, իսկ գիշերները՝ ամենաերկարը։ Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին կը սկսի Դեկտեմբեր 21–ին ու կը վերջանայ Մարտ 21–ին ([[Յունուար]], [[Փետրուար]], [[Մարտ]])։ Հարաւային կիսագնդի տարածքին՝ Յունիս 22–ին կը վերջանայ Սեպտեմբեր 23–ին ([[Յուլիս]], [[Օգոստոս]], [[Սեպտեմբեր]])։ Օդի ջերմաստիճանը կը նուազի, անձրեւ կը տեղայ, իսկ աւելի ցուրտ երկիրներ՝ [[ձիւն]]։ Միեւնոյն ժամանակաշրջանին Հարաւային կիսագունդը կը վայելէ [[Ամառ|Ամրան]] եղանակը։ Այս ժամանակաշրջանին առաւօտը կը կարճնայ, իսկ գիշերը կ՛երկարի, ուստի թռչունները կը գաղթեն տաք երկիրներ։
Ձմրան տեւողութիւնը 93 օր է՝ Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին եւ 89 օր՝ Հարաւային կիսագնդի տարածքին։