«Կարպիս Ճանճիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 29.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Ճանճիկեան Կարպիս Ճանճիկեան''' ([[6 Յունուար]][[1920]]-[[26 Փետրուար]] [[1946]] արեւմտահայերէն|1920-1946]]), ծնած եւ մահացած է [[Իսթանպուլ:Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Իսթանպուլ:Պոլիս]]։
 
== Կենսագրութիւն ==
Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 6 Յունուար 1920-ին: Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է [[Կ. Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարժարան|Կեդրոնական]], 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:
 
Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բ.[[Բագրատ ԹեւեանիԹեւեան|Բագարատ Թեւեան]]ի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, [[Աւետիս ԱլիքսանեանիԱլիքսանեան]]ի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ: Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:
 
Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն ([[Հայկազուն ԳալուստեանիԳալուստեան]]ի հետ):
 
Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
 
Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի[[Միսաք Մեծարենց (արեւմտահայերէն)|Մեծարենց]]ի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:
 
== Հրատարակուած Գործեր ==