«Մազեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 8.
 
=== Մազապարկիկ (hair follicle) ===
Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ՛որդեգրենկ'որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք թելամկաններու պռկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կարտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի՝ melanin-ի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազի ճերմակ եւ կամ մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է՝ մելանինի չգոյութեան:
 
=== Մազի ցօղուն (hair shaft) ===
Տող 20.
=== Բնածին-ընդոծին մազ (congenital) ===
 
Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, կ՛աճինկ'աճին, կ՛երկարինկ'երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն:
 
=== Այրածին-արական մազ (androgenic) ===
 
Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ՛ունենանկ'ունենան քան աղջիկները եւ այս պատճառով տղաք շատ աւելի արական մազեր կ՛ունենանկ'ունենան քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի (pubis) եւ անութներու (axilla) վրայ ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յայտնուին կրծքավանդակին, անութներուն, փորին, սրունքներուն, թեւերուն եւ դէմքին վրայ, ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջ: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է որ կ՛որոշէկ'որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ՛որոշէկ'որոշէ նաեւ մազի զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը:
 
Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ:
 
Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ՛երկարիկ'երկարի-կ՛աճիկ'աճի մօտաւորապէս մէկ սմ.:
 
Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ՛աճինկ'աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով (cycle) մը, որ կը տեւէ 2-3 տարիներ: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ՛երկարիկ'երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիս եւ ապա կը լքէ իր արմատները, կ՛ինայկ'ինայ ու կ՛անյետանայկ'անյետանայ: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն կ՛աճինկ'աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ: Առատ գլխու մազ ունեցողներ կը կորսնցնեն օրական 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ տեղի կ՛ունենայկ'ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում մազի պարկիկներուն մէջ:
 
Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին:
Տող 39.
*Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն.
 
*Մարմինի մազերը կ՛օգնենկ'օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին (heat regulation): Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Պաղ եղանակին մարմինի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պռկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղացիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթի ջերմատուութիւնը-կորուստը (heat dissipation).
 
*Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն.
Տող 66.
 
=== Պատճառներ ===
Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ՛ունենայկ'ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով:
 
Հիմնական պատճառներն են.
Տող 84.
*Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր.
 
*Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց կ՛ուղեկցիկ'ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ.
 
*Գլխու սնկային բորբոքումներ.
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մազեր» էջէն