«Օրորա Մարտիկանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
→top: Կատարուած են սրբագրութիւններ տարբեր թարգմանութիւններու մէջ։ |
||
Տող 2.
{{արևելահայերեն|Ավրորա Մարտիկանյան}}
[[Պատկեր:Aurora Mardiganian 2013 Armenian stamp.jpg|thumb|Օրորա Մարտիկանեան 2013-էն Հայաստանեան դրոշմաթուղթի վրայ]]
'''
==Կենսագրութիւն==
[[Պատկեր:Auction Of Souls-flyer.jpg|220px
Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։
Ան ականատես դարձած է իր ծնողներուն սպանութեան, կորսնցուցած քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը վաճառուած է գերիներու շուկան<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/227561 Կին Դէմքեր։]</ref> (առեւանգուած եւ ծախուած է իբրեւ գերի Անատոլիոյ մէջ) եւ ստիպուած որոշ ժամանակ մը մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է [[Էրզրում (արեւմտահայերէն)|Էրզրում]], որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ:
== «Յափշտակուած Հայաստան»/«Կեանքերու Աճուրդ» (Ravished Armenia/Auction of Souls) ==
Նիւ Եորքի մէջ, կը հանդիպի Հարվի Կէյցին , որ փոքր տարիքով թատերագիր մըն էր, ան իր հովանաւորութեան տակ կ՛առնէ Արշալոյսը եւ կը փափաքի գրի առնել անոր պատմութիւնը։ Գիրքը լոյս կը տեսնէ [[անգլերէն]] լեզուով՝ [[Յափշտակուած Հայաստան|«
Այս գիրքը հետագային օգտագործուած է թատերագրական կտոր մը գրելու համար, որ արտադրուած է իբրեւ շարժանկար [[1919 թուական|1919-ին]],որու մէջ Մարտիկանեան ստանձնած է գլխաւոր դերը, ուր կը մարմնաւորէր իր իսկ անձը: Նիւ Եորքի մէջ այս շարժանկարը առաջին անգամ կը ցուցադրուի [[16 Փետրուար|Փետրուար 16]], [[1919 թուական|1919]]-ին, Փլազա Պանդոկին մէջ, ուր ներկայ էին հանրայայտ ղեկավարներ, ինչպէս՝ Տիկին Օլիվըր Հարիման եւ Պարոն Ճորճ Վանտըրպիլթ, ներկայացած իբրեւ Ամերիկեան Հայերու եւ Սուրիացիներու Նպաստի Կոմիտէի (American Committee for Armenian and Syrian Relief) ներկայացուցիչներ։<ref name=r1/>
|