«Մեծ Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը , կ → ը, կ (20) oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
Մեծ Պահքը «Սուգի» շրջան մըն է, ինքզինքին տրուած կամաւոր պատիժ մը, որուն գլխաւոր նպատակն է նախապատրաստել հաւատացեալը Աւագ Շաբթուան, ուրախութեամբ տօնելու համար Ս. Յարութեան տօնը։
 
Քրիստոնէութեան մէջ, պահքի գաղափարը առաջին անգամ կը տեսնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մօտ, երբ իր մկրտութենէն ետք անապատ քաշուեցաւ եւ 40 օրեր ծոմ պահեց։
 
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին պահքը հաստատած է երկու նպատակներով`
Տող 33.
 
===== Մեծ Պահքի Շարականներ =====
Մեծ Պահքի ընթացքին կը կատարուի՝ ամէն օր հիմնականօրէն խաղաղական ժամերգութեան ժամանակ «Շնորհեայ մեզ Տէր» շարական երգը, որուն հեղինակը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսն է։
 
Շնորհեա' մեզ, Տէ'ր, ի գիշերի զերկնային զխաղաղութիւն քո եւ պահեա' զմեզ ի պատրանաց թշնամւոյն ամենայաղթ զօրութեամբ սուրբ խաչի քոյ։
Տող 42.
Արժանի' արա, Տէ'ր, զերեկս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց փորձութեան անցո' զմեօք։ Արժանաւորեա', Տէ'ր, զգիշերս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց մեղաց պահելով զմեզ։
 
Ընդ մեզ Տէր Աստուած, գիտասջի'ք, հեթանո'սք, եւ պարտեցարուք, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ լուարո'ւք զայս ի ծագաց մինչեւ ի ծագս երկրի, զի։ Եւ հզօրացեալքդ պարտեցարուք, զի։
 
Եւ զի թէպէտեւ դարձեալ զօրանայք, դարձեալ ի պարտութիւն մատնեսջիք, զի։ Եւ զխորհուրդն, զոր խորհիք, խափանէ Տէր, զի։ Եւ զբանն, զոր խօսիք, մի' մնասցէ առ ձեզ, զի։
Տող 58.
Եւ սքանչելի խորհրդակից, զի։ Եւ Աստուած հզօր իշխան, զի։ Եւ իշխան խաղաղութեան, Հայր հանդերձելոյ յաւիտենին Տէր Աստուած ընդ մեզ է։
 
Եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
 
===== ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ իր Արարողութիւններով: Արեւագալ, Հսկում, Միջինք =====
Տող 64.
 
===== Արեւագալի Արարողութիւն =====
Առաւօտեան ժամերուն մեր եկեղեցիներուն տեղի կ՛ունենայ վեց շաբաթներու վրայ, շաբաթական երկու ժամերգութիւններով եւ մեղքերէ հեռու մնալու «Հրաժարիմք» [[Աղօթք|աղօթք]]ով:
 
Միջնադարեան մեր սրբազան գրականութիւնը կը հնչէ Մեծ պահոց շաբաթներուն, Արեւագալի լոյսին փառաբանանքով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս»: Ի՜նչ խորհրդաւոր, հոգեշունչ, մարդը Աստուծոյ միացնող տրամադրութիւն, 21-րդ դարու գիտութեամբ յագեցած այս դարուն, գիտութիւն, որուն բարիքին կը խառնուի չարիքը, որ մեզ կը հեռացնէ աստուածայինէն, բնութեան բարիքէն եւ անոր շնորհքէն։
 
===== Հսկումի Արարողութիւն =====
Նոյնպէս շաբաթական երկու երեկոներ` Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ երեկոները յատուկ ժամերգութեամբ կը փառաւորուին մեր սուրբ հայրերուն ստեղծագործած աղօթքները։
 
Մեր ժողովուրդին սիրած աղօթքի պահն է, Աստուծոյ հետ զրուցելու ժամը, մանաւանդ երբ Գրիգոր Նարեկացին է յիշեցնողը «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս»: Նարեկացիին խնդրանքները կը շարունակուին։ Քիչ ետք Ներսէս Շնորհալին կը խօսի իր «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուներէ բաղկացած սքանչելի աղօթքով։
Տող 78.
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
 
[[Կատեգորիա:Քրիստոնէական ծիսակատարութիւններ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեծ_Պահք» էջէն