«Մոլորակներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Azniv Stepanian տեղափոխեց էջը «Մոլորակներ(արեւմտահայերէն)»-ից «Մոլորակներ (արեւմտահայերէն)» առանց վերահղում թողնելու
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
== Լուսին ==
Լուսինը, Երկրին միակ բնական արբանեակը, կը դառնայ մեր մոլորակին շուրջ ձուաձեւ ուղեծիրի մը վրայ: Ուղեծիրի մէկ շրջանին տեւողութիւնն է 29 օր, 12 ժամ եւ 44 վայրկիան: Միեւնոյն ժամանակի ընթացքին՝ ան կը կատարէ նաեւ լման պտոյտ մը ինքն իր առանցքին վրայ: Երկրէն դէպի Լուսին միջին հեռաւորութիւնն է 384,400 քմ:
 
Լուսինը ունի Լուսինը ունի 3476 քմ. տրամագիծ: Քաշողական ուժը իր հողին վրայ վեց անգամ աւելի նուազ է, քան երկրի մակերեսին վրայ: Լուսինը մթնոլորտ չունի, ինչ որ պատճառ կ'ըլլայ, որ հոն տիրեն ծայրահեղ ջերմաստիճաններ՝ +100°C ցերեկին եւ -150°C գիշերը: Լուսինի մակերեսը, ծածկուած բազմաթիւ խոռոչներով, ունի նաեւ լեռնաշղթաներ, որոնց բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 8000 մ. ի: Ինչ որ “Լուսինի ծովեր” կը կոչեն, խորքին մէջ մութ տափաստաններ են եւ առաջին աստղաբաշխները զանոնք կարծած են ովկիանոսներ:
Լոըսինային երեւոյթներերեւոյթներ։
Լուսինը կը դառնայ Երկրին շուրջ եւ միեւնոյն ատեն կը դառնայ ինքն իր վրայ: Այնպէս որ ան միշտ կը ներկայացնէ նոյն դէմքը դիտուած Երկրէն. Լուսինին տեսանելի դէմքն է ան: Լուսինը իր սեփական լոյսը չունի, այլ՝ կը ցոլացնէ Արեւին լոյսը. ուրեմն, մշտապէս ունի լուսաւոր մաս մը եւ խաւար մաս մը: Լուսնին մեզի երեւցած տարբեր ձեւերը կը կոչուին (( երեւոյթներ)): Այս երեւոյթները տեղի կ'ունենան 29 oր 12 ժամ 44 վայրկիան տեւող շրջանառութեան մը համաձայն, որ կը կոչուի լուսնաշրջան կամ լուսնային ամիս: Նոր Լուսինին՝ Լուսինը կը գտնուի Երկրին եւ Արեւին միջեւ, միայն բարակ շերտ մը կ'երեւի իր տեսանելի դէմքէն: Երբ Լուսինը երկրին շուրջ դառնալով կը հեռանայ Արեւէն, իր երեւելի մասը, որ կը կոչուի Մահիկ հետզհետէ կը մեծնայ: Երբ Լուսինը կը հասնի Արեւէն իր ամենահերաւոր կետին, կը տեսնենք իր ամբողջական կլոր դէմքը. Ասիկա կը կոչուի Լիալուսին: Ապա հետզհետէ իր դէմքը կը պզտիկնայ: Փոքրանալու հանգրուանն է:
 
== Փայլածու եւ Արուսիակ ==
Փայլածուն եւ արուսիակը յարաբերաբար փոքր, բայց խտամարմին երկրանման մոլորակներ են: Փայփլուն Արեւին ամենամօտիկ մոլորակն է:
== Փայլածու ==
Փայլածուն 4878 քմ. ի տրամագիծ մը ունի: Արեւէն 58միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան 88 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: Ամէնէն արագ մոլորակն է: Դառնալով Արեւին շուրջ, Փայփլուն նաեւ կը դառնայ ինքն իր շուրջ 65 օրուան մէջ: Փայլածուի մէկ օրը քիչ մը աւելի երկար է քան երկրային 58 օրերը: Բազմաթիւ խորոչներ պարունակող Փայլածուի մակերեսը կը յիշեցնէ Լուսինը: Փայլածուի մթնոլորտը շատ ցած խտութիւն ունի. Այդ պատճառ կը դառնայ, որ հողին ջերմաստիճանը ցերեկին հասնի 450°C ի, ինչ որ լիովին բաւարար է կապար հալեցնելու: Ընդհակառակն, գիշերները շատ ցուրտ կ'ընէ հոն՝ -180°C : Ամերիկեան Մարինըր տիեզերաչափը զայն նկարած է 1947ին եւ կրցած է ստուգել, որ ան կը պարունակէ Լուսնին մեծութեամբ կրակէ կորիզ մը:
 
== Արուսիակ ==
Արուսիակը, Փայլածուէն ետք, Արեւին երկրորդ ամէնէն մոտիկ մոլորակն է: Մեծութեամբ նման է երկեին (12.012 քմ. ), որ յաճախ կը նկատուի անոր երկուորեակը: Արեւէն 108 մլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, անոր շուրջ կը դառնայ 225որէն: Ինքն իր վրայ կը դառնայ 243 օրէն, միւս մոլորակներու շարժումին հակառակ ուղղութեամբ: Արուսիակը, որ յաճախ կոչուած է ((Հովիւնին աստղ))ը, արեգակնային դրութեան ամէնէն լուսաւոր մոլորակն է : Արուսիակը երբեմն կ'երեւի արեւնամուտէն անմիջապէս ետք, իսկ երբեմն՝ արեւածագէն առաջ: Շրջապատուած է ամպային խիտ խաւով մը, որ գլխաւորաբար կազմուած է բնածվային կազէ: Այս 100 քմ. թանձրութիւն ունեցող խաւը Արեւի ջերմութեան կը թոյլատրէ թափանցնել մինչեւ իր մակերեսը, սակայն չ'արտօներ, որ կրկին վերադառնայ միջոց (ջերմանոցի ազդեգցութիւն): Այդ պատճառաւ, Արուսիակի հողին ջերմաստիճանը շուրջ 480°C է:
== Հրատ եւ Լուսնթագ ==
Հրատն ալ Փայլածուի եւ Արուսիակի նման վտամարմին եւ երկրանման մոլորակ մըն է: Ան Երկրէն աւելի փոքր է: Լուսնթագը, սակայն, Արեգականային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Ան երկու անգամ աւելի մեծ է, քան միւս բոլորը միասին առած:
== Հրատ ==
Հրատը երկրէն ետք մեծութեամբ չորրորդ մոլորակն է Արեգակնային Դրութեան: Իր տրամագիծն է 6794 քմ.: Արեւէն 228 միլիոն քմ. հերաւոռութեան վրայ՝ 687 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: ինքն իր շուրջ կը դառնայ 24 ժամէն եւ 37 վայրկեանէն: Իր մակերեսը ժայռոտ եւ անապատային է: Հրատը շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով մը: Ունի ջուր՝ սառած ձեւի տակ, ծովեր, մարած հսկայ հրաբուխներ, խորունկ ձորեր եւ երկու լուսիններ ( Ֆոպոս եւ Տէյմոս): Հրատը կոչուած է (( Կարմիր Մոլորակ))՝ ընդարձակ գօտիներ ծածկող իր կարմրորակ մետաղեայ փոշիին պատճառով: Գետնին փերմաստիճանն է միջին հաշուով -23°C:
== Լուսնթագ ==
142700 քմ. չափող իր տրամագիծով՝ Լուսնթագը Արեգակնային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Արեւէն 778 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան գրեթէ 12 տարիներու պէտք ունի մէկ անգամ անոր շրջանը ընելու համար. մինչ ինքն իր վրայ կե դառնայ 9,8 ժամուան մէջ:
 
Ունի 16 արբանեակներ, որոնց գլխաւորները կը կոչուին Իօ, Եւրոպա, Կանինէտ եւ ԳԱլլիստօ: Մակերեսը ծածկուած է կազային ամպով մը: Ձգողական ոյժը իր մակերեսին վրայ Երկրին կրկնապատիկն է: Այսինքն՝ մարդ մը հոն պիտի կշռէր իր երկրային կշիռքին կրկինը: Իր մթնոլորտի արտաքին խաւը շատ պաղ է (-24°C), մինչ ցած խաւերուն ջերմաստիճանը կրնան մինչեւ 27°C հասնիլ:
== Երեւակ ==
Երեւակ օղակաւոր մոլորակը Արեգակնային Դրութեան վեցերորդն է: Երէւակը ամէնէն նուազ խիտ մոլորակն է, սակայն 35 անգամ աւելի ծանր է, քան Երկիրը:
 
Իր 120660 քմ. չափող Երեւակը կ'ընէ Արեգակնային Դրութեան երկրորդ ամենախոշտ մոլորակը: Արեւէն 1430 միլիոն հեօաւորոըթեան վրայ՝ անոր շրջանը կ'ընէ 30 տարիէն: Սակայն ինքն իր վրայ լման դարձուածք կը կատարէ 10 ժամ 24 վայրկեանէն: Ան ինքն իր առանցքին շուրջ կը դառնայ այնպիսի արագութեամբ մը, որ իր հասարակածին վրայ գոյացուցած է կորնթարդ մակերես մը: Երեւակը ունի հաստատուն կորիզ մը՝ շրջապատուած հեղուկ ջրածինի խաւով մը: Ջրածինով հարուստ մթնոլորտը մասնաւորապէս անհանդարտ է: երեւակրային ուրականէ մը տասը անգամ աւելի արագ հովեր կը փչեն իր հասարակածին շուրջ: Միջին ջերմաստիճաննէ -190°C:
Երեւակը կը բնորոշուի նաեւ իր արբանեակներոըն թիւով (առնուազն 20): Ամենակարեւորը՝ Տիտան աւելի մեծ է քան Փայլածու մոլորակը:
 
Իր գծաուոր մակերեսով եւ իր լայն գոընաւոր օղակներով՝ Երեւակը մոլորակներուն ամենաշքեղն է: Հինգ օղակներ, բաղկացած միլիոնաւոր սառուցապատ ժայռի կտորներէ, կը դառնան մոլորակին շուրջ տարածութեան մը վրայ, որ աւելի մեծ է քան նոյնինքն Երեւակը:

Ուրանոս, Նեփթիւն, Պղուտոն
 
Ուրանոս, Նեփթիւն եւ Պղուտոն մոլորակները կը գտնուին Արեգակնային Դրութեան սահմաններուն մօտ: Երկրէն դէպի Ուրանոս ճամբորդութիւն մը քոնքորտ օդանաւով պիտի տեւէր առնուազն 150 տարի:
 
== Ուրանոս ==
Տող 35 ⟶ 43՝
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
[[Մշակութային Իմ Առաջին հանրագիտարանս]] [[Հրատարակութիւն CCM]] էջ [[20]] [[21]] [[24]] [[25]] [[26]] [[27]] [[28]] [[29]] [[30]] [[31]]