«Մովսէս Խորենացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
վիքիֆիկացում
Չ կետադրական, ձևաչափ, փոխարինվեց: : → ։
Տող 19.
== Կենսագրութիւն ==
 
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինքը՝ հեղինակը, իր «Հայոց պատմութեան» մէջ պատահական կերպով։ Մովսես Խորենացին ծնած է 5-րդ դարու սկզբը՝ մօտ 410-415 թթ, ենթադրաբար՝ Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը, մէկ այլ վարկածով՝ Սիւնիքի Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղը։ Ենթադրուած է, որ 15-16 տարեկան հասակին, այսինքն մօտ 427 թ, ան ուղարկուած է Վաղարշապատ։ Վաղարշապատի դպրոցը ան եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի և Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակերտներէն։ Այստեղ ան ուսած է 5-6 տարի՝ բացի հայերենէն սորուած է նաեւ յունարէն եւ ասորերէն։ 431 թ յետոյ ուսուցիչները իրեն այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքը՝ «իսկական ճեմարանում կատարելագործուելու»։ Ան օտար լեզուներ սորուեցաւ, յատկապէս յունարէն, իւրացուցած է փիլիսոփայութիւն, քերթողական արուեստ, երաժշտութիւն, ճարտասանութիւն, աստուածաբանութիւն, պատմութիւն։ Այստեղ մօտ 5-6 տարի ուսանելէն յետոյ Խորենացին եւ իր ընկերները կը վերադառնան եւ կ՛ ուղղուին դէպի Յունաստան։ Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւը կը քշէ դէպի Իտալիոյ ափերը։ Օգտուելով առիթէն՝ հայ երիտասարդներն կ՛այցելեն Հռոմի սրբավայրերը, այնուհետեւ կը մեկնին Աթենք։ Ձմեռն այնտեղ անցնելէ ետք գարնան կը վերադառնան Հայաստան Սահակ Պարթևի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուընէ ետք, այսինքն 440 թ:թ։ Այս առիթով Խորենացին անկեղծ ու խոր հուզմունքով կ՛արտահայտէ իր ապրումները. «Նույնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերու փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»։
Չնայած իրեն նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով կը զբաղուի գրական աշխատանքով.կը կատարէ թարգմանութիւններ, կը գրէ ինքնուրոյն երկեր։ նոյնիսկ ծերութեան տարիներուն պատմահայրը գնահատուած եւ արժանացած է մեծարանքի, ստացած է եպիսկոպոսական աստիճան։