«Նար-Դոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
'''Նար-Դոս (Միքայէլ Յովհաննէսեան)''' [[1867]] - [[1933]], հայ բանաստեղծ:
 
Ծնած է Թիֆլիս:Համեստ միջավայրէ` կը ստանայ կիսկատար ուսում, հակառակ ջանասիրութեան և լրջութեան: Կաւարտէ արհեստից վարժարան մը, բայց հակումը զինք կը մղէ դէպի խմբագրական ասպարէզ. կը դառնայ թերթերու սրբագրիչ: Ունեցած է առասպելական աշխատասիրութիւն:
Կաշխատակցի Թիֆլիսի թերթերէն ''«Նոր Դար»'' և ''«Սուրհանդակ»''ին: Ատեն մը ետք, կըլլայ պաշտօնեայ «Նոր Դար»ի` իբր սրբագրիչ:
[[1880]]ական տարիներուն նախ կհ փորձէ թատերական սեռը. իր նախափորձերը կհ զգացնեն Գ. Սունդուկեանի ազդեցութիւնը: Սակայն շուտով կհ կեդրոնանայ պատումի վրայ, և լոյս կընծայէ առաջին պատմուածքներ ու վիպակներ:
 
Միշտ խմբագրական պաշտօնեայ և լռակեաց ու մենաւոր մարդ` Նար-Դոս [[1900]] շուրջ կը սկսի տալ իր հասունութեան գործերը բոլորին ալ` վիպակներ և վէպեր: Իսկ [[1912]]ին, բազմաթիւ սրբագրութիւններէ և հրատարակութեան փորձերէ ետք, վերջապէս լոյս պիտի տեսնէ «Մահը» վէպը` իր վերջին տարբերակով:
Պատերազմը, Անդրկովկասի վերիվայրումները և խորհրդայնացումը փոփոխութիւն պիտի չբերեն Նար-Դոսի կեանքի միօրինակ, կանոնաւոր ընթացքին մէջ: Մինչեւ մահը, ան պիտի մնայ Վրաստանի գրողներու միութեան անդամ:
 
Իր Գործերէն`
Թատերգութիւն`
Տող 12 ⟶ 15՝
-«Սպաննուած Աղաւնին»
-«Մահը»
«ԽԱՉ ՔԱՇԻՐ ԻՆՁ ՎՐԱՅ.......»
Եթէ կեանքն ու ձգտում կհ նոյնանան, նոյնն է ըսել` թէ բոլոր ձգտումներու արմատը ապրելու ձգտումն է: Այս ճշմարտութիւնները «Ժխտականով կը փաստուին» Նար-Դոսի «Մահը» վէպով, ու յատկապէս` այս էջով:
Գրագէտը, վէպի ամբողջ երկայնքին, աստճանաբար պիտի բացայայտէ գլխաւոր հերոսներէն Շահեանի ընկճեալ ու տկար անհատականութիւնը, սեփական անարժէքութեան բարդոյթը: Զարգացում ստացած և նխթապէս ապահով երիտասարդ` ան իր հոգեկան տկարութեան վիճակին հագցուցածէ յոռետես փիլիսոփայութեան «հագուստ»:
Նշուած ներքին վիճակները երեւան պիտի գան այս էջով, ուր գործունեայ հին բարեկամ մը կայցելէ իրեն
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նար-Դոս» էջէն