«Ներսէս Դանիէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դանիէլեան Ներսէս''', եպ. ծնած է Եարփուզ (Մարաշ) Մայիս 1868ին: Ուսումը աւարտած է Սամաթ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:03, 2 Հոկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դանիէլեան Ներսէս, եպ. ծնած է Եարփուզ (Մարաշ) Մայիս 1868ին: Ուսումը աւարտած է Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը 1886ին, նախապէս 1883ին աշակերտելով Սիսի մայրավանքին: Շրջանաւարտելէ ետք ուսուցչութիւն կ’ընէ Ատանայի մէջ: 1890ին Վեհապետեան Մկրտիչ եպ.էն վրդ. կը ձեռնադրուի: Մինչեւ 1895 Առաջնորդական փոխանորդ Իսկէնտէրունի: Հայկական դէպքին՝ իբր Զէյթունի ապստամբութիւն կազմակերպող՝ 1896ին 7 ամիս կը բանտարկուի Հալէպ: Ներման արժանանալով՝ կ’աքսորուի Դամասկոս: Յետոյ Օրմանեան պատրիարքի բարեխօսութեամբ կը բերուի Պոլիս ուր 1898էն սկսեալ պատրիարքին անձնական քարտուղարութիւնը կ’ընէ եւ 10 տարի Սկիւտարի քարոզութիւն: Երկիցս կը ձերբակալուի եւ 8 Յուլիս 1905ին Եըլտըզի դժոխային մեքենային դէպքին պատճառաւ դարձեալ կը ձերբակալուի եւ Վեհապետեան սրբայանի հետ 3 գիշեր ի դիպահոջ կը մնայ Եըլտըզ՝ ուրկէ ազատ կ’արձակուի: 1907ին Կիլիկիոյ Ս. կաթողիկոսին եւ Օրմանեան պատրիարքի երաշխաւորութեամբ Սիս կ’ուղեւորի: Կիլիկիոյ ջարդէն ետքը Մարաշի եւ Էրզինի պատերազմական ատեանի առջեւ կը դատուի իբր գործակից Մուշեղ եպ.ի: Հակառակ իր սահմանադրասէր զգացումներուն՝ որով Հաճընի ինքնապաշտպանութեան առթիւ 600 Իսլամներու կեանքը պաշտպանած էր, երեքուկէս ամիս բանտերու մէջ տառապելէ ետք ազատ կ’արձակուի:

Դանիէլեան Եպ. իբրեւ գրող՝ հետեւող եղած է Խրիմեան Հայրիկի, որմէ վարձատրուած լանջախոչով: Սսական Վարդ ծածկանունը ընդունած է Հայրիկէն: Կը ստորագրէր նաեւ Սսական վարդապետ: 1910ին Հաճընէն Ատանա փոխադրուած է Առաջնորդական պաշտօնով: 1914ին Եսզղատ կը մեկնի իբրեւ Առաջնորդ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1911 Մարտին: Եղած է Ս. Գ. Հնդակեան՝ շատ կանուխէն: Ներսէս եպ. Դանիէլեան զոհ եղած է Եոզղատի արիւնալի սպանիդին:

Աշխատակցած է շատ մը թերթերու երկերն են՝ Կեանքը Առանց Հաւատքի քարոզգիրքը եւ Կաթիլ մը Ջուր Այրած Սրտերու՝ հրատարակուած: Անտիպներ՝ Կեանքը Առանց Յոյսի եւ Առանց Սիրոյ, Կաթողիկոսութիւն Հայոց Կիլիկիոյ, Կիլիկիոյ Հայոց Գաւառաբարբառը, Արիւնոտ Ծրար, Սրտի Սփոփանք, Վերջին Լեւոնի Ողբերգը:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 582: