«Նշան Պէշիկթաշլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ կետադրական
Տող 4.
== Կենսագրութիւն ==
 
Ծնած է [[Պոլիս]], ուր ստացած է նախակրթութիւն եւ միջնակարգ կրթութիւն ([[Բերա]]յի նախակրթարաններուն մէջ)։ Սկսած է ստեղծագործել պատանի տարիքէն պոլսահայ [[Մամուլ|մամլոյ]] էջերուն՝ քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղած՝ [[Հայերէն|հայերէն]]ի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան։
 
[[1922]] թվականին՝ [[Զմիւռնիոյ աղէտ (1922)|Զմիւռնիոյ մեծ աղէտ]] էն ետք, անցած է [[Յունաստան]], կարճ ժամանակ մը նուիրուած՝ «Քերքիրա»յի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեամբ։ Այնուհետեւ ([[1922]] թուականին) վերջնականապէս հաստատուած է [[Փարիզ]], ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած՝ արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։
 
Ապրած է գրականութեամբ, աշխատակցելով մեծաթիւ [[Սփիւռքահայեր|սփիւռքահայ]] թերթերու՝ «[[Յառաջ]]»ին ու Պոսթընի «[[Հայրենիք (օրաթերթ)|Հայրենիք]]»ին մինչեւ [[Աթէնք]]ի «Ազատ Օր»ին, [[Պէյրութ]]ի «Ազդակ»ին եւ «[[Սփիւռք (շաբաթաթերթ)|Սփիւռք]]»ին, առաւելաբար երգիծաբանական գործերով: Իր առաջին գործը հրատարակած է [[1927]] թուականին: Հետեւող երեք տասնամեակներուն՝ արտադրած է մեծաթիւ հատորներ մեծ մասը երգիծաբանական, ունի արձակ՝ քնարերգական երկեր, իսկ չափածոյ՝ [[Առակ|առակ]]ներ: Յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է [[Թատրոնի|թատրոնի]] հանդէպ:
 
== Գործերէն ==
Տող 21.
 
{{ծանցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:1896 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1972 մահեր (արւմտ․)]]