«Նշենի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Նշենի}} 300px|մինի|աջից|Նշենի '''Նշենի''' ({{lang-la|''Prunus dulcis''}}),...»:
 
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ջ,կ → ջ, կ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 28.
== Աճման Ընթացք ==
[[Պատկեր:Unripe almond on tree.jpg|մինի|աջից|Դեռ չհասած պտուղները]]
Նուշի կ'աճի քարքարոտ եւ աւազոտ լեռներուն վրայ, մօտաւորապէս 800 մինչեւ 1600 մ. ծովու մակարդակիւ, կը նախընտրէ [[կալցում (արեւմտահայերէն)|կալցում]]ով հարուստ հողերը։ [[Իսրայէլ]]ի մէջ կը հասնի 800 մ.-ի, [[Հայֆի (արեւմտահայերէն)|Հայֆի]] շրջանին մէջ, շատ մօտ է Միջերկրական ծովու ափերուն։ Կ'աճին խումբերով, իրարմէ 5-7 մ. հեռաւորութեան վրայ։ Շատ լուսասեր են, ունին լաւ զարգացած արմատային համակարգ։ Կը ծաղկին Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, կան շրջաններ, ուր կը ծաղկին Փետրուարին, պտուղները կը հասնին Յունիս-Յուլիս ամիսներուն։ Նշենին չորադիմացկուն ծառ է կամ թուփ, բարձրութիւնը՝ 3–6 մ.։ Տերեւները հերթադիր են, նշտարաձեւ, հարթ, կաշեկերպ։ 3-5 մ. երկարությամբ։<ref name=rhs/><ref>{{cite web|url=http://coststudies.ucdavis.edu/files/almondvs08sprink.pdf |title=University of California Sample Cost Study to Produce Almonds |format=PDF |accessdate=2012 թ․ մարտի 17}}</ref> Ծաղիկները մեծ են, սպիտակ կամ վարդագոյն։ Պտուղը կիսաչոր պատեանով կորիզապտուղ է։ Սերմը (միջուկը) կ'ըլլայ քաղցր կամ դառը՝ պայմանաւորուած ամիգդալին գլիկոզիդի առկայութեամբ (մինչև 4%)։ Չոր միջուկը կը պարունակէ ճարպեր՝ 54%, ազոտային նիւթեր՝ 21%, ոչ ազոտային նիւթեր՝ 13%, եւ այլն։ Քաղցր միջուկը՝ (նուշը) օգտագործուած է թարմ, հրուշակեղենի արտադրութեան եւ բժշկութեան մէջ, իւղ ստանալու համար, կեղեւը՝ գինիի-քոնյակի արտադրութեան մէջ, բնափայտը՝ ատաղձագործութեան մէջ։ Նշենիի տնկարկները՝ օգտագործուած են սարալանջերու հողերը Էզրոզիայէն պաշտպանելու նպատակով։ Նայիրեան նշենին Անդրկովկասի հարաւի բնաշխարհիկ է։ ՀՀ-ի մէջ, կը հանդիպի [[Սիւնիքի մարզ]]ին մէջ։ Ծաղիկները մեծ են, կարմրաւուն։ Կը ծաղկի մինչեւ տերեւներու յայտնուիլը՝ վաղ գարնան, եւ գարնան աւետաբերներէն է։
{| class="wikitable" align=left ! colspan=2|Նուշի համաշխարհային արտադրութեան տւեալները (հազար տոննայ)
|- | [[1965]] || align="right" | 615
Տող 54.
Արաբ բժիշկները նուշը համարած են բուժիչ բոյս։ [[Իբն Մասսու (արեւմտահայերէն)|Իբն Մասսու]]ն օգտագործած է տապակած միջուկը աղիներու հիւանդութիւններու, իսկ [[Մանսուր (արեւմտահայերէն)|Մանսուր]]ին` ցաւոտ միզարձակութեան դեպքին մէջ։ [[Իբն Սինան (արեւմտահայերէն)|Իբն Սինան]] նկարագրած է, թէ ի՛նչ արդիւնքներ կրնայ տալ նուշը հազի, ասթմայի, պլեւրիտի, երիկամներիեւ միզապարկի հիւնդութիններու դէպքին մէջ եւ այդ օրգաններէն քարերու հեռացման համար։ Ան «[[Բժշկական Գիտութեան Կանոններ|Բժշկական Գիտութեան Կանոնները]]» գիրքին մէջ, կը բերէ դեղատոմսեր, ուր նուշի սերմը կը նշուի իբրեւ ուղեղի աշխատանքը եւ տեսողութիւնը լաւացնող, արտաքին վէրքերը բուժող, փափկեցնող միջոց։ Ըստ [[Ագանթագեղոս (արեւմտահայերէն)|Ագանթագեղոս]]ի` նուշը անուանուած է «վայրի կաղին»։
 
[[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]] մէջ, նուշը , նշակաթը, նշաձեթը օգտագործուած են սնունդի եւ բժշկութեան մէջ։ Այդ մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ ձգած է [[Ա. Ամասիացի|Ա. Ամասիացին]].
{{քաղվածք|«Եթէ թաց նուշը ուտեն կճեպի հետ, շատ կ'օգնէ լինտերու ու բերանի խոռոչի հիւանդութիւններու դեպքին մէջ եւ կը նուազեցնէ ջերմութիւնը։ Թաց նուշը գիրցուցած է մարմինը։ Նուշը օգտակար է չոր հազի, արիւնաթքութեան, միզապարկի եւ աղիներու հիւանդութիւններու դէպքին մէջ։ Կը մաքրէ կուրծքը եւ կը հանգստացնէ միզելու ժամանակ առաջացած մրմռոցը։ Շաքարի հետ ուտելու դեպքին մէջ, կ'առատացնէ սերմնարտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտակար է թոքերու համար։ Բոուած նուշ ուտելը՝ օգտակար է ստամոքսի համար, բայց դանդաղ է մարսուելու։ Նուշի իւղը կ'օգնէ ականջի ցաւի դէպքին մէջ, իսկ բնափայտը՝ օժտուած է այն բոլոր յատկութիւններով, ինչ պտուղը։ Նուշի վնասակար ներգործութիւնը կը չեզոքացնէ շաքարը, ինչպէս նաև` թթու միրգերու օշարակը։ Դառը նուշի լաւագոյն տեսակը մեծ եւ իւղոտ կ'ըլլայ։ Մաշկին քսելու դէպքին մէջ, կը վերացնեն պեպենները, կ'օգնէ եղնջատենդի եւ էկզեմայի ապաքինմանը»։
}}
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նշենի» էջէն