«Նշենի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ջ,կ → ջ, կ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5.
 
== Կենսաբանական Նկարագիր ==
Նշենին փոքր ծառ է` 4-8 մ. բարձրութեամբ եւ 10-40 սմ. բնի տրամագծով։ Ունի զարգացած, արմատային համակարգ, որուն հետեւանքով չորադիմացկուն է։
 
Կը դիմանայ մինչեւ -25 C ցրտահարութիւններուն։ Կը ծաղկի վաղ գարնան` նախքան տերեւներու ծաղկիլը։
Տող 24.
 
== Տարածում ==
[[Պատկեր:Almond tree leaf.JPG|200px|մինի|ձախից|Նուշի տերեւները]] Առաջին անգամ յայտնաբերուած է [[Մերձաւոր Արեւելք|Մերձաւոր Արեւելքի]]ի մէջ, եւ հարակէն տարածքներուն մէջ, այդ թիւին մէջ, [[Միջերկրական Ասիա|Միջերկրական]] եւ [[Կեդրոնական Ասիա|Կեդրոնական Ասիոյ]] մէջ։ Այս շրջաններուն մէջ՝ նուշը մշակած են դեռ հինէն Ք.Ա.: Այժմ ամենաշատ մշակող երկրներներն են՝ [[Միջերկրածովեան Չինաստան|Միջերկրածովեան Չինաստանը]]ը, [[Միացեալ Նահանգներ|Միացեալ Նահանգները]]ը ([[Քալիֆորնիա]]), [[Կեդրոնական Ասիա|Կեդրոնական Ասիան]]ն եւ [[Արեւմտեան Տեան Շան|Արեւմտեան Տեան Շանը]]ը, Նիւ Յորքի մէջ,<ref name=rhs>{{cite book |last=Griffiths |first=Mark D. |author2=Anthony Julian Huxley |title=The New Royal Horticultural Society dictionary of gardening |publisher=Macmillan Press |location=London |year=1992 |isbn=0-333-47494-5}}</ref> [[Ղրիմ (արեւմտահայերէն)|Ղրիմ]]ը եւ [[Կովկաս (արեւմտահայերէն)|Կովկաս]]ը։ Նոյնիսկ Տաճիկստանի [[Կանիբադ (արեւմտահայերէն)|Կանիբադ]] քաղաքին մէջ «''նուշի քաղաք''»։
 
== Աճման Ընթացք ==
Տող 52.
== Հետաքրքիր փաստեր ==
[[Պատկեր:بادام و شکوفه بادام.JPG|մինի|աջից|ծաղկած նուշ]]
Արաբ բժիշկները նուշը համարած են բուժիչ բոյս։ [[Իբն Մասսու (արեւմտահայերէն)|Իբն Մասսու]]ն օգտագործած է տապակած միջուկը աղիներու հիւանդութիւններու, իսկ [[Մանսուր (արեւմտահայերէն)|Մանսուր]]ին` ցաւոտ միզարձակութեան դեպքին մէջ։ [[Իբն Սինան (արեւմտահայերէն)|Իբն Սինան]] նկարագրած է, թէ ի՛նչ արդիւնքներ կրնայ տալ նուշը հազի, ասթմայի, պլեւրիտի, երիկամներիեւ միզապարկի հիւնդութիններու դէպքին մէջ եւ այդ օրգաններէն քարերու հեռացման համար։ Ան «[[Բժշկական Գիտութեան Կանոններ|Բժշկական Գիտութեան Կանոնները]]ը» գիրքին մէջ, կը բերէ դեղատոմսեր, ուր նուշի սերմը կը նշուի իբրեւ ուղեղի աշխատանքը եւ տեսողութիւնը լաւացնող, արտաքին վէրքերը բուժող, փափկեցնող միջոց։ Ըստ [[Ագանթագեղոս (արեւմտահայերէն)|Ագանթագեղոս]]ի` նուշը անուանուած է «վայրի կաղին»։
 
[[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]] մէջ, նուշը, նշակաթը, նշաձեթը օգտագործուած են սնունդի եւ բժշկութեան մէջ։ Այդ մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ ձգած է [[Ա. Ամասիացի|Ա. Ամասիացին]]ն.
{{քաղվածք|«Եթէ թաց նուշը ուտեն կճեպի հետ, շատ կ'օգնէ լինտերու ու բերանի խոռոչի հիւանդութիւններու դեպքին մէջ եւ կը նուազեցնէ ջերմութիւնը։ Թաց նուշը գիրցուցած է մարմինը։ Նուշը օգտակար է չոր հազի, արիւնաթքութեան, միզապարկի եւ աղիներու հիւանդութիւններու դէպքին մէջ։ Կը մաքրէ կուրծքը եւ կը հանգստացնէ միզելու ժամանակ առաջացած մրմռոցը։ Շաքարի հետ ուտելու դեպքին մէջ, կ'առատացնէ սերմնարտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտակար է թոքերու համար։ Բոուած նուշ ուտելը՝ օգտակար է ստամոքսի համար, բայց դանդաղ է մարսուելու։ Նուշի իւղը կ'օգնէ ականջի ցաւի դէպքին մէջ, իսկ բնափայտը՝ օժտուած է այն բոլոր յատկութիւններով, ինչ պտուղը։ Նուշի վնասակար ներգործութիւնը կը չեզոքացնէ շաքարը, ինչպէս նաև` թթու միրգերու օշարակը։ Դառը նուշի լաւագոյն տեսակը մեծ եւ իւղոտ կ'ըլլայ։ Մաշկին քսելու դէպքին մէջ, կը վերացնեն պեպենները, կ'օգնէ եղնջատենդի եւ էկզեմայի ապաքինմանը»։
}}
Տող 65.
Հետաքրքիր է նուշի համաշխարհային արտադրութեան դինամիկան. [[1985]]-[[2009]] թուականներուն ինկած ժամանակաշրջանին՝ ան աճած է ճիշտ երկու անգամ, ըստ որուն, կէսը արտադրուած է [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի մէջ։ Այս երկիրը աւելացուցած է արտադրանքը երեք անգամ։ Պատճառը կարծես թէ՛ [[կրածին]]ի իւրացման խնդիրն է։
 
Նուշի ցուցանիշները կը գերազանցեն իւղալի [[կաթնաշոռ]]ը, [[պնտուկ]]ը, [[գազար]]ը, [[բազուկ]]ը եւ այլն։ Մէկ այլ ուսումնասիրութեամբ նուշը կը դասուի՝ սելէն պարունակող հինգ լաւագոյն մթերքներու շարքին, եթէ աւելանենք, որ նուշը կը պարունակէ բաւարար քանակութեամբ կենսանիւթեր ապա կարելի է ենթադրել, որ ան կը դիտուի իբրեւ քոէնզիմ յատկութիւն ունեցող նիւթ։ Յիշենք պատմական փաստը, երբ [[20-րդ դար|20-րդ դարու]]ու 80-ականներէն [[Ճաբոն]]ի միկատոյի հրամանով՝ բնակչութիւնը կ'ընդունի` «Քոէնզիմ -10», որ կ'արտադուի ջրիմուռներէն եւ կը համարուի լաւագոյն հակաօքսիդանտ։
 
Կարեւոր հետեւութեան եղած են [[Քոնեքդիքկուդի համալսարան]]ի գիտնականները։ Անոնք ուսումնասիրած են նուշի ազդեցութիւնը նիւթափոխանակութեան վրայ եւ հիմնուելով մեծածաւալ տուեալներու վրայ, յայտարարած են, որ 1 ամիս շարունակ օրը 25-165մգ. նուշ ուտողներու մօտ զգալիօրէն նուազած է մաղձաճարպի պարունակութունը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նշենի» էջէն