«Նորվեկիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 127.
 
Երկրի հարաւային հատուածին մէջ յայտնապերուած են մ․թ․ա․ 5,000-ին թուագրուող բնակատեղիներ։ Այս բնակատեղիներէն յայտնաբերուած գտածոները թոյլ կու տան ենթադրել, որ անոնք որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ զպաղած են։ Գործիքները կը տարպերին չափերով եւ սովորաբար պատրաստուած են տարբեկէտր տեսակի քարերէ։ Ուշ շրջանի գործիքները աւելի լաւ պատրաստուած են։ Որսորդութեան եւ ձկնորսութեան շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, ուր պատկերուած են եղնիկներ, արջեր, թռչուններ, որմզդեղներ, հիւսիսային եղջերուներ, փոկեր, կէտեր եւ ձուկեր (հատկապէս՝ սաղմոն ու վահանձուկ), որոնք բոլորը կարեւոր էին այստեղ բնակող մարդոց կեանքին համար։ Ֆինմարկի Ալտայի փորագրութիւնները, որոնք Սքանտինաւեան երկրներուն մէջ ամենամեծն են, ստեղծուած են ծովու մակարդակի վրայ, մ․թ․ա․ 4,200-500-ններուն եւ ցոյց կու տան ջուրի մակարդակի բարձրացումը վերջիին սառէ դարաշրջանի աւարտէն ետք։
 
=== Պրոնզէ Դար ===
Մ․թ․ա․ 3000-2500-ններուն Արեւելեան Նորվեկիա թափանցեցին նոր բնակիչներ (ռազմական կացիններու մշակոյթ): Անոնք հնդեւրոպական հողագործներ էին, որոնք հացահատիկ կ՛աճեցնէին եւ կովեր ու ոչխարներ կը պահէին։ Արեւմտեան ափի ձկնորս-որսորդներու պոպուլեացիները նոյնպէս հետզհետէ փոխարինուեցան հողագործներու ժողովուրդներով, չնայած այն իրողութեան, որ որսորդութիւնն ու ձկնորսութիւնը որպէս կեանքի պահպանման երկրորդական միջոցներ կը մնային։
 
Մ․թ․ա․ 15000-ին հետզհետէ պրոնզը յայտնաբերուեցաւ, բայց քարը տակաւին կը շարունակուէին օգտագործուիլ։ Նորվեկիայի տարածէն քիչ քանակով պրոնզէ իրեր յայտնաբերուած են, եւ գտածոները հիմանականին զէնքեր են եւ ապարանջաններ, որ կրնան իրեն միայն առաջնորդը թոյլ տալ։ Հսկայ դամբարաններ պատրաստուած են ծովափին՝ հիւսիսի վրայէն ձգուելով մինչեւ Հարստադ, ինչպէս նաեւ հարաւի վրայ՝ ցամաքի վրայ։ Ժայռապատկերները կը տարբերուէին քարէդարեան ժայռապատկերներէն։ Արեւի, կենդանիներու, ծառերու, զէնքերու, նաւերու եւ մարդոց պատկերները յատուկ ոճ ունէին։
 
Այս շրջանի հազարաւոր ժայռապատկերները կը պարունակեն նաւերու պատկերներ, հսկայ քարէ դամբարանային յուշարձանները, որոնք յայտնի են քարէ նաւեր անուանումով, ցոյց կու տան, որ նաւագնացութիւնն ու նաւերը մեծ դեր խաղցած է այս մշակոյթին մէջ<ref>Ling 2008. ''Elevated Rock Art''. GOTARC Serie B. Gothenburg Archaeological Thesis 49. Department of Archaeology and Ancient History, University of Gothenburg, Goumlteborg, 2008. ISBN 978-91-85245-34-5.</ref>։
 
== Արտաքին Յղումներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նորվեկիա» էջէն