«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ r2.7.1) (Ռոբոտը ավելացնում է․: pl:Mateusz z Edessy |
Rob (քննարկել | Ներդրումներ) No edit summary |
||
Տող 1.
{{wikify}}
'''Մաթէոս Ուրհայեցի''' Իր մասին կը պակսին կենսագրական տեղեկութիւններ: Յայտնի է թէ ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ՝ այսինքն Ուրհայի մէջ, որմէ առած է Ուրհայեցի կոչումը:
Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ: Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին (1050 –ական թուականներուն եւ վախճանած՝ 1136-1144 թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ միչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուրհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցավ 1144-ին: Կարծիք կայ որ ան զոհուած ըլլայ Նուր-էդ-դինի հայր Իմադ-էդ-դին Զանգիի կողմէ 1144 թուականին Ուրհայի գրաւման ժամանակ:Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը : Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուրհան, որու վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ եղած է երեց վանական:
Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը: Ուրհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը: Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով միայն թէ՝ բարեբախտաբար հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը: Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ: Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն այսինքն շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած:
Տող 13 ⟶ 12՝
Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ Միջագետքի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ Կիլիկիոյ վրայ: Ուրհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուրհայէն ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոն էր վերոյիշեալ շրջաններուն:
Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներու եւ շրջաններու միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ յոյներու, խաչակիրներու, արաբներու, սելջուկներու իրադարձութիւնները:
{{վիքիքաղվածք}}
|