«Եղիշէ Չարենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: : → ։ (3), → (2)
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Եղիշե Չարենց}}
'''Եղիշէ Չարենց''' (Սողոմոնեան) [[1897]]-[[1937]], ծնած է [[Մակու]] (հիւսիս, [[Պարսկաստան]]):։ Շատ փոքր տարիքին՝ ընտանիքը կը գաղթէ [[Կովկաս]]։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ'ապրի [[Կարս]]ի մէջ, ուր կը ստանայ ուսումը։
 
[[1914]]ին, կը մտնէ կռուելու կամաւորական գունդերուն մէջ։ Տարի մը ետք, երթալով [[Մոսկուա]]՝ բարձրագոյն կրթութեան համար, կը դառնայ համայնավար ու կը մտնէ [[Կարմիր Բանակ]]։
Տող 7.
Կը հրատարակէ քնարական քերթուածներ, ապա՝ «Տանթէական Առասպել»ը՝ պատերազմի փորձառութենէն։ [[1918]]էն կը սկսի հրատարակել գործերը՝ («Ամբոխները խելագարուած»),զոր կը ցոլացնէ միջազգայնական նոր հաւատքը, յետագային, զինք դարձնելով համայնավար յեղափոխութեան գլխաւոր երգիչներէն մին։
 
Բայց [[1919]]ին, նորանկախ Հայաստան դարձին՝ Չարենց դեռ անծանօթ, գիւտարար-քննադատ [[Նիկոլ Աղբալեան|Ն․Աղբալեան՝]] կրթութեան նախարար, զինք «կը գտնէ» ու կը քաջալերէ:քաջալերէ։
 
[[Հայաստան]]ի խորհրդայնացումէն ետք, Չարենց ուսանողութեան երկրորդ շրջան մը կ'անցնէ [[Մոսկվա|Մոսկուա]] ([[1922]]-[[1923]]), ապա՝ [[Երեվան|Երեւան]] դարձած, կը լծուի գրական գործունէութեան։
 
Աւելի քան տասնամեակ մը, կ'ունենայ բեղուն գործունէութիւն։ Բայց միջազգայնական խանդավառութիւնը մարած է քիչ-քիչ, տեղի տալով ազգայինին։ «Գիրք Ճանապարհի» երկը [[1933]]ին, յայտնի ու ծածուկ պատգանմերով, հայութեան «հաւաքկան ուժի» հրամայականը կը շեշտէ։ Արդէն խորհրդային միութիւնը նահանջած է սկիզբի իր միջազգայնական դիրքերէն:դիրքերէն։
 
[[Ստալին]]ի մենատիրական ու հակահայ ելոյթներուն զոհ կը դառնայ Հայաստանի խորհդային ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան մէկ կարեւոր մասը։ «Մաքրագործման» յաջորդական ալիքներուն մէջ, Չարենց եւս կ'ենթարկուի հալածանքի՝ որոշ գրչեղբայրներու մատնութեան հետեւանքով։ Ի վերջոյ բանտարկուած՝ կը մեռնի բանտին մէջ։
 
{{DEFAULTSORT:Չարենց, Եղիշէ}}