«Գրիգոր Չիլինկիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Գրիգոր Չիլինկիրեան''', ծնած՝ [[Իզմիր]] ([[1839]])–ին։ Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը Եդոպիացի Հաճի Յովակիմին։
Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն [[Մեսրոպյան դպրոցներ|Մեսրոպեան]] վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած [[Հայերեն|հայերէն]]ի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը թողու վարժարանը՝ ստիպմամբ իր ծնողքին։ Այն միջոցին ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան, իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ դիւցազուն։ Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր [[Կրթություն|կրթութիւն]]ը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումները ինքն իրեն՝ ո՛չ միայն կը կատարելագործէ, այլ ե՛ւ [[Հունարեն|յունարէն]], [[Իտալերեն|իտալերէն]], [[Ֆրանսերեն|ֆրանսերէն]] լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ [[Հիշողություն|յիշողութեան]] եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1860]] թուականը (եօթը տարուայ շրջան մը)։