«Ջղային Անախորժակութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ
Չ ջնջվեց: <nowiki/> (8) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
'''Ջղային անախորժակութիւնը''' (anorexia nervosa) կը յատկանշուի նիհարնալու տենչով, գիրութեան [[Վախ (արեւմտահայերէն)|վախ]]<nowiki/>ով, ընդունելի եւ բնական մարմինի ծանրութեան [[կշիռք]]<nowiki/>ի մերժումով ու կիներու մօտ [[Դաշտան (արեւմտահայերէն)|դաշտան]]<nowiki/>ի խանգարումով (amenorrhea)<ref>{{cite book|author1=Sari Fine Shepphird|title=100 Questions & Answers About Anorexia Nervosa|date=2009|publisher=Jones & Bartlett Learning|isbn=9781449630799|page=xvi|url=https://books.google.ca/books?id=7EzgUvR1SIsC&pg=PR16}}</ref><ref name=Attia2010>{{cite journal | author = Attia E | title = Anorexia Nervosa: Current Status and Future Directions | journal = Annual Review of Medicine | volume = 61 | issue = 1 | pages = 425–35 | year = 2010 | pmid = 19719398 | doi = 10.1146/annurev.med.050208.200745 }}</ref>: Անիկա շատ բարդ եւ լուրջ բժշկական հարց մըն է։ Այս անուանումը հաւանաբար սխալ եղած է, որովհետեւ ենթականները ախորժակ կ'ունենան, սակայն նախապաշարուած կ'ըլլան կերակուրով: Այս հիւանդութենէն տառապողներուն 95 տոկոսը կիներ են<ref name=NIH2015>{{cite web|title=What are Eating Disorders?|url=http://www.nimh.nih.gov/health/topics/eating-disorders/index.shtml|website=NIMH|accessdate=24 May 2015}}</ref>: Անիկա ընդհանրապէս կը սկսի [[Պատանեկութիւն|պատանեկան]] տարիներուն: Ջղային անախորժակութեան հիմնական պատճառը անորոշ է, սակայն արդի կենցաղային մօտեցումներուն հետեւանքով նիհարնալու կամ նիհար տեսնուելու փափաքը տիրական ազդակ է<ref>{{cite journal|last1=Arcelus|first1=J|last2=Witcomb|first2=GL|last3=Mitchell|first3=A|title=Prevalence of eating disorders amongst dancers: a systemic review and meta-analysis.|journal=European eating disorders review : the journal of the Eating Disorders Association|date=March 2014|volume=22|issue=2|pages=92–101|pmid=24277724|doi=10.1002/erv.2271}}</ref>:
 
== Յաւելեալ ==
 
Մասնագէտ հոգեբոյժներու համաձայն՝ անհատական ճնշուածութիւն, առանձնութիւն, անապահովութիւն, կատարեալին ձգտում, բարդ հարցեր եւ զգացական կացութիւններ ունեցողները աւելի հակամէտ կ'ըլլան ունենալու ջղային անախորժակութիւն, քան ուրիշներ: Ըստ մասնագէտներուն՝ հիմնական հարցը ընկերային, զգացական եւ [[Կենսաբանութիւն|կենսաբանական]] (biological) խորք ունի: Ծնողական պարտադրանք, ընկերային շրջանակի ճնշում, մարմնական լաւ երեւոյթ ունենալու մարմաջ եւ պարուհի դառնալու փափաք՝ որոշապէս մեծ դերակատարութիւն ունին այս [[Հիւանդութիւն|հիւանդութեան]] յառաջացման մէջ:
Այս հիւանդութենէն տառապողներուն անհատականութիւնը (self-esteem) հիմնուած է որքանով նիհարնալու եւ կշիռք կորսնցնելու վրայ: Անոնք կը խորհին, որ ուրախ պիտի ըլլան, եթէ կշիռք կորսնցնեն: Անոնց հիմնական նպատակը նիհարնալն է եւ ո՛չ թէ [[առողջութիւն]]<nowiki/>ը: Անոնք նախպաշարուած են միայն իրենց մարմինին երեւոյթով։
 
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը [[Տնտեսութիւն|տնտեսական]] լաւ վիճակ ունեցողներ են: Անոնք կ'ըլլան շատ բծախնդիր, ուշիմ եւ լաւագոյնին, կատարեալին ու մեծ յաջաղութեան ձգտողներ: Անոնք շարունակ կերակուրի մասին կը մտածեն եւ կը խօսին, կը սերտեն կերակուրներու տեսակները եւ սննդեղէններու [[Ջերմուժ|ջերմոյժ]]<nowiki/>ի քանակը, շուկայի պատրաստ կերակուրներու տուփերուն վրայ գրուած գրութիւնները շարունակ կը կարդան, կերակուրի պատրաստութեան թերթիկները կը պահեն, կերակուր պատրաստելու դասընթացքներու կը հետեւին, սննդականոնի գիրքեր կը կարդան, ճաշացուցակներ կ'ուսումնասիրեն, դժուար եւ բարդ կերակուրներ կը պատրաստեն ուրիշներու համար, յաճախ կը ստեն իրենց կերածին մասին, իրենց կերակուրը գաղտնի տեղ մը կը պահեն կամ կը թափեն, որպէսզի չուտեն: Անոնք շատ քիչ կ'ուտեն, կը հետեւին զօրաւոր սննդականոնի, կը սպառեն քիչ [[Շաքար (արեւմտահայերէն)|շաքար]] պարունակող սննդեղէններ, հանրութեան դիմաց չեն ուտեր եւ կը փորձեն փախուստ տալ, կը մերժեն հրամցուած կերակուրը, շատ կը ծամեն եւ ծամելէ ետք կուլ չեն տար: Որքան նիհարնան, այդքան աւելի նիհարնալ կ'ուզեն:
 
Ջղային անախորժակութենէ տառապող անձը կ'ունենայ փքուածութիւն, փորի անորոշ ցաւ, փորի [[պնդութիւն]], սեռային կեանքի նկատմամբ անտարբերութիւն, ընկճուածութիւն, թեթեւ մարմնական ջերմ, դաշտանի խանգարում, եւ անդաշտանութիւն (amenorrhea), ջրանուազում (dehydration), [[Սիրտ (արեւմտահայերէն)|սիրտ]]<nowiki/>ի զարկի դանդաղանք եւ անկանոն տրոփում, [[Զարկերակներ (արեւմտահայերէն)|զարկերակ]]<nowiki/>ային ճնշումի նուազում, սիրտի աշխատանքի դանդաղում եւ երբեմն սրտականգ (cardiac arrest):
 
Այս անձերը կը հետեւին ծանր եւ երկարատեւ մարզանքի եւ կ'ըլլան շատ շարժուն: Անոնք չեն ընդունիր, որ հարց մը ունին, չեն ուզեր բժիշկ տեսնել եւ կը մերժեն դարմանումի բոլոր ձեւերը:
Տող 28.
10 տոկոսը ջղային անախորժակութիւնէ տառապող հիւանդներուն, որոնք դարմանումի չեն ենթարկուիր կ'ունենայ վատ հետեւանքներ, մինչեւ իսկ մահ:
 
Յառաջացած պարագաները պէտք է ենթարկուին շտապ դարմանումի եւ հիւանդանոցային խնամքի ու հսկողութեան: Անոնց կը կիրարկուին ներերակային [[Հեղուկ (արեւմտահայերէն)|հեղուկ]]<nowiki/>ներ եւ [[Աղ (արեւմտահայերէն)|աղ]], կրածին (calcium), D [[կենսանիւթ]] եւ առողջապահական սննդեղէններ: Շատեր պէտք կ'ունենան հոգեբուժական դարմանումի: Ջղային անախորժակութիւն ունեցող անձը երբ առողջ ինքնաճանաչում ունենայ եւ ընդունի, որ հիւանդագին հարց մը ունի՝ կրնայ դարմանուիլ շուտով եւ վերջնականապէս:
== Տե՛ս Նաեւ ==
*[[Փայծաղ (արեւմտահայերէն)]]