«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 20.
=== Ուսուցչական Մասնաժողովը ===
Կը բաղկանայ վարժարանին բարձրագոյն երեք դասարաններուն գիտութեանց եւ լեզուներու ուսուցիչներէ, ատենապետութեամբ վերատեսուչին: Մասնաժողովին պաշտօնն է, որոշել դասաւանդուելիք ուսմանց նիւթերն ու արհեստները, կազմել անոնց մանրամասն ծրագիրը, ընտրել դասագիրքերը եւլն.:
 
Ուսումնական բաժնէն զատ մասնաւոր խնամք տարուած է նաեւ վարժարանին արհեստական բաժնին, որուն ընթացքը չորս տարի որոշուած էր: Արհեստի հետեւող տղաքը երկու տեսակ էին եւ օրական մէկ երկու ժամ կը յատկացնէին արհեստ սորվելու եւ անոնք որոնք միայն արհեստ կը սորվէին: Մինչեւ 1901 արհեստանոցը ունեցաւ 16 շրջանաւարտներ: Ասոնցմէ կազմարարները զբաղեցան վարժարանին գիրքերը կազմելով: 1892-93ին արհեստաւոր ցերեկեայ աշակերտներուն յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ հոգաբարձութիւնը, ըստ որուն աշակերտներուն նուիրել որոշեց վաճառելի ապրանքներու զուտ շահին %25ը, որ պէտք էր յանձնուէր աշակերտին, իր արհեստագիտական ուսման ընթացքը աւարտած ժամանակ:
 
Իր գոյութեան 34 տարիներուն ընթացքին Սանասարեան Վարժարանը տուած է 1000էն աւելի ընթացաւարտներ: 1915ին աւերուած է Սանասարեանը:
<references />