«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
No edit summary
Տող 16.
'''Սեբաստացի Մուրատ'''([[1874 թուական|1874]], [[Սեբաստիա]] - [[4 Օգոստոս]] [[1918 թուական|1918]]), Սեբաստիոյ առասպելական դէմքերէն՝ Ֆիտայի եւ հայդուկապետ, հայ ազատագրման շարժուման մասնակցած հայ ֆիտայի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։<ref>{{cite book|last=Lewy|first=Guenter|title=The Armenian massacres in Ottoman Turkey: a disputed genocide|year=Nov 21, 2005|publisher=University of Utah Press|pages=31}}</ref>
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ Հովիւերբ ըլլալէհովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, ապաՄուրատ հողագործութեամբսպաննեց զբաղելէյարձակող ետքթուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, երիտասարդբայց տարիքինփոխարէնը՝ մեկնածհօրը էբանտարկեց Կոստանդնուպոլիս։եւ ԱնՄուրատ Սոցիալստիպուեցաւ դեմոկրատյանձնուիլ, Հնչակեանորպէսզի կուսակցութեանփրկէ մասհօրը։ կըԲանտարկուեցաւ, կազմէբայց 1890-ականկարճ՝ թուականներունքանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ կըերեկոները մասնակցաիդպրոց հայյաճախեց՝ ազատագրմանտարրական շարժուման՝ուսման եւ ընդդէմգրագիտութեան Օսմանեանտիրանալու Կայսրութեան։համար։
 
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս|Պոլիսէն]] իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
Ահաբեկելէ ետք Հայ լուրատուր մը, ան կը մեկնի [[Յունաստան]], ապա [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]։ Անդամ կ՛ըլլայ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն|Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան]], կը սկսի Ֆիտայական շարժուման, եւ կը մասնակցի այլ յեղաբոխութիւններու Համիտեան Արշաւանքներու դէմ։ 1904-ին մէծ դեր կը խաղայ [[Սասնոյ Ապստամբութիւն (1904)|Սասնոյ ապստամբութեան]]<ref name="Mourat">Garegin Pasdermadjian, "Why Armenia Should be Free: Armenia's Role in the Present War," translated by Aram Torossian, page 22.</ref> Հայ-Թաթար ջարդերուն (1905-1907, [[Զանգեզուր (արեւմտահայերէն)|Զանգեզուր]]), ան մասնակցած է Սիւնիքի ազատագրման պայքարներուն, ուր 50 ձիաւորներով պաշտպանած է Հայ ժողովուրդը ջարդերէն<ref name="Mourat" />: 1908-ին Երիտասարդ Թուրքերուն իշխանութեան տակ եղած ատեն, եղած է շատ մը յեղաբոխութիւններ, որ թոյլ տուած է Սեբաստացի Մուրատին, որ վերադարնայ Օսմանեան Կայսրութիւն, ուր ան աշխատած է [[Վան (արեւմտահայերէն)|Վանի]] մէջ։
 
[[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]] եւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], [[Հրայր Դժոխք (արեւմտահայերէն)|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ|Գէորգ Չաւուշի]] կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[Աղթամար կղզի (արեւմտահայերէն)|Աղթամար կղզի]] հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։
== Առաջին համաշխարհային պատերազմ ==
 
Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը 1915-ին, Թուրքերը ղրկուած էին ցերբակալելու Մուրատին<ref>Murad Meneshian, ''The Village of Govdun'', in "Armenian Sivas and Lesser Armenia", ed. Richard G. Hovannisian, 2004.</ref>: Երիտասարդ Թուրքերը խօստացած էին հայ ժողովուրդին, որ իրենք ցերբակալելէ ետք Մուրատը, ազատ պիտի արձակեն հայ ժողովուրդը։ Շատ մը հայեր, մանաւանդ՝ երեցները, որոնք մերժած էին լքել իրենց հողերը եւ տուները, սկսան գանգատիլ Երիտասարդ Թուրքերուն։ Սեբաստացի Մուրատ իր խումբին հետ փախաւ լեռները եւ պատերազմեցաւ թուրքական բանակին դէմ։ 1915-ի Աշնան ան հասաւ մինչեւ սեւ ծով, եւ նաւով կը մեկնեցաւ ռուսական նաւահանգիստ։ Ան ճամբորրդեց Թիֆլիս եւ ռուսական բանակին մաս կազմեց<ref>{{cite web|url=http://www.genocide.ru/enc/murad.htm|title=Мурад Себастаци|work=genocide.ru}}</ref>:
[[1905]]-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, [[Նիկոլ Դուման (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Դումանի]] ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս [[Զանգեզուր|Զանգեզուրի]] եւ [[Նախիջեւան|Նախիջեւանի]] ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
 
[[1906]]ին վերադարձաւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Հ.Յ.Դ]]. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։
 
[[1908]]-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիա]]։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ [[1910]]ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ [[Դանիել Վարուժան (արեւմտահայերէն)|Դանիէլ Վարուժանի]] կնքահայրութեամբ (որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր քերթուածներէն մէկը)։
 
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Ան ետքը Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի [[Պաթում|Պաթում]] (Մուրատի ոդիսականին պատմականը կատարած է [[Զապէլ Եսայեան]])։
 
[[Կովկաս (արեւմտահայերէն)|Կովկաս]] հասնելով՝ Մուրատ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական շարժման։ Ռազմաճակատներու վրայ, իր խոյանքներով, միշտ կացութիւններ փրկեց։ Եւ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ՝ Սեբաստացի Մուրատ եւ [[Կայծակ Առաքել]] պատմական տարողութեամբ փրկարար գործեր կատարեցին։
 
Ռուսական զօրքի նահանջէն եւ, այնուհետեւ, լենինեան «տուն-դարձ»ի կոչէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած եւ եղբայրացած էին, կը մեկնին Պաքու՝ որ իրենց ընկերոջ Համազասպի հրամանատարութեան տակ հայ քաջորդիներու շարքերուն մէջ կռուին։ [[4 Օգոստոս]] [[1918]]-ին նահատակուեցաւ Մուրատ՝ պատրաստելով յաջորդ օրուան, [[5 Օգոստոս]] [[1918]]ի Պաքուի հայութեան յաղթանակը Նուրի փաշայի թրքական զօրքերուն դէմ։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Տող 28 ⟶ 39՝
== Այլ Էջեր ==
* [http://www.armenweb.org/espaces/louise/reportages/Mourad-sebastia.html Mourad de Sébasti. Par Isabelle Kaprielian-Churchill]
* [http://www.arfd.info/hy/?p=4512 - ARF Official Page - Sepasdatsi Mourad]
* [http://genocide.ru/enc/murad.htm Мурад Себастаци]
 
[[Կատեգորիա:Ռազմական գործիչներ (արւմտ․)]]