«Պարոյր Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ն,ա → ն, ա oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5.
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Արարատեան դաշտի գիւղերէն` [[Զանգակատուն (Արարատի մարզ)|Զանգակատուն]]ի մէջ։ Ուսումը ստացած է [[Երեւան]]ի համալսարսանէն՝ լեզուի եւ գրականութեան ճիւղեր։
 
Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը [[1945]]-ին աւարտելէ եւ ՀՍՍՀ ակադեմիայի Գրականութեան հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951-ին Սեւակ ընդունուած է [[Մոսկուա]]յի [[Մաքսիմ Կորքի]]ի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով` միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարած իբրեւ դասախօս:
 
Դեռ ուսանող` սկսած է գրել։ [[1948]]–էն հրատարած է բանաստեղծութեան իր յաջորդական ժողովածուները։ Գործած է [[Մամուլ|մամլոյ]] մէջ` իբր անդամ խմբագրութիւններու։
[[1915]]–էն շարունակած է բարձրագոյն ուսումը [[Մոսկուա]]յի գրականութեան հիմնարկին մէջ, ուր դարձած է դասախօս։ Այս շրջանէն, արդեն իսկ, սկսած էր դառնալ հայ գրականութեան տիրող անուններէն՝ իբր ինքնատիպ [[Բանաստեղծություն|բանաստեղծ]] եւ ուժեղ խառնուածքով մտաւորական։ Այսպէս, իր «''Անլռելի [[Զանգակատուն]]''»ը՝ նուիրուած [[Կոմիտաս]]ի (1959), պիտի ունենար զանազան հրատարակութիւններ բացի [[Հայաստան]]էն՝ նաեւ [[Սփիւռք]]ի մէջ, յատկապէս [[Պէյրութ (արևմտահայերեն)|Պէյրութ]] եւ [[Թեհրան (արեւմտահայերէն)|Թեհրան]]: Աւելի ետք, նոյնպէս ընդուննելութիւն պիտի գտնէր «''եղիցի լոյսը''» (1971) ։
 
[[1963]]–ին [[Երեւան]] է, իբր գրականութեան հիմնարկին աւագ գիտաշխատող։ [[1967]]–ին պաշտպանած իր աւարտաճառը՝ [[Սայաթ Նովա (արեւմտահայերէն)|Սայաթ Նովա]]յի մասին, կը դառնայ կարեւոր ներդրում իր մարզին մէջ։ [[1966]]–էն կ'ըլլայ քարտուղար՝ [[Գրող (արեւմտահայերէն)|Գրող]]ներու միութեան վարչութեան։