«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Մահը: Սիամանթոն սպաննուած չէ Ռուբէն Սեւակի ու Դանիէլ Վարուժանի հետ։
Տող 66.
1915-ի թուրքական եաթաղանի զոհ դարձած Ռուբէն Սեւակ ոչ միայն խօսքով ու գրիչով կը պաշտպանէր իր գաղափարները, այլեւ կեանքի գնով կ'ապացուցէ ժողովուրդին անմնացորդ նուիրուածութիւնը։
11(24) Ապրիլ 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը։
Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ՝ (չեթեճի)աւազակապետ Արապաճի ԻսմայիԻսմայիլի, աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ։ Չանղըրըի չերքեզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է, «Ես չեմ կրնար Պոլ­իսէն եկած հրա­ման մը չգոր­ծադ­րել»։ Ռուբէնը ազատելու համար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր սաները՝ գերմանական բանակի պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը։ Բոլորն ալ՝ ապարդիւն։
12 Օգոստոս, 1915-ին, 12(25)-ին հեռագրած է կնոջը, թէ՝ [[Դանիէլ Վարուժան]]ի հետ կը գտնուի Այաշի բանտին մէջ։13 (25/26) Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Կալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թյիւնէ (Թյիւնայ, Թյիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (այդորոնց թիւին մէջ՝շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանն ու ՍիամանթօնՎարուժանը), թուրք չեթեներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով՝ 30 տարեկանին։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
Մահէն առաջ թուրք դահիճները Ռուբէն Սեւակին կ'առաջարկեն ընդունիլ մահմետականութիւնը, ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի աղջկան հետ եւ փրկել իր կեանքը։ Ռուբէն Սեւակի հետ աքսորավայրին մէջ գտնուող երեւելի հայ գործիչները կը համոզէին իրեն ընդունիլ առաջարկը եւ փրկուիլ։
Սակայն Ռուբէն Սեւակ հաւատարիմ կը մնայ իր ընտանիքին, իր զաւակներուն։ Ան հաւատարիմ կը մնայ իր ժողովուրդին եւ կը գերադասէ մահը կեանքը ստորաբար շարունակելու ողորմելի հեռանկարէն…
Տող 74.
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Սիլիվրի Պոլսոյ մերձակայ, ծովափնեայ գիւղ մը եղած է մինչեւ 1915: 160 տան մէջ բնակող 1000 հայ կը հաշուէր իր բնակիչներու շարքին։ Ասքանազեան վարժարանի կողքին, կար նաեւ Ս․ Գէորգ եկեղեցին։ Չիլինկիրեանները գիւղաքաղաքի հարուստ ընտանիքներէն էին։ Իրենց ունեցած աւելի քան տասը կալուածաթուղթերը տակաւին կարելի է տեսնել Յովհաննէս-Իրմա Չիլինկիրեանի յիշատակի տան մէջ, [[Նիս]]։ Ռուբէն Սեւակ նամակի մը մէջ կը խոստովանէր, թէ եթէ բժիշկ չըլլար, ապա պիտի ուզէր զբաղիլ հողագործութեամբ։ Եւ իր երազն էր օր մը վերադառնալ Սիլիվրի ու զբաղիլ հողագործութեամբ։ «Ամենավերջին փափաքս է օր մը կարենալ գիւղ քաշուիլ ու կեանքիս վերջին տարիները դաշտերուս ու հողերուս վրայ անցընել լռութեան ու բնութեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նամակի մը մէջ։
 
Սեւակի նահատակութենէն ետք, տունը կանգուն կը մնայ։ Հայրն ու մայրը այնտեղ կը գտնուէին։ Հայրը կը մահանայ 1920-ականներուն, Սիլիվրիի մէջ, երբ գիւղաքաղաքը կը գտնուէր յունական բանակի գրաւման տակ։ Յոյները Սեւակենց տան վերնայար կը վերածեն բանակային կեդրոնատեղիի։ Սեւակին հայրը՝ Յովհաննէս երբ կը մահանայ, յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի զինուորական պատիւներով, քանի որ ան հայրն էր օսմանեան բանակի հարիւրապետ՝ Ռուբէն Սեւակի։ Բանաստեղծին մայրը՝ Արմաւենի Չիլինկիրեան, յունական բանակին հետ կը լքէ հայրենի քաղաքը, կը մահանայ 1934-ին, Սելանիկի մէջ, ուր կը թաղուի հայկական գերեզմանատան մէջ<ref>[https://narekian.wordpress.com/ Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով:]</ref>։