«Սուրբ Ծնունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 16.
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ՝ Ս. Ծննդեան նախորդող մէկ շաբաթը պահոց շրջան է։30 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]էն մինչեւ 5 Յունուարի գիշերը մարդիկ պահք կը պահեն։ Այդ ընթացքին կ'օգտագործուի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սնունդ։
 
Հայոց հին տոմարին համաձայն՝ Նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, այսինքն 11 [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոս]]ին, որ չէր զուգադիպեր պահքին։ Հետագային՝ տոմարական նոր հաշուարկի ներմուծմամբ, Նոր տարին կը սկսին տօնել 31 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին, որ կը զուգադիպէրզուգադիպի քրիստոնէական մեծագոյն տօնի՝ Ս. Ծննդեան նախընթաց պահքին։ Պահեցողները պահոց շրջանէն դուրս կու գան 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուէրմատուցուի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ եւ կը տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Մարդիկ միմեանց կ'ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» ըսելով։
 
== Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ ==
Յատկանշական է, որ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը կը սկսի 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան, որովհետեւ եկեղեցական օրը կը փոխուի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք՝ ժամը 17:00-ին։ Ս. Ծնունդը կը սկսինք տօնել 5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան եւ 6 [[Յունուար]]ին։
5 [[Յունուար]]ի երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Հետաքրքրական է, որ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ տարին ընդամէնը երկու անգամ կը մատուցուի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն։ Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագ (մոմ) լուցանել, այսինքն՝ վառել։ Այդ օրը երեկոյեան մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած ճրագները իրենց հետ տուն կը տանին, որ կը խորհրդանշէ աստուածային լոյս, եկեղեցւոյ օրհնութիւն։
Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ բեթղեհեմեան աստղի լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] Մանուկը։
Տող 29.
[[Պատկեր:Early life of Christ in the Bowyer Bible print 16 of 21. temptation of Jesus by Satan. Rubens.png|մինի|աջից|Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութիւնը]]
 
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, մարդիկ հոգեւորականներկըհոգեւորականներ կը հրաւիրեն իրենց տուները կամ աշխատավայրերը՝ տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։ Տնօրհնէք կը կատարուի նաեւ, երբ տան մէջ խաղաղութիւնը կը խախտի կամ կը զգացուի գերբնական ուժերու ներկայութիւնը։
*7 [[Յունուար]]ին, ինչպէս եւ բոլոր տաղավար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է՝ Մեռելոցը։ 7 [[Յունուար]]ին՝ Ս. Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմները։
*Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ'աւարտին 13 [[Յունուար]]ին՝ Տիրոջ Անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] Մանուկի տաճար ընծայելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին։