«Սուրբ Ծնունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
(edited with ProveIt)
Տող 7.
== Պատմութիւն ==
[[Պատկեր:Garofalo - Adoration of the Sheperds - Google Art Project.jpg|մինի|ձախից|Հովիւներու այցելութիւն]]
[[Հայ Առաքելական Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|Հայ Առաքելական Եկեղեցի]]ն [[Յիսուս Քրիստոս]]ի Ս.Ծննեան տօնը կը նշէ 6 [[Յունուար]]ին։ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։ Կաթողիկէ եկեղեցին այդ տօնը կը նշէ 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին։ին<ref name="Ծնունդ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274774 | title=Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով}}</ref>։
 
Մինչեւ Դ. դար, բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը նշած են 6 [[Յունուար]]ին։ Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք, հռովմէացիները կը շարունակէին հեթանոսական տօներ նշել։ Բանն այն է, որ 25 ‎[[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին մեծ շուքով կը նշուէր արեւի պաշտամունքին նուիրուած տօնը։ Հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու համար, 336-ին Հռոմի եկեղեցին 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ը պաշտօնապէս կը հռչակէ [[Յիսուս Քրիստոս]]ի ծննդեան օրը։ Հետագային Ասորիքի եւ գրեթէ արեւելքի մէջ [[Յիսուս Քրիստոս|Քրիստոսի]] Ծննդեան տօնի օրը կը փոխադրուի 25 [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]]ին, իսկ 6 [[Յունուար]]ը կը մնայ որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օրը։
Տող 40.
* [[13 Յունուար|13 Յունուար]]ին՝ Տիրոջ Անուանակոչութեան օրն է։ Այդ օրը եւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագը։
* Ս. Ծննդեան տօնի կարեւոր արարողութիւններէն է Տնօրհնէքը։ Տարուան ընթացքին նուազագոյնը երկու անգամ կարեւոր է հոգեւորական մը հրաւիրել՝ Տնօրհնէքի<ref name="տօն">{{cite web | url=http://www.qahana.am/am/holidays | title=Տօներ}}</ref>։
 
== Ս. Ծնունդի Աւանդական Ուտելիքները ==
Տօնական սեղանին վրայ պարտադիր [[Ձուկեր (արեւմտահայերէն)|ձուկ]] պէտք է ըլլար` խաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած ու եփած:
 
Ս. Ծնունդի կերակուրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն ունէին նաեւ չոր միրգերով եւ [[Ընկոյզ|ընկուզեղէ]]նով պատրաստուած կերակուրները, [[Բրինձ (արեւմտահայերէն)|բրինձ]]ով եւ չամիչով եղինձը: Բրինձը կը խորհրդանշէր մարդկութիւնը, իսկ չամիչները` ընտրեալները` անոնք, զորս Աստուած ընտրեց իր գործը շարունակելու համար:
 
Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ [[Կաղամբ (արեւմտահայերէն)|կաղամբ]]ով պատրաստուած տոլմայով, չոր [[Բանջարեղէն|բանջարեղէն]]ներով պատրաստուած ապուրով, որ «մայրամաճաշ» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ այդ օրուան համար խնամուած եւ տօնին նախօրեակին մորթուած խոյի, [[Ոչխար (արեւմտհայերէն)|ոչխար]]ի կամ հորթի [[Միս (արեւմտահայերէն)|միս]]ով<ref>{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/330919 | title=Տօներ – Աւանդութիւններ. Սուրբ Ծնունդ}}</ref>:
 
Ծնունդի ուտելիքներէն ամէնէն տարածուածը «տարի» կոչուած քաղցր գաթան էր, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:
 
Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ն արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր: Իսկ [[Եւրոպա]]ցիք, յատկապէս [[Ֆրանսա|ֆրանսա]]ցիներն ու [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|իտալացի]]ները Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի սեղաններէն անպակաս կ՛ընեն տաք գինին<ref>{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/274253 | title=Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ}}</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==