«Սպանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 37.
 
Հումանիստ Անթոնիօ տը Նեպրիխան առաջադրեց մէկ այլ վարկած, ըստ որուն Հիսպանիա բառը ծագած է [[իպերերէն]] «հիսպալիս» բառէն, զոր կը նշանակէ «քաղաք արեւմտեան երկրին մէջ»:
 
=== Պատմութիւն ===
Այժմու Սպանիոյ ամենահին ճանչցուած ազգերը եղած են [[Կելտեր]]ը եւ [[իպերներ]]ը: Հռոմէական կայսրութեան կողմէ` [[Բիրենէյեան թերակղզի]]ի մեծ դժուարութեամբ գրաւումէն յետոյ անիկա դարձաւ կայսրութեան շրջան եւ անուանուեցաւ [[Հիսպանիա]]: Վաղ միջնադարուն անիկա կը գտնուէր [[գերմանական ցեղեր]]ու, յատկապէս վեստգոթերու հպատակութեան տակ, սակայն յետոյ զայն գրաւեցին [[իսլամ]]ները: Երկարատեւ եւ դժուար պայքարի արդիւնքին մէջ քրիստոնէական թագաւորութիւնը, որ կը գտնուէր թերակղզիի հիւսիսը, երկրէն դուրս մղեց իսլամները, որոնց վերջին մնացորդները քշուեցան [[1492]]-ին [[Կրանատա]]յէն, այդ ժամանակ [[Քրիստափոր Գոլումպոս]]ը յայտնաբերեց [[Ամերիկա]]ն: Թագաւորութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ դարձաւ [[Եւրոպա]]յի ամենահզօր թագաւորութիւնը 16-րդ դարուն եւ 17-րդ դարու սկզբներուն:
 
Շարունակական պատերազմները եւ այլ խնդիրները պատճառ դարձան թագաւորութեան տկարացման: 19-րդ դարու սիկզբին [[Ֆրանսա]]յի ներխուժում Սպանիա քաոսի մէջ դրաւ վերջինիս, անկախութեան համար մղուող պայքարը քայքայեց թագաւորութեան մեծ մասը եւ երկիրը դրաւ քաղաքականապէս անկայուն վիճակի մէջ: 20-րդ դարուն երկիրը տուժեց քաղաքացիական կործանարար պատերազմի պատճառով, եւ իշխանութեան եկաւ մենատիրական կառավարութիւնը, սակայն անիկա աւարտեցաւ տպաւորիչ տնտեսական աճով: Ժողովրդավարութիւնը վերականգնուեցաւ [[1978]] թուականին խորհրդարանական սահմանադրական իշխանութեան տեսքով: [[1986]] թուականին Սպանիան միացաւ Եւրոմիութեան, վերականգնեց մշակոյթը եւ ունեցաւ կայուն տնտեսական աճ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սպանիա» էջէն