«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 47.
== Կենսագրութիւն ==
Ստեփան Էքշեան ծնած է 1834-ին [[Բերա]], Հայ Կաթողիկէ ընտանիքի մէջ: Տասներկու տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]], ուր [[Մուրատեան Վարժարան|Մուրատեան վարժարանին]] մէջ կ՛ուսանի ութ տարի: Երբ տուն կը վերադառնայ, կը նուիրուի բեմին եւ հետզհետէ յաջողութիւններու կը հասնի:
 
Էքշեան կը մահանայ [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Կ.Պոլսոյ]] մէջ 1901-ին, 67 տարեկնին, երբ չորս զաւակներու հայր էր:
 
== Թատերական Գործունէութիւն ==
Տող 61 ⟶ 63՝
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ: Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր: Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
 
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, [[Իզմիր (արեւմտահայերէն)|Իզմիրէն]] [[Սարգիս Վանանդեցի|Սարգիս Վանանդեցիէն]] հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ [[Զմիւռնիա]]: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
 
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր կ՛ըլլայ, սակայն հետզհետէ դերասաններէն ոմանք դժուարութեամբ [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] կը վերադառնան եւ յաջողութիւնները կը նուազին: Զմիւռնիոյ մէջ Էքշեան խումբին կեդրոնական դէմքն էր, եւ կատարելապէս կը փայլի:
 
Պոլիս վերադարձին ան վերջնականապէս կը հրաժարի դերասանութենէն, սակայն անշուշտ միշտ կը հետաքրքրուէր թատերական կեանքով:
 
Բեմէն հեռանալէ ետք, ամէն անգամ որ իր դերակատարութիւնը խնդրած են՝ բարեսիրական ձեռնարկի մը համար, սիրահօժար իր մասնակցութիւնը բերած է:
 
Էքշեանի դերերը ընդհանրապէս մարդկային հոգիի չափազանցութեան ներկայացումն էր, եւ ինք շատ լաւ կը կատարէր այդ մէկը, զայն բնականի վերածելով: Ան կը յաջողէր սրտի փոթորիկներու, կիրքերու, անպարփակելի սիրոյ եւ վիշտի արտայայտութիւնները բնական տեսարաններով կատարել: Էքշեան դիւցազներգակ էր, եւ միակ թրքահայ դերասան էր, որ մինչեւ վերջ միեւնոյն սեռին մէջ մնացած էր: Իր ներկայացուցած գլխաւոր դէմքերէն են՝ Ռոպէրթ աւազակապետը, Արիստոդէմ, Անճէլօ Մալիբիէրի, Հայկ դուցազն, Վրադան Մամիկոնեան, Լեւոն Զ., Սանատրուկ, եւ այլն:
 
== Թարգմանական Գործունէութիւն ==
Էքշեան եղած է [[Թարգմանիչ (արեւմտահայերէն)|թարգմանիչ]]: Ան կը տիրաբետէր [[Թրքերէն|Թրքերէնին]], [[Ֆրանսերէն|Ֆրանսերէնին]], եւ [[Հայերէն|Հայերէնին]]: Անոր [[Լեզուագիտութիւն|լեզուագիտութեան]] մէկ փաստը կը տեսնուի իր լուսանկարին ետեւը, որ նուիրուած էր իր կնոջ՝ Թագուհիի (Խամսեան) հետեւեալ տողով.
«Սէվկիւլիւ Թագուզումա սուվընիր. Ստեփան Էքշեան»:
 
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր էր:
 
== Աղբիւրներ ==