«Վարդավառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ +{{անաղբյուր}}
No edit summary
Տող 12.
Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով,որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:
 
== Տօնակատարութիւն ==
== Տոնակատարութիւն ==
Ժողովրդական սովորութիւններ
Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը: Յիշենք այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններ:
ա) Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին. Յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով: Կը զետեղէին տախտակի վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով, երիտասարդ թէ տարէց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան:
 
բ) Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստնրով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, որպէս սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:
 
գ) Ուխտի կ'երթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին: Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկա կաթսաներով մատաղ կ'եփէին, կերուխում կ'ըլլար: Տղամարդիկ ձիամրցում կը կատարէին. Իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել: Կիներ ու աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մցումը կը կատարէին (օդօդուիլ, պարան ցատկել):
 
դ)Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսմացնելու նպատակով:
 
ե) Խաչ փունչեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցիին, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու:
 
զ) Ուրախութեան, խնդուքի պատկերներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով:
 
է) Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին:
 
Այժ վարդավառը կը նշուի [[Զատիկ]]էն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վարդավառ» էջէն