«Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ|Q183216}}
{{Արևելահայերեն|Վերլուծական փիլիսոփայություն}}
'''Վերլուծական փիլիսոփայութիւն'''. փիլիսոփայական հետազօտութիւններու ժամանակակից ուղղութիւն մը, որ փիլիսոփայութեան խնդիրը կը համարէ [[Լեզու (արեւմտահայերէն)|լեզուի]] վերլուծութիւնը, այսինքն`այսինքն՝ լեզուական արտայայտութիւններու իմաստի ճշգրիտ ըլլալը եւ լեզուական ձեւերու մէջ արտայայտուած մտածողութեան տրամաբանական կառուցուածքի հստակացումը: Վերլուծական փիլիսոփայութիւնը կը գտնէ, որ աւանդական [[Փիլիսոփայութիւն|փիլիսոփայութեան]] հարցերը, ճանաչողութեան ընթացքին ծագող իմացաբանական դժուարութիւնները եւ տրամաբանական հակասութիւնները (մասնաւորապէս տարաբանութիւնները (paradox)) լեզուի ոչ ճշգրտութեան եւ տրամաբանական կառուցուածքի անյստակութեան հետեւանք են: Գոյութիւն ունի վերլուծական փիլիսոփայութեան երկու տարատեսակութիւն:
 
== Երկու Տարատեսակութիւն ==
=== Տրամաբանական Վերլուծութիւն ===
Տրամաբանական վերլուծութեան փիլիսոփայութիւնը լեզուի վերլուծութեան համար էականօրէն կ'օգտագործէ ժամանակակից տրամաբանութեան միջոցները`միջոցները՝ տրամաբանական ճշգրտութեան տիպարին համապատասխանող իտէալական լեզուների կառուցումը, որոնց մէջ կ'ապահովէ մտքի լեզուական արտայայտութեան եւ անոր տրամաբանական կառուցուածքի համընկնումը այս ծրագրի համար իբրեւ նախատիպ կը ծառայէ թուաբանական կշռադատութիւններու ճշգրիտ ըլլալը տրամաբանական եղանակով ձեւականացուած լեզուներու կառուցման միջոցով: Այս ծրագիրը, որ մշակած էին Պ․ Ռասեչը եւ Լ․ Վիդկընշթայնը, որդեգրած են նէո-դրականութիւնը (Ռ․ Գառնըբ, Հ․ Ֆայկլըն) եւ նէո-ձեռներիցութիւն (Ու․ Քուայն, Ն․ Կուտմըն):
[[Պատկեր:A picture is worth a thousand words.jpg|մինի]]
 
=== Լեզուաբանական Վերլուծութիւն ===
Լեզուաբանական վերլուծութեան փիլիսոփայութիւնը (լեզուաբանական փիլիսոփայութիւն, սովորական լեզուի վերլուծութեան փիլիսոփայութիւն) կը մերժէ ձեւական տրամաբանական արհեստական լեզուներու համապատասխանութիւնը վերլուծութեան խնդիրներուն եւ ուշադրութիւնը կը փոխադրէ բնական լեզուներու վրայ, որովհետեւ անոնց մէջ կ'իրականանայ ճանաչողութիւնը, անոնց մէջ կ'ամրագրուին անոր արդիւնքները: Ուստի իմացաբանական-տրամաբանական հարցերու առաջացումը վերլուծական փիլիսոփայութեան այս տարատեսակութիւնը կը կապէ լեզուական մակարդակներու առանձնայատկութիւններու եւ լեզուներու իմաստաբանական տարբերութիւններու հետ: Լեզուական արտայայտութիւններու իմաստի ճշգրիտ ըլլալը նկատի կ'առնուին անոնց գործածութիւնները կենդանի խօսքով:
 
== Յաւելեալ ==