«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 9.
Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ:
 
Երիտասարդ ուժեր բնական բերունով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուեր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսում ու կրթութիւն տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները և այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ կաւարեալ հոսանքին: Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաև գաղտնի հեռաւոր մպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը: Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան(Ատենապետ) [[Գէորգ Զարդարեան]], [[Եղիա Տնտեսեան]], [[Յ.Գօլանճեան]] եւլն.:
 
[[Եղիա Տնտեսեան]] ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:
 
Իր նամակներէն մէկ քանիները որոնք իր զաւակւ Պրն.Լեւոն Տնտեսեան՝ ազնուութիւնը ունեցաւ մեր տրամադրութեան տակ դնելու, նոյնութեամբ կը հրատարակենք հոս: Այդ գրութիւնները կը նկարագրեն այդ կողմերու վիճակը նոյն թուականներուն: