«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պէտքը չիկա այս մանրամասնութեանղ Ջնջել
Տող 13.
 
Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:
 
Իր նամակներէն մէկ քանիները որոնք իր զաւակը Պրն. Լեւոն Տնտեսեան՝ ազնուութիւնը ունեցաւ մեր տրամադրութեան տակ դնելու, նոյնութեամբ կը հրատարակենք հոս: Այդ գրութիւնները կը նկարագրեն այդ կողմերու վիճակը նոյն թուականներուն:
 
[[1862]] [[Յուլիս 9]].Իզմիր
 
Առ Արգոյ Յովհաննէս աղա Գօլանճեան,
Իմ սիրելի ընտանիք, և ազնիւ եղբարք ու բարեկամք:
Այս առագին անգանմ է որ նամակով պիտի տեսնըվինք մեր բացակայութեան առթիւ, գիտէնք, թէ որչափ ծանր է ասի իմ սրտիս. վասնզի բացակայութեան ատեն ինչպէս որ աւելի քաղցր է ինձ ձեր ազնիւ յիշատակը, հաւաստի եմ որ ձեզի ալ այնպէն է. ուստի այն նամակաւս պատիւ ունիմ ծանուցանելու ձեզ թէ կիրակի առաւօտ, Կէլի-Պօլու, Չանագգալէ և երեկոյին Միտիլլի կղզին հանդիպելով, երկուշաբթի առաւօտ ժամը ինն ու կէսին Զմիւռնիա հասանք, ամենայն ապահովութեամբ և հանգստութեամբ: Սիրելի եղբայր թէև մեղի համար ձեր աշխատութիւնը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր աշխատությունը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր ազնիւ սրտին, կը համարձակիմ կրկին ձանձրութիւն տալ ձեզ.վասնզի Սեր օրագրին բաժանորդագին 50 ղրուշ հատուցած ըլլալովս, մնացած 70 ղրուշն ալ յարմար առթիւ մը հատուցանել բարեհաճիք ու մնացած թիւերն ալ դուք ընդունիք.ասոր թիւերէն ձեր քովը եղածները(կարծեմ մենք չենք առած զանոնք) կարգով քննեցէք և թէ որ պակաս կայ, ուղելով այնպէս հատուցէք ստակը, և այն 70 ղրուշն ալ մեր հաշուին անցուցէք:
 
Առ այժմ աւելի գրելու ժամանակ չունենալով կը յուսամ որ կը ներեն իմ սիրելի եղբայրներս. ուստի մասնաւորապէս բարևելով իմ սիրելի ընտանիքս և համայն հաւատարիմ բարեկամներս ու ծանօթներս, և ձեր Ամենայն բարօրութիւնս լսելու ակն ունենալով մնամ...
 
Ե.Մ.Տ.
1862 Յուլիս 14.Տարսոն
 
[[Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով]]