«Տողան Աքհանլը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Տողան Ախանլը''' ({{Լեզու tr|Doğan Akhanlı}}, ծն. 1957 Շաւշաթ, [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիա]...»:
 
No edit summary
Տող 2.
== Կենսագրութիւն ==
1990-ականներէն կը բնակուի Քեոլն, [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|Գերմանիա]]: Գրական գործունէութիւնը հիմնականին մէջ նուիրուած է 20<sup>րդ</sup> դարու ցեղասպանութիւններուն՝ հայերու եւ հրեաներու:
Ծնած է Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան Արտվինի նահանգի Շաւշաթ փոքրիկ գիւղը: 12 տարեկանին աւագ եղբօր հետ կ'անցնի Իսթանպուլ եւ հոն կը շարունակէ ուսումը: Ձախ հայեացքներու համար կարճ ժամկէտով մը կը ձերբակալուի 1975-ին: 1985-էն 1987-ը կալանաւորուած է քաղաքական դրդապատճառներով: 1991-ին կը տեղափոխուի Գերմանիա եւ կը խնդրէ ապաստարան: 1998-ին Թուրքիոյ պաշտօնեաները կը զրկեն անոր քաղաքացութենէ: Երեք տարիէ ետք ան կը ստանայ գերմանական քաղաքացութիւն:
<br>
Ախանլըն Քեոլնին մէջ հիմնադրած է [[Ռաֆայէլ Լեմքին]] գրադարանը, որ կոչուած է մարդու մը անունով, ով առաջինը հայերու դէմ ակատարուած ոճրագործութիւնը բնութագրած է որպէս ցեղասպանութիւն:
<br>
2010-ի Օգոստոս 10-ին Տողան Ախանլը ձերբակալուած է Թուրքիա ժամանելուն ատենը: 2017-ի Օգոստոս 19-ին Կրանատային մէջ ձերբակալուած է Սպանիոյ ոստիկանութեան կողմէ Թուրքիոյ պաշտօնեաներու պահանջով: