«Արշիլ Կորքի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 42.
 
== Ստեղծագործութիւններ ==
Կորքին 1922-ին կ'արձանագրուի Պոսդոնի Նիւ Սքուլ օֆ Տիզայն (անգ. New School of Design) համալսարանը: Հետեւաբար հոն կիսաժամ ուսուցչութեան կը սկսի: 1920ներու ընթացքին մէծամասնութեամբ յետ-տպաւորապաշտական գործեր առաջ կը բերէ բայց միաժամանակ տպաւորապաշտութենէն աստուած է: Այս ընթացքին Նիւ Եորք կը բնակի՛ ուր Փոլ Սէզանէն (անգ. Paul Cézanne) կ'ազդուի: 1925-ին Էտմընտ Կրիսըն՛ (անգ. Edmund Greacen) Grand Central Art Galleries-ի տնօրէնը, իրեն կ'առաջարկէ Grand Central School of Art-ը ուսուցչութիւն ընել: Կորքին այս առաջարկումը կ'ընդունի եւ մինչեւ 1931 հոն կը մնայ: 1927-ին, Կորքին Էթըլ Քրեյմըր Շուապակըրի (անգ. Ethel Kremer Schwabacher) հետ կը ծանօթանայ ու անբաժան ընկերներ կը դառնան: Շուապակըրը կ'ըլլայ իր առաջին կենսագիրը: Կորքին կ'ըսէ.«Հոգեկան սնունդը արուեստագետի սերմն է: Երեւակայութիւնը արուեստագետին վրձինի մազերն է: Ինչպէս որ աչքը ուղեղի զգայարանն է, արուեստն ալ իմ ամենաներքին ըմբռնումովս՛ իմ աշխարհահայեացքովս հաղորդելու միջոցս է:»:
 
1931-ին, Կորքին, որոշ գործերուն մէկ շարքը Նիւ Եորքի Downtown Gallery-ին կը ղրկէ՛ որոնք100 տոլարէ 450 տոլար կ'արժեն: (Պատկերասրահի արձանագրութիւնները արուեստագետին անունը «Archele Gorki» ձեւով հեգուած է՛ որ վերչաւորութեան y տառը i տառին հետ բոխուած է: Կորքիին այս միջոցին առաջ բերած գործերուն մէծամաստութիւնը ստորագրուած չէն:) Այս պատկերասրահին հետ իր յարաբերութիւնը յայտնի չէ: Տիկին Ճոն Տ. Ռաքըֆելլըր (անգ. John D. Rockefeller)՛ որ իրական անունը Էպպի Օլտրիջ Ռաքըֆելլըր (անգ. Abby Aldrich Rockefeller) է, պատկերասրահէն Պտուղ (անգ. Fruit) անունով Սէզանայի կերպով անկենդան բնութեան նկարչութիւն մը կը վճարէ: Հաւանաբար Կորքին պատկերասրահի տնօրէնին ծանօթացնողը Սթիւըրթ Տէյվիսն (անգ. Stuart Davis) է՛ որուն երկերը կանոնաւորապէս կը ցուցադրուէին:
 
1933-ին, Արշիլ Կորքին Works Progress Administration Federal Art Project-ը աշխատող առաջին արուեստագետներէն մէկը եղաւ: Նաև Ալիս Նիըլ (անգ. Alice Neel), Լի Քրեսնըր (անգ. Lee Krasner), Ճեքսըն Բօլլօք (անգ. Jackson Pollock), Տիէկօ Ռիվէռա (անգ. Diego Rivera), Մարք Րօթքօ և այլն ալ այս ծրագիրը աշխատողներէն էն:
 
«Nighttime», «Enigma», «Nostalgia» ([[1930]]-[[1934]]) գործերու բարդ շարքն է որ կը յատկանշէ այդ ժամանակաշրջանն իր գործին եւ ոճին հոլովութեան մէջ։ Portrait of Master Bill կտաւը կը նկարագրէ Կորքիին նկարիչ ընկերն՝ [[Ուիլլեմ տը Քունինկ|Ուիլլեմ տը Քունինկը]]։ [[Ուիլլեմ տը Քունինկ|Տը Քունինկը]] ըսաւ «Ահագին արուեստագէտներու հանդիպած եմ, բայց հետոյ հանդիպեցայ Կորքիին... Իր մեծ ձիրքն այն է՝ որ միշտ նպատակակետին կը հասնի. տպաւորի՛չ։ Ուրեմն անմիջապէս իրմով հետաքրքրուեցայ եւ մտերիմ ընկերներ դարձանք։ Հաճելի եր նոր տեղ մը հանդիպող երկու օտարներ ըլլալ։» Սակայն նոր պատահած հրատարակումներ կը հաստատեն թէ նկարը [[Ուիլլեմ տը Քունինկ|տը Քունինկը]] չի նկարագրեր, բայց իրականութեամբ՝ շուետական ատաղձագործի մը դիմանկարն է։ Կորքին իրեն կը կոչեր Մասթըր Պիլ (անգ. Master Bill) ու իրեն գեղարուեստի դաս տուած էր իր աշխատանքին փոխարէն։