«Հայ իրականութիւնը 1880-1890-ական տարիներուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 15.
Աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող՝ արեւելսւհայութիւնը նոյնպէս ենթակայ կը դառնայ ճնշումներու։ Ասոնք մաս կը կազմեն ոուսացման քաղաքականութեան, եւ կը ձգտին խափանելու արեւմտահայութեան ցոյց տրուած օգնութիւնն ու ագգային գիտակցութեան տարածումը՝ ընդհանրապէս։ Ուժերու այս հակադրումը իր գագաթնակէտին կը հասնի աւելի ետք, եկեղեցական կալուածներու գրաւման պայգարով եւ պետական մղումով՝ բռնկած հայ-[[Թաթարներ|թաթար]]ական կռիւներով, յաջորղաբար [[1903]]–ին եւ [[1905]]–ին։
 
== Մշակութային Շարժումը՝ Ճնշուած, Բայց Յանձնառու ==
 
Թէեւ Թուրքիոյ մէջ [[Ազգային Սահմանադրութիւն]]ը եւ ամէն տեսակի ժողովներ կ'արգիլուին,- բայց յառաջադէմ գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ կը յաջողին նոր ուժ ու նկարագիր հաղորդել արեւմտահայ լեզուին եւ գրականութեան, խմբուած՝ թերթերու շուրջ («[[Արեւելք]]», ապա՝ «[[Մասիս]]» եւ «[[Հայրենիք]]»): Շեշտելով լեզուի ու գրականութեան ժողովրդական հանրօգուտ դերը, անոնք զուգահեռ կ'ընթանան յեղափոխական կուսակցութիւններու գործին, որ փոխարինած էր [[Զարթօնք]]ի ազգասիրական քարոզչութիւնը:
[[1890]] էն ետք, վարչակարգի խստացումով եւ գրաքննութեան ճնշումով, Պոլսոյ հայութեան կեանքը աւելի կը տժգունի. գիրք տպելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ. թատրոնները կը փակուին: [[1895-9]]6ի կոտորածները եւ հետեւող սարսափը կ'արգիլեն ամէն շարժում, տեղ ձգելով միայն անձնական, «նեղ» գրականութեան կամ այլաբանական էջերու:
Մեծ թիւ մը գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ Պոլիսէն կ'անցնին արտասահման, Եւրոպական երկիրներէ մինչեւ [[Եգիպտոս]]: Ծանր պայմաններով՝ [[Լոնտոն]], [[Փարիզ]], [[Գահիրէ]], [[Պալքաններ]]՝ անոնք կը հրատարակեն գրական-քաղաքական թերթեր (Արփիարեան՝ «Նոր Կեանք», Չոպանեան՝ «Անահիտ»):
Արեւելահայութեան մօտ ընկերա-մշակութային պայմանները տարբեր են: Ցարական ճնշումները ազգային-քաղաքական գետնի վրայ՝ չեն արգիլեր հայութեան բարգաւաճումը եւ նոր սերունդի զարգացումը, մանաւանդ Պաքուի եւ Թիֆլիսի պէս կեդրոններու մէջ:
Դրամատէր-քածքենի խաւը եւ համալսարանական երիտասարդութիւնը տեղ-տեղ կ'այլասերին, բայց զգալի մաս մըն ալ, պահելով ազգային գիտակցութիւնը եւ տէր կանգնելով մշակոյթին, զանոնք կ'օժտէ նոր յենարաններով ու մտաւորական նոր որակով:
 
== Լեզուի Եւ Գրականութեան Նոր Որակ. Ժողովրդական, Բայց Բիւրեղացած ==
 
«Արեւելք»ով, «Մասիս»ով, ու աւելի ետք՝ «Հայրենիք»ով դրսեւորուող Պոլսոյ գրական շարժումը կը ցուցաբերէ մի քանի նոր գիծեր.
* Գրականութիւնը ժողովրդական է՝ իր նիւթերով, ոճով եւ հակումներով:
* կը ձգտի նոր որակի մը ստեղծումին՝ մտաւորական մակարդակի եւ գաղափարական կեցուածքի զոյգ տեսակէտներէ.
* Կը պայքարի մամուլի ճամբով ու գաղափարական զէնքերով
 
Այս ձգտումները կը թելադրուի մեր կեանքի նոր պայմաններէն, անոնք նաեւ քայլ կը պահեն Եւրոպայի մէջ այդ պահուն տիրող գրական իրապաշտութեան հետ:
Ասկէ կու գայ [[1180-90]]ականներու սերունդին մօտ յաճախակի հակումը՝ մշակելու արձակ սեռի տեսակներ-վէպ, պատմուածք քրոնիկ. գործեր, որոնց մէջ արեւմտահայ աշխարհաբար լեզուն պիտի հասնի բիւրեղացումի: Այս հոլովոյթին մէջ դեր ունին նաեւ թարգմանական աշխատանքներ, կատարուած՝ [[Եւրոպական]] գրականուլիւններէ-[[ֆրանսերէն]], [[անգլերէն]] եւն.
Արեւելահայ թեւին մօտ դրական դեր պիտի շարունակէ խաղալ «Մշակ»ը՝ տակաւին տասնամեակի մը համար: Անոր կողքին, կ'երեւին նոր թերթեր, յատկապէս պարբերականներ, որոնց կարգին՝ լուրջ բովանդակութեամբ «Մուրճ» ամսագիրը:
Թատրոնը կը ծաղկի՝ այլեւս մանաւանդ [[Թիֆլիս]] եւ [[Պաքու]] (ո՛չ [[Պոլիս]]՝ ծանօթ պայմաններու բերումով):
Գրականութիւնը հոս եւս կը զտուի քարոզչական ձգտումներէ եւ կը բիւրաղանայ: Անիկա իբր հիմնական առաջադրանք կը պահէ մարդկային իրականութեան եւ ընկերային հակասութիւններու ցուցադրում-վերլուծումը՝ պատմողական ու թատեգրական երկերու մէջ՝ հաւասարապէս: Թարգմանութիւնները հոս եւս իրենց դերը ունին՝ լեզուի ե՛ւ գրական ճաշակի մշակման մէջ:
Գրական մարզը իր կարգին կ'արտայայտէ հայութեան զոյգ թեւերու մերձեցումը: Շնորհիւ որոշ գրագէտներու եւ թերթերու նախաձեռնութիւններուն, փոխադարձ ճանաչումը կը խորանայ աստիճան մը աւելի:
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, Երկրորդական Բաժին, Ա. տարի, Բ տպագրութիւն, 2005, էջ 78-79:
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական կեանք]]